Աղեքսանդր Պետրոսեան - Պետօ

Ծնած՝ Կարս: Կ’աւարտէ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, կը վարէ ուսուցչական պաշտօն, ապա կը նուիրուի Երկրի մէջ աշխատելու գործին:
Վանի մէջ կը հիմնէ Վասպուրականի դաշնակցական կազմակերպութիւնը. իր ցուցմունքով Պարսակստանէն Վան կու գան Յ. Արղութեան, Սեւքարեցի Սաքօ եւ Վարդան Մեhրաբեան՝ գաւառներուն մէջ յեղափոխական սերմեր ցանելու:
Վանի հերոսամարտէն ետք, կը նահատակուի Գարահիսար լերան լանջին, Բաղի Դաղ դաշտը, սպանուելով Մազրիկ քիւրտերուն կողմէ:
-«Պետօ (Աղեքսանդր Պետրոսեան). Հայ ազատագրական շարժման անպարտելիութեան աղբիւրը»-Ն.