ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ

Հայաստան – ՀՅԴ – Սփիւռք (Դաշնակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան մասնակից)

06 Հուլիս 2020 Մկրտիչ Մկրտիչեան

ՀՀէն ներս Դաշնակցութեան աշխատանքները սկսան, անշուշտ, անկախութեան հանրաքուէէն առաջ: Սակայն, փաստօրէն, երկրէն ներս անոր լիակատար քաղաքական գործունէութիւնը կը սկսի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականով: Այս ժամանակաշրջանին Դաշնակցութեան որդեգրած վարքագիծը կ’երեւի երկրի քաղաքական բեմին վրայ անոր որդեգրած դիրքորոշումներէն, իրողական ճիգէն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներէն: Ան կանուխէն հասկցաւ, որ ինք ՀՀէն ներս ժողովրդականութիւն չունի: Անոր պատճառները կարեւոր չափով թաղուած էին խորհրդային անցեալին մէջ, բայց կային նաեւ այլ ազդակներ՝ հայրենաբնակ հասարակութեան անբաւարար ծանօթութիւնը, երկրէն ներս արդիւնաւէտ աշխատանքի տեսակի անփորձութիւնը, կազմակերպական աշխատանքներու բնական դանդաղութիւնը՝ նկատի ունենալով մանաւանդ կուսակցական շարքերու հաւաքման առանձնայատկութիւնները, բայց նաեւ հասարակութեան՝ Դաշնակցութեան նկատմամբ ունեցած չափազանցեալ ակնկալութիւնները:

Երկրի արդիականացումը բոլորին, նաեւ Դաշնակցութեան համար առաջնահերթութիւն էր: Այդ նպատակն իրագործելու համար առանցքայինը հասարակութեան արագ յարմարեցումն էր ստեղծուած նոր կացութեան, այսինքն՝ տնտեսական պետական կառավարման վրայ հիմնուած համակարգէն դէպի համաշխարհայնացման պահանջած ազատ շուկայի համակարգը: Առաջին փորձը ՀՀ առաջին նախագահի օրով աւարտած էր կատարեալ ձախողութեամբ։ Սեփականաշնորհմամբ յատկանշուած այդ ժամանակը առաջնորդած էր ազգային հարստութեան մեծածաւալ թալանով: Այս մասին շատ խօսուած ու գրուած է իր ժամանակին: Կը մնար գլխաւորաբար իսկապէս ժողովրդավար, օրէնքի եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած հասարակութեան մը դանդաղ, բայց հաստատաքայլ կազմաւորումը: Այդ նպատակը ունեցած են իրերայաջորդ սահմանադրական փոփոխութիւնները, սակայն անոնք փոխած են միայն տառը, մինչդեռ ուղեղներու մէջ անոնց տեղաւորումը շատ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի:

Դիւրին չէ այդպիսի փոփոխութիւններ յառաջացնելը ամբողջ եօթ տասնամեակ խորհրդային բռնատիրութեան բաւիղներուն մէջ կազմաւորուած հասարակութեան մը մէջ: Այդ ժամանակաշրջանէն մնացած ընկերային յոռի հիմնական հարցերէն մէկը տնտեսական փտածութիւնն (կոռուպցիա) էր, որ ազատ հասարակութեան մէջ կը սպառնար ժամանակի ընթացքին առաջնորդել ինքնակործանման: Դաշնակցութիւնը երկար զբաղեցաւ այս խնդիրով, ստանձնեց համապատասխան յանձնախումբի ղեկավարութիւնը խորհրդարանէն ներս, սակայն վերջիվերջոյ հիմնական տարակարծութեան մը պատճառով ամբողջութեամբ հրաժարեցաւ այդ գործէն։ Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը կ’ուզէր փտածութեան քննիչ խումբին հակակշիռը յանձնել խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ դիւրաւ ըմբռնելի պարզ տրամաբանութեամբ. իշխանութիւնը մեծամասնութեան ձեռքն է, իսկ փտածութեան արարք գործելու կարելիութիւն ունեցողը իշխանաւորը կ’ըլլայ, հետեւաբար հակակշռողը ընդդիմութիւնը պէտք է ըլլայ: Մեծամասնութիւնը մերժեց Դաշնակցութեան առաջարկը:

Նոյնքան դժուար հարց էր երկրէն ներս ժողովրդավարութեան ամրապնդումը: Այս մարզէն ներս ալ Դաշնակցութիւնը հետեւողական քարոզչական աշխատանք տարած է, մանաւանդ նախագահական ու պատգամաւորական ընտրութիւններու նախօրեակին՝ ընտրական յոռի երեւոյթներուն դէմ՝ միշտ գիտակցելով, որ հասարակական ախտերը համբերութեան եւ երկար ժամանակի կը կարօտին բուժուելու համար:

Ժողովրդավարութեան եւ նոր ազատական շուկայական տնտեսութեան յանկարծակի կիրարկումը սովորաբար կը ստեղծեն քաոսային վիճակ. այդպէս պատահեցաւ խորհրդային փլուզման արդիւնք եւ Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր երկիրներէն ներս: Ժողովրդավարութեան թիւր ըմբռնումը ժողովրդավարութիւնը վնասակար կրնայ դարձնել, մանաւանդ հայութեան նման անկախ պետականութենէ երկար ատեն զրկուած ժողովուրդներու պարագային: Աշխարհաքաղաքական նոր կարգերու հեղինակներուն համար կարեւոր էին բաց սահմանները՝ տնտեսական փոխանակումներու բացարձակ ազատութիւնը ապահովելու համար, եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը՝ իւրաքանչիւր պետական միաւորէ ներս ազատօրէն գործել կարենալու համար: Այս հանգրուանին ժողովրդավարութեան գաղափարը Պաղ պատերազմի յաղթական՝ արեւմտեան գերտէրութիւններու կողմէ գործածուեցաւ իբրեւ տիրապետութեան միջոց՝ ժողովրդավար վարչակարգեր յառաջացնելու պատրուակով, ըլլա՛յ բիրտ միջոցներով, ըլլա՛յ հոն, ուր կարելի էր կամ միակ կարելի միջոցն էր, համեմատաբար աւելի մեղմ միջոցներով, օրինակ՝ «գունաւոր» կոչուած յեղափոխութիւններով, հակակշռի տակ առնելու միջազգային շուկային համար ազատագրուած տարածքները: Առաջին խումբին մէջ ինկան, օրինակ, արաբական որոշ երկիրներ՝ իրենց «գարնանային» յեղափոխութիւններով։ Երկրորդ խումբին կը պատկանին առաւելաբար նախապէս խորհրդային պլոքի երկիրները՝ Վրաստան, Ուքրաինա, Հայաստան, ինչպէս նաեւ Հարաւամերիկեան Վենեզուէլան, որ կը շարունակէ դիմադրել նպատակադրուած փոփոխութեան:

Պէտք է ըսել, որ միջազգային այս ալիքը Հայաստանի մէջ յաջողեցաւ բաւական ուշացումով, երբ այլուր գերազատական շուկայական համակարգը արդէն հասած էր փլուզման եզրին, երբ ան մերժուած էր արդէն նոյնիսկ անոր հիմնական կերտիչ Միացեալ Նահանգներու կողմէն:

Ատենին ուրիշներու կարգին Դաշնակցութիւնը նոյնպէս անդրադարձած էր հետզհետէ իր ներկայութիւնը զգալի դարձնող այս վտանգի գոյութեան եւ զարգացումին։ Օտար ֆինանսաւորումով գործող քաղաքացիական խմբաւորումներու բազմացումը, անոնց անարգել ու անհակակշիռ գործունէութեան այլազանութիւնն ու արտաքին գրաւչութիւնը, բարդուելով հետզհետէ աճող ժողովրդային դժգոհութեան վրայ, պարարտ գետին ստեղծեցին գունաւոր (Հայաստանի պարագային նախընտրուեցաւ նոյն իմաստը արտահայտող «թաւշեայ» եզրը) յեղաշրջումի մը յաջողութեան համար։ Մէկէ աւելի ձախող փորձերէ ետք վերջինը պսակուեցաւ յաջողութեամբ շուրջ երկու տարի առաջ՝ օգտագործելով ստուար զանգուածներու՝ իշխանութիւններէն համատարած դժգոհութիւնը:

Դաշնակցութեան աշխարհաքաղաքական դիրքորոշումը յստակ էր շատ հինէն։ Ան միշտ բխած է հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու հիմնական առաջադրանքէն, որ, հասկնալի պատճառներով, առաջնահերթութիւններու դասակարգումին մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը։ Անոր նորագոյն տարազը կ’ամփոփուի «Հիւսիսէն հարաւ» աշխարհաքաղաքական գիծի ամուր պահպանման գաղափարին մէջ: Այս պարագան կը սահմանէ նաեւ անոր քաղաքական բարեկամներն ու կարողական գործակիցները:

Ինչպէս արդէն տեսանք, վերջին քառորդ դարու ընթացքին Դաշնակցութիւնը յաճախ երկրի քաղաքական օրուան մեծամասնութեան փնտռուած գործակիցը եղած է։ Անոր տրուած այս կարեւորութիւնը յաճախ կը վերագրուի կուսակցութեան սփիւռքեան կարողականութեան։ Ասիկա ճիշդ է, բայց եւ այնպես պէտք չէ մոռնալ անոր մնացեալ գլխաւոր յատկանիշները՝ կազմակերպուածութիւնն ու պատմական փորձառութիւնը: Վստահաբար կը գնահատուի նաեւ այն, որ Դաշնակցութեան արտասահմանեան կառոյցները միշտ գործած են ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան յաջողութեան ի նպաստ՝ անկախ ՀՀ իշխանութիւններու՝ կուսակցութեան հանդէպ վերաբերումէն:

Աւարտելու համար այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան, անոր քաղաքականութեան եւ որոշումներուն դէմ կատարուած ու ցայսօր կատարուող քննադատութիւններուն: Հարկ չկայ խօսելու որոշ շրջանակներէ եկող քննադատութիւններուն մասին, որովհետեւ անոնք կը կատարուին յարգելու համար աւանդութիւնները։ Անոնք այս կուսակցութիւնը միշտ պիտի քննադատեն՝ անկախ անոր տարած աշխատանքի որակէն, անոր յաջողութենէն կամ ձախողութենէն։ Անոնց պարտականութիւնը Դաշնակցութեան տեւական քննադատութիւնն է. ոմանց համար այդ գործելակերպը գոյութենական անհրաժեշտութիւն է: Խնդիրը Դաշնակցութեան անմիջական շրջանակներէն հնչող քննադատութիւններն են։ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան համար առաւելաբար ա՛յդ շրջանակներուն հաշուետու եղած է առհասարակ, քան իր գաղափարներուն, քաղաքականութեան կամ ընդհանրապէս էութեան դասականօրէն հակադրուած ուժերուն կամ Դաշնակցութեան բոլորովին անծանօթ կամ տասնամեակներ շարունակ միայն անոր խեղաթիւրուած պատկերը դիտած՝ առաւելաբար հայրենաբնակ զանգուածներուն:

Դաշնակցութեան դէմ ամէնէն ուժեղ հնչող քննադատութիւնը ՀՀ մէկէ աւելի կառավարութիւններու՝ իբրեւ «կրտսեր» անդամ մասնակցութիւնն է, որուն պատճառով ժամանակի ընթացքին, ըստ քննադատներուն, պղտորած է կուսակցութեան պայծառ դէմքը, քանի որ այդ կառավարութիւններու ղեկավարութիւնը իր ատենին արդէն ամբաստանուած եղած է փտածութեամբ, նաեւ անոր համար, որ այդպիսի կառավարութիւններու իր մասնակցութեամբ Դաշնակցութիւնը հեռու մնացած է իր դաւանած ժողովրդավարութեան կիրարկման, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան ի նպաստ իր գաղափարական յանձնառութենէն:

Դաշնակցութեան վերջին դարու գործունէութեան վրայ թէկուզ հպանցիկ ակնարկ մը ցոյց կու տայ, թէ անոր առաջնահերթութիւններու ցանկին գլուխը տեղ գրաւած է երկրի անվտանգութիւնը, որ կարեւոր չափով կրնայ ապահովուիլ Արցախի խնդրի դիւանագիտական դրական ելքով մը, որուն համար պէտք է մինչեւ վերջնական կարգաւորումը մարտնչիլ:

Զարմանալի չէ ուրեմն Դաշնակցութեան՝ թէ՛ Ռ. Քոչարեանի, թէ՛ Ս. Սարգսեանի հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը՝ նկատի ունենալով Արցախեան ազատամարտի մէջ անոնց դերակատարութիւնը, թէեւ որոշ չափով իրարու մրցակից, բայց հասարակաց պայքարի անցեալը: Այս տեսակի կապ իրարու հանդէպ հաստատուն վստահութեան ազդակ է: Նոյնը կարելի չէր ըսել, փաստ է, ՀՀ առաջին նախագահի ժամանակաշրջանի պարագային։ Նոյնը, դժբախտաբար, կարելի չէ ըսել ներկայիս, քանի Արցախի շուրջ բանակցութիւններու մասին յաճախ կը տիրապետեն իրարու հակասող յայտարարութիւնները:

Մեկնելով անվտանգութեան (ՀՀի եւ ԱՀի) ապահովման խնդիրէն՝ կարելի է հասկնալ Դաշնակցութեան քաղաքական ընդհանուր վարքագծին մէջ ներքին կայունութեան կարեւորութիւնը, որմէ կը բխին քաղաքական մնացեալ բոլոր պահանջները բաւարարելու կարելիութիւնը, տնտեսութեան, ընկերային արդարութեան, անաչառ արդարադատութեան, համերաշխ ու զօրավիգ հասարակութեան կազմաւորման, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու նպատակային կազմակերպումը:
Համերաշխ հասարակութիւնը հիմքն է ուժեղ պետութեան կայացման: Իսկ համերաշխութիւնը հիմնուած կ’ըլլայ հասարակաց տեսլականի մը իրականացման ցոյց տուած ուղիին վրայ: Վերջին երկու դարերուն այդ տեսլականը հիմնուած է ազգային գաղափարախօսութեան վրայ: Ատկէ որեւէ հիմնական շեղում կ’առաջնորդէ հաւաքական արկածախնդրութեան՝ աղիտալի հետեւանքներով:

Հայաստան եւ Սփիւռք միասնաբար պարտաւոր են ճիգ չխնայել խուսափելու համար այդպիսի աղէտէ մը:

«Դրօշակ», թիվ 7 (1641), հուլիս, 2020 թ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company