Յայտարարութիւն ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէի
19 Մայիս 2019 ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած խուժանավայել արարքը կը դատապարտենք ըստ էութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջենք բացայայտել ու պատժել ենթակաները, որոնց վարքն ու բարքը ծանօթ է արդէն բոլորիս` ատենէ մը ի վեր ...Հակառակ պարագային` պատասխանատուութիւնը բնականաբար կ‘իյնայ ներկայ կառավարութեան ու վարչապետին ուսերուն:
Ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած այս ցածոգի աքթը ուղղուած է իւրաքանչիւր դաշնակցականի դէմ, աշխարհի չորս ծագերուն:
Ներքին միասնութեան սիրոյն աչք փակած ենք յաճախ մեզի դէմ տարուող արշաւին, որուն ետին կը կանգնին միեւնոյն մանկլաւիկները, որոնց «թաքուն» հովանաւորը ծանօթ է մեզի` երբեմնի իր կեղտոտ ու ապազգային գործելաոճով …
Հետեւաբար, կա՛մ կը դադրեցուի այս հոլովոյթը, կա՛մ խնդրոյ առարկայ իւրաքանչիւր կողմ կը կրէ իր պատասխանատուութիւնը:
ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէ