Նոր Սահմանադրութիւն՝ զիջումներու տրամաբանութեամբ
27 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը գործող մայր օրէնքի վերամշակման եւ սահմանադրական դրոյթներու արդիականացման սահմաններէն անդին անցնելով, հայ քաղաքական կեանքէն ներս կը ներկայանայ որպէս պետականութեան գաղափարական հիմերու վերանայման յստակ փորձ մը, որուն ազգային եւ քաղաքական հետեւանքները շատ աւելի ծանրակշիռ կը թուին ըլլալ, քան նոյնինքն սահմանադրական շարք մը յօդուածներու փոփոխութիւնը։
Խնդրոյ առարկան, ըստ էութեան, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման սկզբունքներուն եւ անոնցմով ամրագրուած ազգային յանձնառութիւններուն վերաբերեալ իշխանութեան ծանօթ մօտեցումն է։ Նախագիծին ամէնէն նշանակալից եւ մտահոգիչ փոփոխութիւնը Անկախութեան հռչակագիրին յղումին բացակայութիւնն է։ 1990-ի Հռչակագիրը հը հանդիսանայ ժամանակակից հայկական պետականութեան հիմնադիր քաղաքական վաւերագիրը, որուն մէջ խտացած են ազգային ինքնորոշման կամքը, պատմական իրաւունքներու գիտակցութիւնը եւ բովանդակ հայ ժողովուրդի համախմբումը համազգային նպատակներուն շուրջ։ Հիմա, յղումին բացակայութիւնը Սահմանադրութեան նախաբանէն կը նշանակէ վերասահմանել անկախ Հայաստանի ստեղծման քաղաքական յանձնառութիւնները՝ զանոնք մղելով երկրորդական դիրքի, իսկ պետականութեան ընմբռնումը սահմանափակել ներկայ քաղաքական իշխանութեան ընկալումներու նեղ շրջագիծին մէջ։
Առաջարկուած փոփոխութեան քաղաքական ենթահողը յստակօրէն կ՚առնչուի Պաքուի հետեւողական պահանջներուն հետ։
Ատրպէյճան Սահմանադրութեան վերանայումը կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախապայման, իսկ Երեւանի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը՝ ընդառաջելու այդ պահանջին, կը բացայայտէ բանակցային ակնյայտ անհաւասարակշռութիւն մը։ Ի՞նչ փոխադարձ յանձնառութիւն պիտի ստանձնէ Պաքուն՝ Հայաստանին կողմէ նման հիմնարար փոփոխութեան դիմաց։ Հայկական գերիշխան տարածքներու բռնագրաւման հարցը, Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւնները, Արցախի ռազմաքաղաքական գերիներու վերադարձը, Արցախի ժողովուրդի անխոչընդոտ վերադարձը իր բնօրրանը կը շարունակեն մնալ չլուծուած հիմնախնդիրներ։ Իսկ, այս պայմաններուն մէջ, սահմանադրական որեւէ զիջում խաղաղութեան գործընթացի որպէս փոխադարձ քայլ ներկայացնելը կը քօղարկէ իշխանական կողմի որդեգրած զիջումներու իրական քաղաքական գինը։
Պետական ինքնութեան նոյնքան կարեւոր բաղադրիչներուն վերաբերեալ նախագիծին մօտեցումը նոյն մտահոգութիւնը կը յառաջացնէ։ Զինանշանը, դրօշը եւ օրհներգը պետականութեան հաստատման, ազգային հիմնաշէնքի ու ինքնիշխանութեան անվիճելի արտայայտութիւններն են, հետեւաբար, անոնց սահմանադրական ամրագրումը պետական շարունակականութեան երաշխիքներէն մէկը կը հանդիսանայ։
Սակայն, նոր նախագիծի մէջ պետական զինանշանի սահմանադրական նկարագրութեան վերացումը, ինչպէս նաեւ խորհրդանիշերու կարգաւորումը օրէնսդրական մակարդակին փոխադրելով, հիմնովին կը նուազեցնէ անոնց իրաւական եւ գաղափարական կշիռը։ Նախագիծի մնացեալ դրոյթները եւս կը պահանջեն հանգամանալի քննարկում։
Առաջարկուած փոփոխութիւնները կը վերաբերին քաղաքացիական իրաւունքներու, իրաւական ապահովութեան եւ պետութեան իշխանութեան սահմաններուն։ Անոնց համադրուած ազդեցութիւնը պէտք է գնահատել բացի իրաւական, նաեւ քաղաքական հետեւանքներու տեսանկիւնէն։
Մինչեւ այսօր գործող Սահմանադրութեամբ, պետականութեան շարունակականութիւնը խարսխուած է պատմական յիշողութեան, ազգային ինքնութեան եւ անկախութեան հիմնադիր սկզբունքներու անխաթար պահպանման վրայ։
Այժմ, մինչ իշխանական կողմը Սահմանադրութեան վերանայումը կը ներկայացնէ իբրեւ պետականութեան յարատեւութեան միջոց, այսուհանդերձ, Հայաստանին առջեւ դրուած է քաղաքական ընտրութիւն մը, որուն հետեւանքները պիտի տարածուին ներկայ իշխանութեան պաշտօնավարման սահմաններէն անդին՝ դառնալով ապագայ սերունդներուն ժառանգուելիք պետականութեան բնոյթը պայմանաւորող որոշում։
Այս հանգրուանին վճռորոշ նշանակութիւն կը ստանայ ժողովրդային կամքի գիտակից եւ յանձնառու արտայայտութիւնը։ Հանրաքուէն պէտք է վերածուի ազգային սկզբունքներու պաշտպանութեան քաղաքական յստակ վճիռի, որով ժողովուրդը իր անհերքելի խօսքը պէտք է ըսէ անկախութեան հիմնադիր արժէքներու նահանջին ու սահմանադրական զիջումներու քաղաքականութեան դէմ։
Խաղաղութեան ամրագրումը ու անոր կողքին տարածաշրջանային յարաբերութիւններու վերադասաւորումը իրենց արդարացումը կրնան գտնել միայն այն ատեն, երբ կը ծառայեն Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան ամրապնդման։ Ժողովուրդին գիտակից մերժումը պարտադրուած նահանջին դէմ, հարկ է դառնայ ազգային յանձնառութեան եւ ամբողջ ազգին ու պետութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վճռական արտայայտութիւն։
«Ազատ Օր»
