Խմբագրական. Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի Հաշուարկած Իրաւական Բաժինը
02 Սեպտեմբեր 2019 Սեպտեմբեր 2-ը ըստ էութեան կը խորհրդանշէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի որդեգրումը: Այդ հռչակագիրը կը բաղկանայ հիմնական 4 մասէ.Որոշում 1
Ընդունիլ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) եւ սահմանակից Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) հռչակման մասին հռչակագիրը:
Որոշում 2
ԼՂԻՄ-ի ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդը եւ անոր գործադիր կոմիտէն նկատել ԼՂՀ պետական իշխանութեան եւ կառավարման բարձրագոյն ժամանակաւոր մարմին` մինչեւ համաժողովրդական ընտրութիւնները, իշխանութեան եւ կառավարման հանրապետական նոր մարմիններու ձեւաւորումը:
Որոշում 3
Յանձնարարել ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդի գործադիր կոմիտէին` ներգրաւելով լայն հասարակութիւնը` նախապատրաստել եւ մարզային խորհուրդի նստաշրջանի քննարկման ներկայացնել ԼՂՀ պետական իշխանութեան եւ կառավարման մարմիններու կառուցուածքի եւ գործառոյթներու մասին ժամանակաւոր կանոնակարգը:
Որոշում 4
Մինչեւ ԼՂՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ընդունումը ԼՂՀ տարածքին մէջ կը գործեն ԽՍՀՄ Սահմանադրութիւնը եւ օրէնսդրութիւնը, ինչպէս նաեւ գործող այլ օրէնքներ, որոնք չեն հակասեր սոյն հռչակագիրի նպատակներուն ու սկզբունքներուն, ԼՂՀ առանձնայատկութիւններուն:
Որոշումը, իր ենթաբաժիններով փաստօրէն պետականաշինութեան յենասիւները կը հաստատէր, որուն վրայ պիտի կառուցուէր աղիւս առ աղիւս եւ յարկ առ յարկ ամբողջ պետական շէնքը: Եթէ առաջին կէտին մէջ կար անկախութեան հռչակման հռչակագիրով հետագայ իրաւակարգ մը նախապատրաստելու դրոյթը, ապա մնացեալները` անցումային շրջանի իրաւադաշտը կը հարթէին որեւէ ձեւով պետական կառուցաօղակներու պարապութիւն չձգելու հեռանկարով: Այնուհետեւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը ժողովրդավար կարգերու լիարժէք յարգումով, յատկապէս անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպելով կը բռնէր իրողական անկախութիւն նուաճելու ճամբան եւ փուլ առ փուլ կ՛ամբողջացնէր իր առջեւ եւ միջազգային իրաւունքի համահունչ իրաւադրոյթները:
Միջազգային իրաւաչափութիւններուն յարգումով անկախացող արցախահայութեան կամարտայայտութեան դիմաց օրէ օր աճած ազրպէյճանական ժխտողականութիւնն ու այդ պահուածքի հիման վրայ շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը նոր իրավիճակ ստեղծեցին Արցախի համար:
Հետզհետէ պարտադիր հրամայականներ էին արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովումը եւ հռչակագիրով անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներու անվտանգութեան ապահովման համար հայապատկան տարածքներու նորանոր ազատագրումները:
Կը շարունակուէր սակայն ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը: Անհրաժեշտ էր սահմանադրականացնել Արցախի փաստացի սահմանները` իբրեւ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւն: Դարձեալ գերադասուած էր միջազգային օրէնքին համահունչ շարժիլն ու իրաւակարգի յարգումը: Սահմանադրութեան հանրաքուէով կը ճշդուէր Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ կը կատարուէին նոր իրականութեան դիմաց սահմանադրական եզրաբանութեան որոշակի փոփոխութիւնները: ԼՂԻՄ-ը ԼՂՀ եւ ապա Արցախի Հանրապետութիւն իւրաքանչիւրը տարածքային, կարգավիճակային եւ անվտանգութեան կարեւոր իմաստներ կը ներփակեն եւ բոլորը ինքնորոշուելու մարդկային, ազգային եւ միջազգային տարրական իրաւունքներու յարգումի կարգերէն անցած ըլլալու փաստերը կ՛ամրագրեն:
Միացում կարգախօսով սկսած եւ ապա անկախութեան առաջադրանքի վերածուած համազգային շարժումը ռազմավարական փոփոխութիւններ կատարելու քաղաքական շարժառիթները հիմնաւորած է: Համազգային համոզում է, որ Արցախը Հայաստան է ու վերջ եւ թէ միացումը այդ հասկացողութեան համապատասխան կարգախօսային պահանջ է` հայ ժողովուրդի թէ տարածքային միացումներու ընկալումներով:
Այդ նպատակի միջազգային ատեաններու մօտ բարձրացումը այսօր կրնայ ունենալ որոշակի անպատեհութիւններ, երբ հայկական կողմը իբրեւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր կը շարունակէ բանակցիլ հանգուցալուծման համար: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ առ այս պահը ճանաչումի որոշում չկայացնելը կը բացատրուի նաեւ բանակցողի կարգավիճակով:
91-ի հռչակագիրը հիմնաւորեալօրէն նկատի առած է միջազգային իրաւաընկալումները եւ ըստ այնմ բանաձեւած որոշումները: Միեւնոյն ընկալումներուն հաշուարկով նաեւ դէպի միացում տանող իրաւակարգին ընդառաջ հրամայական շրջափուլ է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ կնքելի ռազմաքաղաքական դաշինքը:
aztagdaily.com