ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Հրայր Մարուխեան՝ Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայաստանի Ազատագրութեան Յանդուգն Կամքը

23 Դեկտեմբեր 2011

13 տարի առաջ, Դեկտեմբերի այս օրերուն, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը:

Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները՝ ոչ միայն Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ:

17 Յուլիս 1994ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ, 24 Դեկտեմբերին դագաղը Հայաստան տարուեցաւ եւ իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՀՍԿԱՅ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու Ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, Հորիզոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց Հաւաքական Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ Պահանջատէր Հայութեան:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանին, իսկ հայ ժողովուրդը Ազգային Ղեկավարի արժանաւորութեամբ վստահեցաւ տարաբախտ մեր ընկերոջ:

Հրայր Մարուխեան ծնած էր Դեկտեմբեր 19ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: 1958ին ամուսնացած էր Անահիտ Սարգըսեանի հետ եւ ունեցած էին չորս զաւակներ՝ Դերենիկ, Վահէ, Ալենուշ եւ Շաղիկ:

ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ Պատանեկան միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը: 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը, իսկ 1972ին՝ ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ – մինչեւ իր եղերական մահաքունը – շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական գրասենեակը, ինչպէս եւ Մարուխեան ընտանիքը):

Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ Դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ: Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայրը:

1988ի Օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24րդ Ընդհ. ժողովին, Արցախեան Շարժման ամբողջապէս նուիրւելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները: Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը: Այդ յաջողութեան համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրա-հռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, ընկ. Հրայր Մարուխեան որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ–հայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:

Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անհաշտ պայքարը:

Եկաւ 17 Յուլիս 1994ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի մէջ, ծովեզերքը լողացած ընթացքին, Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն մը եւ մտաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ՛ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:

Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք ալ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Իր անկենդան կեանքին այդ չորս տարիներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական զարգացումները եկան փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի ղեկավարութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրենաբնակ ժողովուրդի բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքի ճնշման տակ, քաղաքական բեմէն հեռացաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Բայց տարաբախտ ընկեր Հրայրը ի վիճակի չէր վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ իր առաջնորդած ազգային-քաղաքական ուղիին:

21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ համադրուած չէ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ ընկեր Հրայր Մարուխեան:

Կազմակերպական եռուն կեանքի եւ քաղաքական բուռն գործի հրամայականները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին ՀՅԴ Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու ներկայացուցիչին, որպէսզի կարենար հրապարակագրական յօդուածներէ, հարցազրոյցներէ եւ հրապարակային ելոյթներէ անդին անցնիլ ու անձամբ, սպառիչ աշխատասիրութեանց տեսքով, հանրութեան պարզել գաղափարական իր աշխարհին ու քաղաքական մտածողութեան ամբողջ ծաւալն ու խորութիւնը:

Այսուհանդերձ՝ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած ընկեր Հրայրի գաղափարագրական ժառանգութիւնը այնքան հարուստ է, որ նոյնիսկ մեծադիր հատոր մը անբաւարար պիտի ըլլայ մէկտեղելու այդ բոլորը: Այս առումով, ընկեր Հրայր նաեւ ճակատագրակից եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու իր պաշտօնակից ընկերներուն՝ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որոնք ուղղակիօրէն գրչի մարդիկ ըլլալով հանդերձ՝ կազմակերպական իրենց պատասխանատուութեանց բերմամբ, իրենց հերթին, ժամանակը չունեցան հրապարակագրութենէն անդին անցնելու: Բացառութիւն կազմեց անոնց պաշտօնակիցներէն ու սերնդակիցներէն միայն ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը, որ կազմակերպական նոյնօրինակ իր պատասխանատուութեամբ հանդերձ՝ յատուկ ճիգ թափեց հատելու հրապարակագրութեան սահմանը եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններ կտակելու դաշնակցական գրականութեան:

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն՝ կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն վերաբերեալ այս յղումը, որովհետեւ տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն առաջացնելու շարժումին ղեկավարները եղան անոնք միասնաբար՝ հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան կազմաւորում ունեցող ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:

Կը բաւէ բաղդատական վերլուծումը կատարել 70ականներուն եւ 80ականներուն անոնց արծարծած խնդիրներուն ու պաշտպանած դիրքորոշումներուն, անդրադառնալու համար որ անոնք ձեռնարկած էին Հայաստանի ու հայութեան ազգային ազատագրութեան դատին ի խնդիր գաղափարական վերանորոգման շարժումի մը՝ քսաներորդ դարավերջի առանձնայատուկ արժեչափերով եւ աշխարհընկալումով: Դարձած էին դրօշակիրները հրապարակային բանավէճի մը, ուր սեփական մօտեցումերու եւ մտածողութեան հիմնաւորումով ու պաշտպանութեամբ՝ երբեմն նաեւ տարակարծութիւններու դրսեւորումով, գաղափարականօրէն թափ տուին Հայ Դատի պայքարին քաղաքական ու կազմակերպական վերանորոգումին:

Գաղափարական վերանորոգման այդ կենսունակ շարժումին մէջ իր վճռորոշ տեղն ու առաջնորդող դերը ունեցաւ ընկեր Հրայր, որուն մահուան 13րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք այս օրերուն:

Կը յիշենք եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կեանքին վրայ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Ասպարէզ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company