ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Անին ծախուեցաւ, Շուշին ալ ծախուեցաւ. Իսկ հիմա… Լիլիթ Մակունցը Ուաշինկթընի մէջ դեսպա՞ն

20 Փետրվար 2021

Եռեւեփումի մէջ է ոչ միայն Հայաստանը,այլ նաեւ ամբողջ հայութիւնը, Ազգը։

Եռեւեփումի մէջ է ամբողջ Հարաւային Կովկասը, ուր Արեւմուտքի (Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպական միութիւն), Իրանի, Ռուսիոյ (ներառեալ ԵԱՏՄի), Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի աշխարհաքաղաքական շահերը բախումնային կացութեան մէջ են։

Թէեւ տակաւին կանուխ է Պայտընի վարչակազմին հարաւկովկասեան քաղաքականութիւնը բնորոշելու, յստակ է մէկ բան, որ ան էապէս պիտի տարբերի Թրամփի օրերու վարքագիծէն։

Այս կացութեան մէջ, հրամայական կը դառայ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի այնպիսի՛ դեսպանի մը նշանակումը, որ խորութեամբ ըմբռնէ այս ամբողջ իրադրութեան լրջութիւնը եւ լաւագոյնս ներկայացնէ, բացատրէ, պաշտպանէ ու հետապնդէ Հայաստանի շահերը Ուաշինկթընի մէջ, ըլլա՛յ Պետական քարտուղարութեան, ըլլա՛յ Սպիտակ տան մէջ։

Յանկարծ, քանի մը շաբաթ առաջ հայաստանեան մամուլին մէջ կը հաղորդուի, որ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ այժմու դեսպան Վարուժան Ներսիսեանը փոխարինելու համար, այդ պաշտօնին նկատի առնուած է… Լիլիթ Մակունցը, որ փաստօրէն ցարդ ոչ մէկ կապ ունեցած է դիւանագիտական ասպարէզին հետ։ Ինք ոչ մէկ կապ ունեցած էր նոյնիսկ քաղաքականութեա՛ն հետ, մինչեւ 2018ի իշխանափոխութիւնը։ Իր նշանակման լուրին յաջորդած օրերուն, տիկին Մակունց չխորշեցաւ ինքագովազդէ, պնդելով, որ ինք «լաւ անգլերէն գիտի», իսկ մնացեալը՝ «փորձառութեամբ» ինքնաբերաբար կու գայ։ Գրեթէ այս միտքով (չակերտներու մէջ իր իսկ բառերն են)։ Նոյն Մակունցն էր, որ երբ մշակոյթի նախարար նշանակուեցաւ 2018ին, նոյնպէս չխորշեցաւ ինքնագովասանքէ՝ երբ յայտարարեց, թէ «մշակոյթը իմ մէջ է»։ Ու տեսանք, թէ այն իշխանութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Մակունցը, չվարանեցաւ լուծարքի ենթարկելէ թէ՛ մշակոյթի, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ թէ՛ Սփիւռքի նախարարութիւնները։

Փակագիծ.- Նման պարագաներու դժուար է հեռու մնալ «ցինիզմ»է, աւելցնելու համար, որ եթէ այդպէս է, կրնանք «հին լեզուներու մասնագէտ»ն ալ Ասորեստան ուղակել իբրեւ դեսպան…

Հոս կարեւոր է հաստատել մէկ բան։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, իրարայաջորդ բոլո՛ր վարչակազմերն ալ, Լ. Տ. Պետրոսեանէն սկսեալ, շատ լուրջի առած էին Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ դեսպանութեան թէ՛ աշխատանքը, եւ թէ՛ զայն ղեկավարող դեսպանին որակները։

Վերջին հաշուով, Ուաշինկթըն ոչ միայն մայրաքաղաքն է գեր-տէրութեան մը, այլեւ ուժի այն համաշխարհային կեդրոնն է, որ ըսելիք ունի նաե՛ւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս տարածաշրջանին մէջ կան Արեւմուտքի ուժանիւթային եւ աշխարհաքաղաքական շահերը, ու այս շահերուն սերտօրէն առնչուած են Արցախի հարցը ու իբրեւ այդպիսին, ինքնաբերաբար նաեւ՝ Հայաստանը։ Ուաշինթընի մէջ Հայաստանի շահերու առաջ մղումին մէջ դերակատար է նաեւ ամերիկահայութիւնը՝ իր քաղաքական այն կշիռով որ ունի, հետեւաբար ՀՀ դեսպանութեան եւ դեսպանին առաքելութեան կարեւորութիւնը աւելիո՛վ կ՚ընդգծուի հայկական կողմին առաւելութիւն տուող այս ազդակով եւս։

Աւելորդ է ըսելը, որ դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած այս տիկնոջ քաղաքական տեսադաշտն ու աշխարհընկալումը բացարձակապէս կապ չունին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումներու ներքին «տինամիզմին» հետ։ Օրինակ մը տալու համար, Մակունց ի՛նքն էր, որ 44օրեայ պատերազմէն քանի մը շաբաթ առաջ կը յայտարարէր, թէ Թուրքիան միջամուխ չէ Արցախի հարցին, հաւանական պատերազմի մը պարագային։ Այս քաղաքական տհասութիւնը նաե՛ւ ցուցանիշն է Հայաստանի ղեկին ամուր կառչած այն իշխանութեան, որ տեսանք, թէ ինչպէս երկիրը դրաւ կործանումի ընթացքին մէջ՝ պատերազմէն շատ առաջ իսկ։

Պատերազմը ընթացաւ ու մեզի համար վերջ գտաւ աղէտալի պայմաններու մէջ, ու բազմաթիւ հարցականներով։ Չենք ուզեր կրկնել այն բոլոր անհասկնալի (երբեմն ալ իրենց «անհասկնալիութեամբ»… հասկնալի) դէպքերը, որոնք յանգեցան այս՝ մեզի համար աղէտալի ելքին։ Ամենամեծ հարցականներէն մէկը, բնականաբար, Շուշիի անկումն էր, որ մեզմէ շատերուն միտքին մէջ արթնցուց հազարամեակ մը առաջ տեղի ունեցած ուրի՛շ ողբերգական պարագայ մը, որ կ՚առնչուէր հայոց մայրաքաղաք Անիին։ Արդարեւ, Անիի անկումը եւս սերտօրէն առնչուած է դաւաճանական արարքի մը ու այդ մասով ալ՝ երկու անուններուն՝ Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս։

ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները, մեծ ու փոքր վեստ սարգիսներով, Մակունցի նման՝ քաղաքական աշխարհընկալումէ ամբողջովին զուրկ մարդոց կոյտ մըն է, որ նուազագոյն լրջութիւնն իսկ չունի խորաչափելու համար Մ. Նահանգներու մէջ մեր երկրի դեսպանութեան խաղալիք դերին կարեւորութիւնը։ Անընդունելի է Մակունցը Ուաշինթընի մէջ դեսպան նշանակելու փաշինեանական այս մտագարութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Մ. Նահանգներու նոր վարչակազմը կը պատրաստուի վերադառնալու Հարաւայի Կովկաս՝ նոր օրակարգով մը, որուն ծալքերը ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է դիւանագիտական բարձր ունակութիւններով օժտուած արհեստավարժ դեսպանի մը ներկայութիւնը, այլ ոչ թէ մէկը, որուն միակ «առաւելութիւնը» իր անգլերէն գիտնալն է… կարծէք այդ լեզուին իմացութիւնը աշխարհի վրայ մատի վրայ հաշուող քանի մը անհատներու մենաշնորհն է…

Իսկ ի՞նչ պիտի ըսեն Ուաշինթընի մէջ Պետական բաժանմունքին ու Սպիտակ տան «հին գայլերը», ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց հակազդեցութիւնն ու վերաբերումը, երբ թղթատեն իբրեւ դեսպան Լիլիթ Մակունցի թղթածրարը, որ բնականաբար զուրկ է քաղաքական-դիւանագիտական որեւէ որակէ։ Դժուար չէ պատերացնել այն պահը, երբ ըսենք, Էնթընի Պլինքըն (կամ իր, ըսենք… չորրորդ, կամ հինգերորդ տեղակալը) իր գրասենեակին մէջ ընդունի ՀՀ դեսպան Մակունցը ու ստիպուի նոյն նախադասութիւնը քանի մը անգամ կրկնելու, որպէսզի դիմացինը սկսի հասկնալու, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը…

Մեր երկիրը կործանումի ընթացքի մէջ կը գտնուի այս ապաշնորհ իշխանութիւներուն վարած նոյնքան ապաշնորհ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ու փոխանակ մտածելու, որ հմուտ, փորձառու եւ արհեստավարժ դիւանագէտ մը առաքուի Ուաշինկթըն՝ դեսպանի պաշտօնին, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ «բան մը» փրկել, ահաւասիկ մեզի կը հրամցուի ապաշնորհ իշխանութեան նոյնքան ապաշնորհ ներկայացուցիչ մը։ Քանի մը տարի առաջ, Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրերուն, նման իրադրութիւն մը ստեղծուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, երբ գլխաւոր հիւպատոս նշանակուեցաւ Ս. Սարգիսովը, մէկը որ դարձեալ հեռու էր քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհէն ու պարզապէս յաջողակ գործարար մըն էր Ռուսիոյ մէջ։ Սարգիսով ինքն ալ, Մակունցին նման, «անգլերէն գիտէր»… Հիմա, Սերժը «մերժողները» կը կրկնեն նոյն սխալները, միայն թէ աւելի ծանրակշիռ տարողութեամբ ու Հայաստանի համար շատ աւելի լուրջ կարեւորութիւն ունցող դրուագով մը, երբ խնդրոյ առարկայ է ոչ թէ գլխաւոր հիւպատոսի մը, այլ՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ նոր դեսպանի մը նշանակումը։

Պարոնայք իշխանաւորներ, երկիր ղեկավարելը ձեր գործը չէ։ Դուք երկիրը կործանումի ընթացքին մէջ դրած էք։ Հեռացէք այլեւս, ձեր փաշինեաններով ու մակունցներով։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
20 Փետրուար 2021

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Յաւերժական են հայրենիքն ու պետականութե

«­Ժա­մա­նա­կա­ւոր են ղե­կա­վար­նե­րը: ­Յա­ւեր­ժա­կան են ազ­գերն ու հայ­րե­նիք­

29 Մայիս 2026
Եթե կա ոգի, դատարկ ձեռքերով էլ կարելի

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արմեն Ռուստա

28 Մայիս 2026
Սարդարապատ ունեցող ազգը չի՛ հանձնվելու

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամավոր, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան

28 Մայիս 2026
Հանրապետության անկախության օրը Սարդարա

Մայիսի 28-ին, Առաջին Հանրապետության օրվա առիթով, Սարդարապատ էին այցելել «Հայաս

28 Մայիս 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ուղերձը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1918 թվականի Մայիսի 28-ը հայոց պատմության բեկումնայի

28 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հայաստանը նոր Մայիս 28-ներ

Մայիս 28-ին, Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի Երեւանի մէջ կազմակերպել լայնածաւալ զ

28 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հայաստանի Անկախութիւնը Ազգ

1918ի Մայիս 28ին, դարերով կայսերական իշխանութեանց տակ ապրելէ ետք, Հայաստան իր

28 Մայիս 2026
Կործանման Դիմաց… Մայիս 28,1918 Եւ Այսօ

1918-ի եւ ներկայ օրերու տարբերութիւնը յստակ է։ 1918-ին պետականութիւն չունէ

28 Մայիս 2026
Մայիսի 28-ը և Միացյալ Հայաստանի կենար

Դաշնակցական մեծ տեսաբան և գաղափարախոս Սարգիս Զեյթլյանի այս պատմափիլիսոփայական

28 Մայիս 2026
Վեհօրէն Հսկող Յուշահամալիրը` Արարատին

Արարատ-Արագած թովիչ երազէն զգաստացնելով եւ ձայնը քիչ մը բարձրացնելով ոտքերս կր

28 Մայիս 2026
Շարունակելու ենք մեր որդեգրած գիծը

Արցախի Հանրապետության ԱԺ նախագահ Դավիթ Իշխանյանը ուղերձ է հղել Բաքվի բանտից, ո

27 Մայիս 2026
ՀՀ իշխանությունները կատարել են հերթակա

Սիրելի' հայրենակիցներ Օգտվելով այն հանգամանքից, որ այս օրերին ուշադրություն

27 Մայիս 2026
28 Մայիս 1918-ն Իրական Անկախութեան Հիմ

Մեր ժողովուրդի իրական եւ վաւերական պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918-ն հայութեան վե

27 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հաւատարիմ` Հանրապետութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին ամփոփած խորհուրդները այսօր այժմէական նշանա

27 Մայիս 2026
Հայ Ազգի Փրկութեան Բանալին

1917-ին ռուս զինուորները, Լենինի տունդարձի «հայրական» կոչին անսալով, լքեցին ճա

27 Մայիս 2026
28 Մայիսը Տօնն Է Վերանկախացած Հայաստան

Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ հայկական վերջին պետութիւնը` Բագրատունեաց թագաւորո

27 Մայիս 2026
Տեղի ունեցավ Զարեհ Խրախունու «100 բան

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի ու Խաչատուր Աբ

27 Մայիս 2026
Եթե Փաշինյանն արգելի որևէ ընդդիմադիր կ

Նիկոլ Փաշինյանը շարունակում է իր նախընտրական քարոզարշավը՝ Հայաստանի օրենսդրութ

26 Մայիս 2026
Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վ

Շաբաթավերջին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփո

25 Մայիս 2026
Մեր պայքարը իր իրական տարողութեամբ

Տարրական տրամաբանութեամբ, Փաշինեանի մտագարութիւնները պէտք է լրջօրէն տագնապահար

25 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company