Բագրատունի. «Ներկայ Կացութեան Մէջ Միախմբուելուն Այլընտրանքը Չունինք»
29 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Ռետ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով յառաջիկայ օրերուն հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումներու մագլցման հաւանականութեան մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Իմ կարծիքով, պատերազմը կը շարունակուի, եւ պատերազմը արդէն չէ դադրած: Իսրայէլ թերեւս, իսրայէլեան բանակին սեփական նկատառումներէն մեկնելով, կրնայ կարգ մը օրերու այդ յարձակումները մեղմացնել, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ Իսրայէլ մտադիր է յարգել համաձայնութիւններն ու բանակցութիւնները»:
«Լիբանանեան բանակը չէ, որ Իսրայէլի նպատակները պիտի իրագործէ, իսկ Հըզպալլայի զէնքի հարցը լիբանանեան հարց է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Պէտք է տարբերակել ներկայ կացութիւնը եւ Իսրայէլի ախորժակներն ու քաղաքականութիւնը», յայտնեց Բագրատունի:
«Բոլորս զէնքի մենաշնորհումին հետ ենք: Սակայն զէնքի մենաշնորհի հարցը բացառապէս լիբանանեան գերիշխանական հարց է: Կարելի չէ մտածել, թէ Իսրայէլի Հըզպալլան հարուածելը կը ծառայէ Լիբանանի գերիշխանութեան սկզբունքին կամ անոր հաստատման», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Գերիշխանութեան իրագործումը կ՛ըլլայ առաջին` ներքին միասնականութեամբ, եւ երկրորդ` բանակի զինումով»:
«Ո՛չ Իսրայէլը պիտի հեռանայ, ո՛չ ալ Հըզպալլան զէնքը պիտի յանձնէ, մինչեւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մեծ գործարքի մը կնքումը», նշեց ան` աւելցնելով, որ ինք եւ շարք մը երեսփոխաններ այդ խօսքը լսած են իրենց հանդիպումներու ընթացքին:
«Մենք կը փորձենք մինչեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններ այս վտանգաւոր ժամանակը անցընել նուազագոյն վնասներով», ըսաւ Բագրատունի:
«Ներկայ կացութեան մէջ միախմբուելուն այլընտրանքը չունինք: Ներկայ կացութեան մէջ կարիքը ունինք երկխօսութեան ձեռնարկելու, մինչեւ իսկ երկխօսութեան նիստեր գումարելու», յայտնեց երեսփոխանը:
