ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ 136-Ամեակը

28 Նոյեմբեր 2026

Պալապանեան. «Լիբանանահայութիւնը Ծանօթ Է Պահանջատիրական Աշխատանքներուն Առաջին Գիծերը Գրաւած Ըլլալու Հանգամանքով, Այդպէս Ալ Պիտի Մնայ»

Ռուստամեան. «Մեր Կռիւը Ո՛չ Իշխանութեան Համար Է, Ոչ Էլ Մէկը Միւսի Դէմ. Մեր Կռիւը Հայկական Ինքնութիւնը Պահելու Եւ Մեր Ժառանգած Արժէքները Պաշտպանելու Համար Է»

«Վեր կաց ժողովուրդ» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի «Աւա Վենիու» սրահին մէջ նշեց կուսակցութեան 136-ամեայ երթը, անդրադարձաւ անոր ունեցած ձեռքբերումներուն, ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն` Արմէն Ռուստամեանի եւ Ալպեր Պալապանեանի խօսքերուն մէջ վերահաստատուեցաւ Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը` տէր կանգնելու հայրենիքին, հայութեան, Արցախին, եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայութեան:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ապա, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայ ազգային ազատագրական պայքարի նահատակներուն յիշատակը:

Ցուցադրուեցաւ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որ ամփոփեց կուսակցութեան հիմնադիրներուն պատգամը, ինչպէս նաեւ գաղափարաբանութեան եւ զինանշանին ձգած ժառանգութիւնը 136-ամեայ ազատագրական պայքարին մէջ: Տեսանիւթը ընդգրկեց նաեւ երիտասարդութիւնը պայքարի դաշտ մղելու մաս մը: Աւարտին` օրուան խորագիրով` «Վեր կաց ժողովուրդ» խօսքի ընդմէջէն կոչ ուղղուեցաւ բազմութեան` համախմբուելու Դաշնակցութեան կարմիր դրօշին տակ, յանուն ազատագրական պայքարի:

Ապա դաշնակցական երիտասարդութեան խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ Նանար Հաւաթեան: Ան դիտել տուաւ, որ երբ կը խօսինք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136 տարիներուն մասին, պարզապէս թիւ մը չենք յիշեր, այլ` կը յիշենք սերունդներ, որոնք ապրեցան, պայքարեցան, զոհուեցան եւ իրենց կեանքը նուիրեցին մեր ժողովուրդի ազատութեան ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան` աւելցնելով, որ հայ երիտասարդը եւ յատկապէս Լիբանանի դաշնակցական երիտասարդութիւնը, միշտ ալ յառաջատար դեր ունեցած է Հայ դատի հետապնդման բոլոր ճակատներուն եւ արցախեան գոյամարտին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին` պաշտպանելով մեր ժողովուրդը եւ ապահովելով անոր անվտանգութիւնը:

Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ընթացքին ապրած է ճգնաժամային պահեր, բայց միշ՛տ ալ նոր սերունդ մը ոտքի ելած է եւ շարունակած երթը:

Ապա ան անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան` տնտեսական տագնապ, քաղաքական անորոշութիւն, ապահովական մտահոգութիւններ եւ պատերազմներու հետեւանքներ, որոնք խոր հետքեր ձգած են մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդներուն վրայ` աւելցնելով, որ ներկայիս բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց ապագան կը պատկերացնեն Լիբանանէն դուրս, սակայն ոմանք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կառչած կը մնան Լիբանանին եւ կը շարունակեն իրենց երթը մեր հաւաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ դաշնակցական ըլլալը նաեւ պայքար է:

«Լիբանանի հայ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը չի սահմանափակուիր միայն մեր ազգային կառոյցներուն մէջ իր ներկայութեամբ: Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի հասարակական, մշակութային եւ քաղաքացիական կեանքին», շեշտեց Ն. Հաւաթեան` նկատել տալով, որ դաշնակցական ըլլալ չի նշանակեր միայն անցեալի յիշատակները պահպանել, այլ նաեւ` պայքարիլ ներկան դիմագրաւելու, ապագան կերտելու, գիտակից ըլլալու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն, վառ պահելու Արցախի ջահը մեր ժողովուրդի սրտերուն ու մտքերուն մէջ, պաշտպանելու արցախահայութեան իրաւունքները, շարունակելու Հայ դատի հետապնդումը եւ պահպանելու մեր լեզուն, մշակոյթն ու ազգային ինքնութիւնը` ամրապնդելով հայրենիք-սփիւռք կապը:

Նանար Հաւաթեան ըսաւ, որ կուսակցութիւն մը իր 136 տարիներով չ՛արժեւորուիր միայն, այլ նաեւ ան կը գոյատեւէ՛, երբ ունի երիտասարդութիւն մը, որ կը հաւատայ ապագային եւ պատասխանատու է գալիք սերունդներուն նկատմամբ, երբ ունի երիտասարդութիւն մը, որ անցեալի ժառանգութիւնը կը վերածէ ներկայի գործի եւ ապագայի տեսլականի: Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` կենդանի պահելու մեր կառոյցները, ամրապնդելու մեր կապը ժողովուրդին հետ, անցեալի սերունդներէն ժառանգած արժէքներն ու սկզբունքները փոխանցելու գալիք սերունդներուն եւ երիտասարդութեան մէջ վերակենդանացնելու ազգին ծառայելու ոգին:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ ներկայացուեցան նախորդ տարի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր զուգահեռ գործող կառոյցներուն տարած աշխատանքները:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ դիտել տուաւ, թէ Դաշնակցութեան օրը երբեք մեր կուսակցութիւնը գովերգելու օր չէ, այլ` մեր անցած ուղին արժեւորելու եւ ապագայի նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը վերահաստատելու օր է: Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ են դժուարութիւնները, հայրենիքի, սփիւռքի տարածքին թէ մեր համայնքին մէջ օրէ օր կը հարուածուի գաղափարախօսութիւնը, յարձակում կը գործուի մեր դաւանած արժէքներուն վրայ եւ մեզի կը թելադրուի հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումի միջազգային աշխատանքներէն, կը թելադրուի փոխել սահմանադրութիւնը, չխօսիլ Արարատի մասին եւ ընդհանրապէս մոռնալ մեր պատմական հայրենիքը:

Պալապանեան շեշտեց, որ երբ կը հարուածեն մեր արժէքները, իրականութեան մէջ կը հարուածեն մեր ինքնութիւնը եւ կը սպառնան մեր լինելութեան, իսկ այս բոլորը ընդունելի չեն կրնար ըլլալ Դաշնակցութեան համար, որ հիմնադրուած է այս բոլոր պարտադրուող երեւոյթներուն դէմ պայքարելու համար: «Սփիւռքի մէջ մեր համայնքը ծանօթ է պահանջատիրական աշխատանքներուն առաջին գիծերը գրաւած ըլլալու իր հանգամանքով: Այդպէս ալ պիտի մնայ անկասկած», հաստատեց ան:

Ապա Պալապանեան լուսարձակի տակ առաւ այն բազմատեսակ ահաւոր դժուարութիւնները, զորս կ՛ապրին Լիբանանը եւ լիբանանահայութեան իրերայաջորդ սերունդները` քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական խոր ճգնաժամերու իբրեւ հետեւանք: Բայց եւ այնպէս, մեր ժողովուրդը հրաշքով կը շարունակէ տոկալ, չ՛ուզեր յանձնուիլ եւ կը մնայ կառչած այս միջավայրերուն մէջ իր ստացած դաստիարակութեան, փոխանցուած արժէքներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ լիբանանահայը գիտէ՛ յաղթահարել դառնութիւնը, նաեւ գիտէ կորուստին դիմաց կանգնած մնալ` աւելցնելով, որ այս համայնքը, իր բոլոր վէրքերով հանդերձ, մնաց կամուրջ` Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, մնաց ապացոյց, որ երբ ժողովուրդը միասնական է ու հաւատարիմ իր ինքնութեան, ոչ մէկ փոթորիկ կրնայ արմատախիլ ընել զայն:

Շարունակելով իր խօսքը` Պալապանեան ըսաւ, որ Լիբանանը այսօր կ՛ապրի անորոշութեան, ապահովական եւ տնտեսական առումներով ծանրագոյն օրեր եւ օրհասական այս պայմաններուն մէջ մենք կը հաւատանք, որ մեր համայնքի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը` քաղաքական, յարանուանական թէ մշակութային կազմակերպութիւնները, պէտք է շարունակեն միասին քննարկել կացութիւնը, տեսնել վտանգները, որեւէ կերպով չներքաշուիլ ներքին բախումներու մէջ եւ պահել համայնքին անվտանգութիւնը:

«Մենք համոզուա՛ծ ենք, որ համահայկական օրակարգերու եւ հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն մէջ լիբանանահայութեան միասնակամ պատկերը պիտի տարածուի նաեւ սփիւռքեան մեր բոլոր համայնքներուն մէջ:

«Մեր սկզբունքներու առանցքները կը կազմեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, սահմանադրական կարգի եւ օրէնքի գերակայութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, ազատ կարծիքի, կրօնական ազատութեան եւ բազմերանգութեան պահպանումով հանդերձ` ազգային համերաշխութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը», շեշտեց ան:

Ալպեր Պալապանեան աւելցուց, որ այս սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալը մեզմէ պահանջած է ու կը շարունակէ պահանջել հետեւողական աշխատանք` պետական հաստատութիւններու հեղինակութեան եւ գործունակութեան վերականգնումին, պետական պատասխանատուութեան, հաշուետուութեան բարձրացման, պետական ծառայութեան բարելաւման եւ մանաւանդ` հանրային շահը հատուածական կամ անձնական շահերէն վեր դասելու ուղղութեամբ:

Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ խորհրդարանական գործունէութիւնը կը շարունակէ ուղղուիլ ժողովուրդի ընկերային եւ ապրուստի տագնապներու յաղթահարման, ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու եւ մղձաւանջներու, ֆինանսական ճգնաժամի հետեւանքներու դիմագրաւման, քաղաքացիներու խնայողութիւններուն վերատիրանալու արդար պահանջին իրականացման:

Ապա Պալապանեան հաստատեց, որ կուսակցութեան քաղաքական եւ հասարակական գործունէութեան առաջնահերթութիւններն են ապագայի նկատմամբ յոյս եւ հաւատք ներշնչել երիտասարդութեան, երիտասարդներու գիտելիքները, կարողութիւններն ու ներուժը երկրի զարգացման ծառայեցնել, անոնց արտագաղթը կասեցնող պայմաններ ստեղծել: «Այդ սկզբունքները մեզի պարտադրած են ու կը շարունակեն պարտադրել հետեւողական աշխատանք` ազգային համերաշխութեան, փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան ու համագործակութեան ուղղութեամբ», աւելցուց ան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ 136 տարիներու կուսակցութեան երթին չափ, Լիբանանի մէջ գրեթէ նոյն տեւողութեան Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ոչ միայն պատմական հպարտութիւն կը ներշնչէ, այլ նաեւ քաղաքական ու բարոյական պատասխանատուութիւն: Արդարեւ, մեր անցեալին արժանի ըլլալու միջոցը միայն յիշելն ու հպարտանալը չէ, այլեւ քաղաքական ու հանրային ծառայութեան նոյն սկզբունքներով շարունակելը: «Կը մնանք յանձնառու` այս բոլոր առաջադրանքներու իրականացման մեր քաղաքական առաքելութեան մէջ. ներկայ պայմաններու նկատառումով, աշխուժացնելով համակարգումը` բարեսիրական միութիւններու, առողջապահական մարզին մէջ գործող մեր կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու եւ շարունակելով` պահպանել մեր ակումբներուն` ժողովրդային կարիքներու եւ դիմումներու վստահելի հասցէներու հանգամանքը», ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Պալապանեան հաստատեց, որ դժուար են պայմանները Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք ու Լիբանան, բայց եւ այնպէս Դաշնակցութիւնը սովորաբար չէ գործած խաղաղ, հանգիստ եւ հեզասահ պայմաններու մէջ, այլ միշտ ալ վերցուցած է մարտահրաւէրները, որովհետեւ զգացած է ամուր թիկունքն ու զօրակցութիւնը իր ժողովուրդին, իսկ այդ զօրակցութիւնը մնայուն է, անխախտ եւ անքակտելի:

«Հետեւաբար, յենած մեր ժողովուրդին, կը հաստատենք, որ անպայման կը յաղթենք նաեւ այս փուլին` մեր պետականութիւնը վերստին կը ստանայ ազգային նկարագիր, մեր իրաւունքները անպայման կը վերականգնին թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ՛ մեր պատմական հայրենիքին մէջ, մեր անկախութիւնը կը հզօրանայ անպայման եւ կը դառնայ իրողական, այս բոլորին ի խնդիր` լիբանանահայութիւնը կը լարէ իր ուժերը, կը վերագտնէ իր առաջնային դիրքերը մեր պահանջատիրական պայքարին եւ մեր հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ», իր խօսքը եզրափակեց Ալպեր Պալապանեան:

Պատգամէն ետք ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը: Յայտնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինը` համագործակցութեամբ արուեստագէտ Սէրուժ Պաղտասարեանի եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, նախաձեռնած է վերամշակուած ազգային-յեղափոխական երգերու շարքի մը պատրաստութեան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան օրուան նուիրուած այս ձեռնարկը առիթ է խօսելու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար գործելու հրամայականին մասին:

Ա. Ռուստամեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան եւ արժէքին` հաստատելով, որ յատկանշական է ՀՅԴ-ի 136-ամեակը նշել հայութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող այս գաղութին մէջ, որ կը նկատուի սփիւռքի օրրանն ու անոր արիւն եւ աւիւն տուողը:

Ան յատկապէս յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ` զայն նկատելով մեր հոգեւոր ապահովութեան հիմնական երաշխիք ու անփոխարինելի կռուան, նաեւ ներշնչող եւ նոր սերունդները ամրապնդող:

Ռուստամեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Լիբանան դէմ յանդիման գտնուած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու, սակայն հիմնական առանցք ունենալով իր անցած պատուաբեր ուղին, կարողացաւ շրջանցել ամէն խոչընդոտ եւ ոտքի մնալ:

Այս առիթով ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ լիբանանահայութեան կողքին:

Ան շեշտեց, որ ժամանակն է գիտակցելու մեր ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան, բացայայտելու զայն կորսնցնելու նորօրեայ վտանգները եւ համախմբուելով համազգային, վերկուսակցական նպատակի շուրջ` յաղթահարելու գոյութենական բնոյթ ստացած ներքին եւ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրները: Այս առումով ան հաստատեց, որ հայութիւնը բազմիցս յայտնուած է բախտորոշ վիճակներու մէջ, վտանգներու դէմ յանդիման եւ կարողացած է դիմակայել ու յառաջ ընթանալ, ան դիմացած է, երբ կարելի չէ եղած փոխել, փոխած է, երբ այլեւս անկարելի եղած է դիմանալ:

«Այսօր էլ մեզ իմաստնութիւն է պէտք հասկանալու, որ հիմա դիմանալն արդէն նշանակում է համակերպուել քո տեսակի եւ ինքնութեան կորստի հետ: Դրան հնարաւոր չէ համակերպուել, դա ինքնակործանման տանող ճանապարհ է եւ ուրեմն փոխել է պէտք:

«Մեր կռիւը այսօր խորքում ո՛չ իշխանութեան համար է, ո՛չ էլ առաւել եւս մէկը միւսի դէմ է: Մեր կռիւը մեր սրբութիւնների` մեր հայկական ինքնութիւնը պահելու համար է, մեր ժառանգած արժէքները պաշտպանելու համար է: Սրա վրայ պէտք է կառուցուեն մեր ապագայ ծրագրերն ու գործողութիւնները», ըսաւ Ռուստամեան:

Ապա ան թուեց Հայաստանի իշխող վարչախումբի պաշտօնավարման աւելի քան 8 տարիներուն գործուած այն արարքները եւ արձանագրուած դէպքերը, որոնց այլեւս կարելի չէ դիմանալ, եւ որոնց համար անհրաժեշտ է փոփոխութիւն: Առաջինը ազգային ինքնութիւնն է, զոր խեղաթիւրելու եւ աղճատելու փորձ կը կատարուի` հիմք ստեղծելով թշնամիին պահանջներով հայկական ինքնութեան վերացման միտող շարունակական զիջումներուն, երկրորդը` մեր պատմութեան այն ամօթալի իրականութիւնը, երբ պետականութիւն ունենալով հանդերձ, կատարուեցաւ արցախահայերու ցեղասպանութիւնն ու հայրենազրկումը, երրորդը` վարչախումբը Արցախի հայկականութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան կապը գիտակցաբար խզելով` կ՛ընթանայ երկուքը կորսնցնելու ուղիով: Չորրորդ անընդունելի դէպքը այն է, որ պատերազմներով ու հազարաւոր զոհեր տալով, մեր ժողովուրդը ծրագրուած կերպով տարին դէպի պարտութիւն` ծաղրականօրէն եղածը ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդում, հինգերորդը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ վարչախումբին ազգադաւ արշաւը, վեցերորդը` հակազգային եւ պառակտիչ մօտեցումներով փորձն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ պառակտում յառաջացնելու. «Իրար են հակադրւում պատմական եւ իրական Հայաստանը, մեր անցեալն ու ներկան, հայրենիքն ու պետութիւնը: Ստիպում են հրաժարուել մեր ինքնութիւնը մարմնաւորող խորհրդանիշներից», ըսաւ Ռուստամեան: Ան շեշտեց, որ վեցերորդ անընդունելի կէտը վարչախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու փոխարէն թրքական ժխտողականութեան միանալն է, իսկ վերջինը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջը, որ դարձած է համատարած եւ համակարգային բնոյթ ստացած է, քաղաքական հալածանքներ ծայր առած են ընդդիմադիրներուն դէմ:

«Ըստ այդմ, հանրագումարի բերելով վերոնշեալը, կարելի է եզրակացնել, որ այս վարչախմբի գործունէութիւնը, ընդհանուր առմամբ, առերեւոյթ դիտաւորեալ վնասարարութիւն է` ուղղուած համազգային նուաճումների վերացմանը եւ հայութեանը շաղախող ազգային ինքնութեան վրայ խարսխուած արժեհամակարգի փլուզմանը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` անհրաժեշտ նկատելով, որ ժողովուրդը գիտակցի այս ամէնուն, ըմբռնէ, որ տրուած խոստումները սին են ու խաբուսիկ, խաղաղութիւնը ժամանակաւոր է, կը պահպանուի բացառապէս թշնամիին տրուած նոր զիջումներ կատարելու խոստումներու հաշուոյն, ինչ որ պիտի մղէ նորանոր ու անվերջանալի զիջումներու:

«Ազգային արժանապատուութեան եւ սեփական պետութեան նուաստացումը խաղաղութեան տեղ դնող որեւէ ժողովուրդ երբեւէ չի հասել իր համար ցանկալի ազատութեան եւ անվտանգութեան: Այդպէս միայն դատապարտում ես քո սերունդներին դանդաղ վերացման: Մահ իմացեալով ապրած մեր ժողովուրդն իր հազարամեայ պատմութիւնն այս փորձառութեամբ է կերտել եւ այսօր իրաւունք չունի մսխելու իր նախնիների վաստակը: Ի հարկէ խաղաղութիւնն անհրաժեշտ է, բայց մեզ պէտք է իրական` կայուն եւ անշրջելի խաղաղութիւն: Իսկ խաղաղութիւնը կայուն է, երբ հաստատուած է ուժերի հաւասարակշռութեամբ եւ անշրջելի է, երբ արդիւնք է արդար կարգաւորման», ըսաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ այսօր վերոյիշեալներէն ոչ մէկը կայ, այլ կայ վտանգ ու սպառնալիք հայրենիքի կորուստի:

Շեշտելով, որ հայութիւնը այսօր ինքնութեան եւ անվտանգութեան տագնապ կը դիմագրաւէ, ան անհրաժեշտ նկատեց ազատագրուիլ հանրութիւնը մոլորեցնող այս վարչախումբի տարածած կեղծ գաղափարներէն, որովհետեւ անոնք կոչուած են հիմնաւորելու այս վարչախումբի զիջողական եւ պարտուողական քաղաքականութիւնը: Բայց եւ այնպէս Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը երբեք պիտի չբաւարարուին այս վարչակազմի զիջումներով, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն հասնիլ ամբողջ հայ ժողովուրդի անվերապահ եւ ամբողջական յանձնուողականութեան:

Ապա Արմէն Ռուստամեան խօսեցաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ անկէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը հանելու ներկայ իշխանութեան փորձերուն մասին, որոնք ոչ միայն ալիեւեան պահանջներու անվերապահ գործադրութիւնն են, այլեւ այս փոփոխութեամբ ներկայ իշխանութիւնները կ՛ուզեն ապահովել արդէն փաստացի ձեւաւորուած ամբողջական անձնիշխանութեան սահմանադրական հիմքերը: Ան շեշտեց, որ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւն միշտ ալ կայ, բայց անոր համար առաջնահերթութիւն է ոչ թէ սահմանադրութիւնը փոխել, այլ նախ եւ առաջ յարգել ու գործադրել զայն:

Ռուստամեան այս սերունդի պատմական առաքելութիւնը նկատեց յաղթահարել մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ինքնութեան եւ անվտանգութեան տագնապը:

«Մեր համար իրական անվտանգութիւնն այն է, որը կախուած է ոչ թէ թշնամու բարեհաճութիւնից, այլ երաշխաւորւում է հայութեան հաւաքական ուժերով եւ բոլոր այն դաշնակից երկրների զօրակցութեամբ, ում համար եւս կարեւոր է հայկական գործօնի եւ ինքնութեան պահպանումը այս տարածաշրջանում:

«Այսօր համակերպուելու թէ փոխելու մեր սերնդի վճռականութիւնից է կախուած` դառնալո՞ւ է արդեօք Հայաստանը թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի կցորդ ու հպատակ մի տարածք, թէ հայ ազգի եւ նրա ինքնութեան կենսունակութիւնն ու զարգացումն ապահովող ազգային պետութիւն: Պետութիւն, որ կը դադարի լինել մէկ անձի կամ վարչախմբի ապաստարանն ու սպասարկողը եւ կը դառնայ կենսունակ ու բոլորինը», ըսաւ Ռուստամեան` այս բոլորին լոյսին տակ հրամայական նկատելով փոխել գործող վարչախումբի այս ազգակործան ուղեգիծը եւ երկիրը բերել չզիջելով զարգանալու ազգային ուղեգիծին վրայ:

«Չզիջել, որպէսզի պահպանենք մեր ինքնութիւնն ու կենսունակ պետութիւնը: Զարգանալ, որ ունենանք չզիջելու հնարաւորութիւն ու կարողութիւն», աւելցուց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ինչպէս 136 տարի առաջ, այսօր ալ մենք պէտք է ազգային գաղափարի եւ այս նպատակի շուրջ համախմբենք ոչ միայն մեր շարքերը, այլ նաեւ մեր համակիրներն ու ազգային բոլոր ուժերը: «Հայրենիքում եւ սփիւռքում ողջ հայութեան ջանքերի մէկտեղումն ու աննահանջ պայքարն է այս կործանարար ընթացքի մէջ բեկում մտցնելու բանալին», ըսաւ ան:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ մենք պարտաւոր ենք փոխել բոլոր այն բաները, որոնց այլեւս կարելի չէ համակերպիլ ու դիմանալ:

«Համոզուած ենք, որ անգամ երբ չի մնացել ելք ու ճար, միշտ խենթերը գտել են հնար: Մենք պէտք է փակենք նուաստացումների ու պարտութիւնների այս էջը եւ շարունակենք մեզ ճանաչել Սարդարապատից եւ մեր ժողովրդի կերտած յաղթանակներից: Արցախցին պէտք է վերադառնայ իր տուն, Հայաստանը մնայ հայկական եւ հայն աշխարհում լինի արժանապատիւ ու յաղթական», հաստատեց ան:

Աւարտին, երեկոն ալ աւելի ոգեւորուեցաւ հայրենի արուեստագէտ Սիրուշոյի գեղեցիկ կատարումով:

Ձեռնարկի փակումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Տեսանիւթն այստեղ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութ

Պալապանեան. «Լիբանանահայութիւնը Ծանօթ Է Պահանջատիրական Աշխատանքներուն Առաջին Գ

28 Նոյեմբեր 2026
Այս կործանարար ընթացքի մեջ բեկում մտցն

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի ելույթը Լիբանանում նոյեմբերի 27-ի

27 Նոյեմբեր 2026
Խմբագրական. Եօթանասուն տարի՝ ժողովուրդ

Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը առիթ մըն

27 Նոյեմբեր 2026
­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն՝ զիջումներու

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի

27 Նոյեմբեր 2026
Խմբագրական. ՀՅԴ Մանիֆեստին Հետեւողութե

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136-ամեակի այժմէական խորհուրդներէն հաւանաբար ամէնէ

27 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանի քաղաքականությանը հակադրվելը

«Փաշինյանի քաղաքականությանը հակադրվելը նշանակում է սիրել Հայաստանը, սիրել հայ

26 Նոյեմբեր 2026
Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

Արդեօք պետութիւն մը կրնա՞յ ամրապնդել իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը` փոխե

25 Նոյեմբեր 2026
«Արտապատուիրակուած» սահմանադրութիւնը

«Ժողովուրդը կը հանդիսանայ դատարաններուն իրաւատէրը, ո՛չ թէ Սահմանադրութիւնը տապ

25 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանը պիտի գնա, որ Ադրբեջանի գաղու

Նոյեմբերի 23-ին հրապարակվեց իշխանությունների առաջարկած նոր Սահմանադրության նախ

25 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

25 Նոյեմբեր 2026
Կանխել է հարկաւոր ազգի ու հայրենիքի ա

1. Հայաստանում 2018-ի «թաւշեայ» կոչւած յեղաշրջականները իրենց այսպէս ասած՝ «քաղ

25 Նոյեմբեր 2026
Նոր Սահմանադրության նախագիծը բավարարու

Հայաստանի նոր Սահմանադրության նախագիծը հաստատում է այն մտահոգությունները, որոն

25 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեա

Խօսք՝ Միսաք Թորլաքեանի յիշատակին Էվըրկրին գերեզմանատուն, 22 Նոյեմբեր 2026

25 Նոյեմբեր 2026
Հարգանքի տուրք՝ Միսաք Թորլաքեանի յիշա

Կիրակի՝ նոյեմբերի 22-ին, Լոս Անջելեսի «Էվըրգրին» գերեզմանատանը համախմբուել էին

25 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. TRIPP-ի իրականութիւնը

Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, ամերիկեան տնտեսական ներկայութիւնը, Իրանի ռազմավարա

25 Նոյեմբեր 2026
Լիլիթ Գալստյանը ընդունել է Լատվիայի Մա

Նոյեմբերի 23-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մար

25 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակի հայտա

ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD), դատապարտում է Գերմանիայի արտաքին գոր

24 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր համախմբման հայտարարությունը

Իշխանության հրապարակած սահմանադրական նախագիծը փաստում է, որ գործ ունենք ոչ միա

24 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանը չպետք է հրաժարական տա ու հեռ

Ութ տարի շարունակ հետևելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի՝ անկայուն շարժումներով և պ

24 Նոյեմբեր 2026
Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յ

Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակումի պահու ընտրութիւնը կը թուի, որ պատահական

24 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company