Սողոմոն Թեհլիրեան

Ծնած՝ Կամախի Բագառիճ գիւղը: Կը յաճախէ Երզնկայի Բողոքականաց, Եզնիկեան, ապա Կեդրոնական վարժարանները:
1914ին, Կովկասի մէջ մաս կը կազմէ Սեպուհի վաշտին ու կը մասնակցի կամաւորական կռիւներուն:
1919ին կը մեկնի Պոլիս, որոնելու հետքը Եղեռնի պատասխանատու Թալէաթ փաշայի, որու նկարը տեսած էր Վանի մէջ: «Թալէաթի փքուն ու ինքնագոհ դէմքը կարծես ծաղրում էր ինձ» կ’ըսէ Սողոմոն:
Պոլսոյ մէջ ան կը սպաննէ Պէշիկթաշի Մուխթար, մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեան, որու կազմած ցանկը՝ 200 հայ մտաւորականներու, յանձնուած էր Թալէաթին:
Կը մեկնի Պերլին Թալէաթի հետքերով: 1921 Մարտ 18ին, Հարտենպերկ պողոտայ վրայ, ատրճանակի մէկ հարուածով կը սպաննէ հայութեան դահճապետ Թալէաթ Փաշան. «սեւ թանձր արիւնը լճացաւ Թալէաթի գլխին շուրջ, կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափուում…», կը նկարագրէ Սողոմոն, իր յուշերուն՝ «Վերյիշումներ»ուն մէջ: Ան կը ձերբակալուի ու Պերլինի դատարանի կողմէ անպարտ կ’արձակուի:
Կը հաստատուի Պելկրատ, ապա Միացեալ նահանգներ. Կը մահանայ Սան Ֆրանսիսգօ՝ 64 տարեկանին:
-«Հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքը»-Ն.