Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մեծ շուքով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի 20-ամեակը
20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ նուիրուած Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Օրէնք 26.199-ի ընդունման աշխատանքներուն նպաստած անձնաւորութիւններուն։
Օրէնքը՛ որ 24 Ապրիլը հրչակեց «Ժողովուրդներու միջև հանդուրժողականութեան և յարգանքի գործողութիւններու օր»՝ ի հիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»ը, 13 Դեկտեմբեր 2006-ին ընդունուած և 11 Յունուար 2007-ին Նեստոր Քիրշների նախագահութեան օրով ուժի մեջ մտած էր:
Միջոցառումը համախմբեց տարբեր քաղաքական ուժերու ղեկավարներ, հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, դատական ոլորտի ներկայացուցիչներ, գործարար ու լրագրողներ եւ զուգորդեց երկու տասնամեակ առաջ ձեռք բերուած ճանաչման ոգեկոչումը՛ արդարութեան ներկայ պահանջներուն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեանը եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին հետ։
Ձեռնարկի ընթացքին գնահատանքի արժանացան Ռաֆայէլ Պիելսա, Ֆետերիքօ Սթորանի, Գարլոս Ռայմունտի եւ Ֆետերիքօ Փինետօ՝ օրէնքին խորհրդարանական առաջմղման աշխատանքներուն իրենց կարեւոր մասնակցութեանը համար։ Նաեւ յետմահու գնահատանքի արժանացաւ Հերմէս Պիննէրը, որուն փոխարէն պարգեւը ստացաւ Մոնիքա Ֆէյնը։ Մեծարուեցաւ նաեւ Խորխէ Թայանան, ով օրէնքի ընդունման ժամանակ կը պաշտօնավարէր իբրեւ արտաքին գործոց նախարար։
Հանդիսութիւնը վարեց Սոֆիա Ռաուն։ Տարուած գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզի ցուցադրութենէն վերջ ելոյթ ունեցան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի տնօրէն Արամ Մուրատեան, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Համահայկական Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ INADI-ի նախկին ղեկավար եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախկին տնօրէն Փետրօ Մուրատեանը։
Գնահատանքի յուշանուէրները յանձնուելէ վերջ խօսք առաւ Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Թապագեանը, ինչպէս նաեւ մեծարեալները:
Արամ Մուրատեան – «Այս օրէնքը այսօր շատ աւելի արժէքաւոր է, քան 20 տարի առաջ»
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը ուներ կեդրոնական նպատակ մը, որը ոչ միայն զոհերու համար արդարադատութիւն էր, այլև չի կրկնուելու երաշխիք: Չի կրկնուելու երաշխիքը, ինչպես «Այլևս երբեք» շարժումը Արժանթինի մէջ, կամ Նիւրնպերկեան դատավարութիւններէն յետոյ, նպատակ ուներ խուսափիլ և կանխել նոր կոտորածները», բացատրեց Մուրատեան: «Երբ կոտորածներու և ցեղասպանութիւններու մեղաւորները կը շարունակեն անպատիժ մնալ, այդ կոտորածներու և ցեղասպանութիւններու կրկնութեան հաւանականութիւնը միշտ առկայ է։ Եւ այնքան առկայ էր, որ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին կրկին տեսանք, թէ ինչպէս է բոլոր հայկական տարածաշրջան մը, Արցախի Հանրապետութիւնը ցեղասպանական շրջափակման երթարկուեցաւ, բռնագրաւոէեցաւ եւ բնակչութենէն պարպուեցաւ»:
Մարիօ Նալպատեան – «Այսօր ձեր ձայները անհրաժեշտ են աւելի քան երբեք»
«Մեզի համար այսօր ցնծութեան օր մըն է, երախտագիտութեան օր մըն է», ըսաւ Մարիօ Նալպանտեան, որ առաջարկեց «քաղաքացիական, աշխարհիկ ուխտի նորոգում մը՝ յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար ուխտի նորոգում մը»։
2005-2006 թուականներուն անգամ մը եւս հասունցաւ այս երկրին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնք մը տալու անհրաժեշտութիւնը։ Մենք սկսանք կապեր հաստատել, անխոնջ աշխատանքներ կատարել, սակայն ո՛չ թէ որովհետեւ մեզ չէին լսեր, այլ՝ ընդհակառակը, որովհետեւ բոլորը կ՚ուզէին մաս կազմել այդ ծրագիրին, որուն նախաձեռնողն էր Ռաֆայէլ Պիելսան, իրեն կողքին էին Ֆետերիքօ Սթորանին, Ֆետերիքօ Փինետոն, Գարլոս Ռայմունտին եւ Հերմէս Պինները: Մենք տարբերուեցանք Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումներէն», հաստատեց: Իսկ անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն՝ Նալպանտեան նշեց թէ՛ «բանակցային այդ սեղանը» կը նկատէ «զիջումներու սեղան»:.
«Պատմութիւնը մեզ ցոյց կու տայ, թէ այն ոճիրը, որ չի դատապարտուիր, կը կրկնուի։ Եւ կայ ոճիր մը, որ անպատիժ մնացած է։ Այդ ոճիրը հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրն է, որ այսօր ալ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով», զգուշացուց ան։ «Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը ժխտողականութիւն մըն է, որ յատուկ բարդութեան եւ նրբութեան շատ բարձր մակարդակի մը հասած է», աւելցուց Նալպանտեան։
«Ազրպէյճան կը գործէ աւելի կոպիտ միջոցներով, սակայն իր շահերուն համար նոյնքան արդիւնաւէտ ձեւերով։ Ան կը գործէ այսպէս կոչուած «խաւիարի դիւանագիտութեան» կամ «Ազրպէյճանի լուացքատան» միջոցով», նշեց՝ դատապարտելով «դրամով կամքեր գնելու այն համակարգերը, որոնք շարունակաբար կը գործեն մեր երկրին մէջ»։
Փետրօ Մուրատեան. «Այս օրէնքը Արժանթինի իւրաքանչիւր քաղաքացիին օրէնքն է»
«Ընդունեցէ՛ք մեր ազնիւ, անկեղծ ու խորին շնորհակալութիւնը, որ կը յայտնենք ո՛չ միայն անոնց անունով, որոնք այսօր հոս ենք՝ ներկայացնելով Խորհուրդը, համայնքը եւ անոր զանազան կառոյցները, այլ նաեւ բոլոր այն զոհերուն անունով, որոնք այլեւս չեն կրնար իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել՝ բոլոր հայ եւ ոչ հայ զոհերուն», յայտարարեց ան։ Յիշեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք «մինչեւ այսօր կը շարունակեն վերապրիլ տեղահանութիւններու եւ բռնի աքսորներու նոյն ուղիները՝ Արցախէն դէպի Հայաստան»։
Յակոբ Թապագեան. «Չի պիտի թոյլատրենք, որ ժխտողականութիւնը անգամ մը եւս ոտնակոխ ընէ հայ ժողովուրդին»
«Որպէս արժանթինցիներ եւ հայերու ժառանգորդներ՝ Արժանթինի հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պիտի մնայ յաւերժ։ Սակայն, նոյն այն շեշտադրումով, որով կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը, պիտի գծենք նաեւ մեր կարմիր գիծերը։ Այդ կարմիր գիծերը կը վերաբերին ժխտողականութեան», հաստատեց ան։
«Պիտի շարունակենք պայքարիլ Արցախի տեղահանուածներուն համար։ Պիտի պահանջենք բանտարկեալներուն ազատ արձակումը։ Պիտի պահանջենք, որ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքները յարգուին»։ «Պիտի քալենք նաեւ բոլոր այն ժողովուրդներուն կողքին, որոնք կը տառապին այնպիսի բանէ մը, որուն անունը մենք լաւ գիտենք՝ ցեղասպանութիւն», ըսաւ ան: «Երբեմն կը թուի, թէ ժխտողականութիւնը անցեալին վերաբերող հարց մըն է, սակայն իրականութեան մէջ ան գործիք մըն է, որպէսզի ցեղասպանութիւնները կարենան գործել եւ այսօր ալ իրականանալ», զգուշացուց Թապագեան։
