ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»

15 Օգոստոս 2020 4 օգոստոսին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը մեծ աղէտ մըն էր մայրաքաղաք Պէյրութի բնակիչներուն համար, որոնք ենթարկուեցան մարմնական թէ նիւթական վնասներու, պայթումին հետեւանքով եղան հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ: Ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը ահաւոր էր, սակայն աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալը չափազանց անհրաժեշտ էր: Հազարաւոր բնակարաններու եւ կառոյցներու նման ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն ալ կրած է վնասներ, բայց հակառակ իր ունեցած նիւթական վնասներուն, աղէտէն անմիջապէս յետոյ անհրաժեշտ էր բանալ դռները` ընդունելու համար իրեն դիմող վիրաւորները, կարօտեալները: Պայթումին յաջորդող վայրկեաններուն կեդրոնի հիւանդապահներ փութացին ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ` դարմանելու համար այնտեղ գտնուող վիրաւորները, մինչ կեդրոնը փշրուած ապակիներէն մաքրուեցաւ ու հիւանդները ընդունելու կարելիութիւն ստեղծուեցաւ: Ապա անմիջական բուժօգնութիւն ստացող վիրաւորներ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան մէջ դարմանուելէ ետք ուղղուեցան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զիրենք կը սպասէին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, կեդրոնի բժիշկներ, պաշտօնէութիւն թէ անձնակազմ:

Ներկայացող վիրաւորներուն թիւը շատ էր եւ պէտք էր յարմարիլ կացութեան, պատրաստել Շտապ օգնութեան բաժինը եւ ինչու չէ նաեւ կեդրոնի մուտքին հաստատել ժամանակաւոր դարմանատուն մը, որպէսզի կարելի ըլլար բոլոր հիւանդները խնամել արագօրէն: Շնորհիւ 6 վիրաբուժներուն եւ հիւանդապահուհիներուն, գերբնական ճիգերով յաջողեցանք կատարել պարզ դարմանումներ թէ վիրաբուժական բարդ գործողութիւններ:

Կեդրոնի մուտքին ստեղծուած եռուզեռը անբացատրելի էր: Վիրաւորները բուժելը հրամայական էր, բայց պէտք չէր անտեսել նաեւ երկրին մէջ հետզհետէ տարածուող «Քորոնա» ժահրը: Ձեռք բերուեցան բոլոր նախազգուշական միջոցները, քթակապերու բաշխում, ձեռքերու հականեխում: Կեդրոնին առջեւ բարձրացող վիրաւորներուն ճիչերուն շաղախուեցան ԼՕԽ-ականներուն եւ շրջանի ապահովութիւնը ստանձնած տղոց մխիթարական խօսքերը: Պարզուած մահ ու կենաց տեսարանը սրտաճմլիկ էր: Մութին, բջիջային հեռախօսներու լոյսին տակ, կամ Շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ, իւրաքանչիւր հիւանդ ստացաւ բժշկական թէ վիրաբուժական խնամք: Ներկայացող պարագաները կը կրէին ապակիի ծանր վնասուածքներ, ինչպէս նաեւ ոսկրային կոտրուածքներ:

Այդ օրը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը մեր անձնակազմը գործեց աղէտէն փրկուած պարագաները խնամելով, մինչ կեդրոնի հիւանդատար կառքը ակումբներէ դէպի կեդրոն եւ հիւանդանոցներ փոխադրեց ծանր վիրաւորներ:

Անձնակազմին ուժն ու կորովը գօտեպնդեցին ինքնաբուխ կերպով, կամաւորաբար «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն հասած ԼԵՄ-ականներ, ԶՈՄ-ականներ եւ համալսարանականներ, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին մեզի աղէտին յաջորդող օրերուն եւս:

Պայթումէն ետք, առ ի զօրակցութիւն ԼՕԽ-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարգին, հեռաձայնային կապով մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ԼՕԽ-ին:

Աղէտին յաջորդող օրերուն կեդրոնը ապրեցաւ իր առօրեայէն տարբեր օրեր, որովհետեւ ընդունեց նոր վիրաւորներ կամ հետեւողական դարմանումի կարօտ 300 պարագաներ: Աւելի՛ն. ժողովուրդին հասնելու նպատակով, բժիշկներ եւ հիւանդապահներ ուղղուեցան հայկական թաղամասերու մէջ բնակող անկար վիրաւորներու բնակարանները, ուր կատարեցին անհրաժեշտ դարմանումներ:

Տեղին է յիշել, որ հակառակ պայթումին հետեւանքով յառաջացած վնասներուն կամ անյարմարութիւններուն, աղէտին յաջորդող օրերուն եւս, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը առաջին օրուան թափով շարունակեց իր ծառայութիւնները` շնորհիւ իրեն նեցուկ կանգնող ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, առողջապահութեան նախարարութեան, կառավարական թէ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, լիբանանաբնակ թէ արտասահման ապրող մեծաթիւ հայորդիներու, դեղորայքի ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական աշխատանք կատարող երիտասարդական խմբակներու, որոնք ուտեստեղէններով, նիւթական օժանդակութիւններով, դեղորայքով եւ դարմանատնային պիտոյքներ հայթայթելով աջակցեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

Պայթումին յաջորդ օրը զօրակցական այցելութիւններ կատարեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային իշխանութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին եւ առողջապահութեան նախարարութեան Մեթնի շրջանի ներկայացուցիչները, որոնք ականատես եղան ստեղծուած աւերին, դրուատեցին ժողովուրդին հանդէպ ԼՕԽ-ի ցուցաբերած գուրգուրանքն եւ ձեռք երկարելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Կեդրոն այցելեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք աղէտեալներու օժանդակութեան համար Լիբանան գտնուող, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ ծանօթացաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութեան, գնահատեց ԼՕԽ-ի եւ ի մասնաւորի ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ աշխատանքը:

Վերոյիշեալ այցելուներուն շարքին յատկանշական եղաւ նաեւ բժշկական-մարդասիրական նպատակներով Կիպրոսէն Լիբանան եկած պատուիրակութեան այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի, ընկերակցութեամբ հիւանդապահուհիներ Աննա Ֆարմաքի եւ Նիքոլեթթա Մաքրիի:

Պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցելութեամբ ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի կատարած մարդասիրական ծառայութիւններուն, կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ տարուած աշխատանքներուն: Տոքթ. Էլենի Թէոխարուս «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ապահոված էր մեծ քանակութեամբ դեղորայք, «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու դիմակներ, հականեխիչ հեղուկներ: Բժշկուհիին նախաձեռնութեամբ ապահովուեցաւ նաեւ մեծ քանակութեամբ հեղուկ կաթ, որ առանց խտրութեան բաշխուեցաւ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ բնակող կարօտեալ ընտանիքներու երեխաներուն: Անոր ընկերացող հիւանդապահուհիները իրենց կարգին հսկեցին եւ ցուցմունքներ տուին այն երեխաներուն, որոնք հոգեկան տագնապներ կրած էին աղէտին պատճառով:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի մատուցած բժշկական ծառայութիւններուն կողքին, մնալով ժողովուրդին հետ, անցնող օրերուն Շրջանային վարչութիւնը պնակ մը «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրէն բաժին ստացող 760 պարագաներուն թիւը բարձրացուց 1000-ի: Շրջանային վարչութիւնը, գործակցաբար բարեսիրական ընկերութիւններու, Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի հայահոծ թաղամասերու ընտանիքներուն կը բաժնէ տաք ճաշ եւ մաքրութեան պիտոյքներ:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը քաջ կը գիտակցի Լիբանանի մէջ ստեղծուած ահաւոր իրավիճակին եւ կը հաստատէ, որ հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ի «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին, պիտի շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնը` միշտ մնալով ժողովուրդին կողքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսել

«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու,

17 Հոկտեմբեր 2026
Հաղորդագրութիւն «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադր

40 տարուան տեւողութեան «Վանայ Ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայու

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company