Ալեքսանդր Խատիսեան
Ծնած՝ Թիֆլիս: Կ’աւարտէ ռուսական համալսարանի բժշկական ճիւղը:
Թիֆլիսի քաղաքապետ, 8 տարի: Կովկասի 44 քաղաքներու միութեան նախագահ:
Հայոց Ազգային Բիւրոյի նախագահ. Կամաւորական շարժման կազմակերպիչներէն: 41 տարեկանին կ’ընդունուի Դաշնակցութեան շարքերը:
Վանի վերջին նահանջին, երբ սահմանագլուխի վրայ հաւաքուած Արեւմտեան Հայաստանի գաղթականութեան մուտքը կ’արգիլուի Կովկաս, Խատիսեան դիմում կը կատարէ ուղղակի Կովկասի փոխարքային. սահմանը կը բացուի հետեւեալ օրն իսկ:
1907ին կ’ընտրուի քաղաքապետ Ալեքսանդրապոլի: Որպէս Սէյմի պատւիրակութեան անդամ, կը մասնակցի Տրապիզոնի խորհրդաժողովին, թուրքերու հետ կը ստորագրէ Պաթումի դաշնագիրը:
Քաջազնունիի վարչապետութեան օրով կը նշանակուի Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար, ապա՝ վարչապետ: Խատիսեան կ’այցելէ արտասահման՝ հայ գաղութներու մէջ կազմակերպելու Հայաստանի ներքին փոխառութիւնը:
Հեղինակն է «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» հատորին:
Կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը թուրքերուն հետ, 1920ին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, կը հաստատուի Փարիզ, ուր եւ կը մահանայ 69 տարեկանին: