ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայու յեղափոխական ԿԱՄՔի անսպառ ներուժին ոգեշնչող աղբիւրը

18 Հոկտեմբեր 2013

154 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 18ի լուսաւոր օր մը, Հայաստան Աշխարհը ծնունդ տուաւ Քրիստափոր Միքայէլեան անուն արու զաւակի մը, որ կոչուած էր մարմնաւորելու բազմաչարչար ու ստոյգ մահուան անդունդը գլորող մեր ժողովուրդին վերածնելու եւ, բաց ու խրոխտ ճակատով, ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանի տեղը վերահաստատելու յեղափոխական կամքը։

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի Հայ Յեղափոխութեան Շարժումը միաւորող մարտունակ կազմակերպութեան՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն ու կեդրոնական դէմքը։

Քրիստափորի հայրական շունչով ու յեղափոխական կամքով թրծուած Դաշնակցութիւնն էր, որ մեր ժողովուրդին նորագոյն շրջանի պատմութեան յառաջատար ուժը դարձաւ՝ հայոց սերունդներուն իբրեւ ներշնչման աղբիւր կտակելով հայու յեղափոխական յանդգնութեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դարբինը կերպաւորող Քրիստափորի անմահ աւանդը։

Կամքեր կռանելու եւ հզօրացնելու բնատուր հանճարով էր օժտուած Քրիստափոր ու կրցաւ, հայոց ցիրուցան եւ եսակեդրոն կամքերէն, հաւաքական ու կազմակերպ ուժ եւ միաձոյլ կամք ստեղծել՝ բոլորը յարատեւ կռուի մղելով անսակարկ զոհաբերութեան եւ երկաթեայ կարգապահութեան ոգիով։

Հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման եւ Հայաստանի ազատագրութեան մեծ դատին աննկուն դրօշակիրը հանդիսացաւ Քրիստափոր, որ իր անձին օրինակով, անյողդողդ կամքով եւ արութեան գործերով՝ գաղափարական ու քաղաքական անվեհեր եւ երկարաշունչ պայքարի ուղին հարթեց հայութեան նորահաս սերունդներուն առջեւ։

Բայց մանաւանդ մարմնաւորումը եղաւ անհաւասար ուժերով կռուի դաշտերէն յաղթական դուրս գալու հաստատակամութեան՝ դարերով գերութեան, անձնատուութեան եւ մեղկութեան համակերպած հայ մարդոցմէ կերտելով նոր ժամանակներու ՀԱՅը, անոր մէջ ամրապնդելով յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը։

Իբրեւ այդպիսին՝ Քրիստափոր իրաւամբ «Հասարակաց Հայր» կոչուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի կողմէ։ Հայ յեղափոխականի հայրական շունչը Քրիստափոր զգալի դարձուց ոչ միայն սեփական ժողովուրդին պարտադրուած դաժանագոյն ստրկութեան դէմ ծառացող հայ երիտասարդներուն վրայ, այլեւ՝ Հայ Դատին արդարացիութեան հաւատացող եւ ջերմեռանդօրէն պաշտպան կանգնող այն բոլոր գաղափարապաշտ օտարներուն վրայ, ինչպիսին էր անպայման հայապաշտպան «Փրօ Արմենիա» թերթի անձնուէր խմբագիրը՝ Փիեռ Քիյեառ, որ Քրիստափորի նահատակութեան առիթով պիտի վկայէր.

– «Ես հայկական դատին վերաբերմամբ ոչինչ չեմ ասել, ոչինչ չեմ գրել, ոչինչ չեմ արել առանց հարցնելու ինքս ինձ, թէ ի՛նչ կը մտածէր նա՝ այս խօսքի, այս նախադասութեան, այս արարքի մասին»։

Պատմական Հայաստանի Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս մեծ գիւղի ծնունդ էր Հայկական Յեղափոխութեան առաքեալը։ Մանուկ տարիքէն կեանքի պայքարը սկսաւ Քրիստափորի համար. 4 տարեկան էր, երբ մայրը կորսնցուց, իսկ 10 տարեկանին՝ հայրը։ Նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ փայլուն արդիւնքով աւարտեց զայն։ Հոգաբարձութիւնը, տեսնելով եւ գնահատելով որբ աշակերտին ուսումնատենչութիւնը, յանձն առաւ հոգալ Քրիստափորի հետագայ ուսման ծախսերը՝ պայմանաւ, որ ան յանձն առնէ վերադառնալ գիւղ եւ ստանձնել ծննդավայրի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն։ Այդպէ՛ս, 1874ին, Քրիստափոր անցաւ Թիֆլիս, ուր երկու տարուան նախապատրաստական պարապմունքէ ետք՝ ընդունուեցաւ Ուսուցչական Ճեմարանը, որուն քառամեայ ուսման շրջանը աւարտեց 1880ին առաջին կարգի մրցանակով։
Ճեմարանի տարիները բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան երիտասարդական տարիքը թեւակոխող Քրիստափորի համար։ Ռուսական «Նարոդնայա Վոլիա» (Ժողովրդային Կամք) յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանն էր եւ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն։ Համառուսական այդ շարժման անմիջապէս միացաւ նաեւ Քրիստափոր՝ ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով եւ հետագայ տարիներուն այդ կապերը ամրապնդելով։

Ճեմարանը աւարտելով՝ Քրիստափոր վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ։ Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ արմատաւորեցին յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը։ Տեսաւ ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ։ Ծառացաւ այն անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց կþենթարկուէր հայ ժողովուրդը ցարական պաշտօնէութեան կողմէ պարզապէս անոր համար, որ հայ էր…

Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով, Քրիստափոր մօտէն շփում հաստատեց հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային¬ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ՝ յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ»ին շովրջ խմբուած մտաւորականութեան ծանօթանալով։ Այդ շրջանին է, որ Քրիստափորի մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում առաջացնելու գաղափարը։ Եւ երբ 1885ին ցարական կառավարութիւնը որոշեց փակել 400 հայ դպրոցներ՝ անոնց 20.000 աշակերտութիւնը եւ 3000 ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով ձեռնարկեց ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին։ Բայց դեռ հասունցած չէր հայութիւնը եւ Քրիստափոր չգտաւ այն արձագանգը, որ 1903ին պիտի առաջանար հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման դէմ Դաշնակցութեան ծաւալած բողոքի շարժումին առիթով։

1885ի վերջերուն, մեծանուն վիպասան Րաֆիի բարեխօսութեամբ Մոսկուայի մեծահարուստ Մելքոն Գասպարիչ Փանեանցէն նիւթական աջակցութիւն գտնելով՝ Քրիստափոր մեկնեցաւ Մոսկուա, որպէսզի բարձրագոյն ուսման հետեւի։ Բայց մէկ կողմէ նիւթական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ հայ երիտասարդութեան մօտ յեղափոխական տրամադրութեանց բորբոքումը մղեցին Քրիստափորը, որ երկու տարի ետք, կիսատ ձգելով համալսարանական ուսումը, վերադառնայ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նետուի յեղափոխական պայքարի ասպարէզ։

Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին։ Քրիստափոր ձեռնարկեց ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին։ Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն յայտնեց դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց հնչակեան կեդրոնը հետագային մերժեց միանալ եւ այդպէ՛ս, 1890ի ամրան, Քրիստափորի եւ Զաւարեանի ջանքերով, ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը։

Նորաստեղծ Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական տարբեր աշխարհայեացքի տէր հայ յեղափոխականներու միաւորման գործին մէջ առանցքային եղաւ Քրիստափորի անձնական ներդրումը։ Յատկապէս իր նկարագրով՝ Քրիստափոր յաջողեցաւ ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն ընդհանուր աւազանը, ուր իրարու կապուեցան անխտիր բոլորը՝ երկու տարի ետք, 1892ին, դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին, պաշտօնապէս վերածուելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Այնուհետեւ սկսաւ նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը։ Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար, Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, որուն էջերուն լոյս տեսան Դաշնակցութեան Ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները։ Քրիստափոր նաեւ հաստատուեցաւ Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի կողքին արտասահմանեան քարոզչութիւնը կազմակերպելու, «Փրօ Արմենիա»ն հիմնելու եւ Երկրի մէջ ծաւալած կենդանի պայքարին ի սպաս Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ շարժում առաջացնելու համար։

Արդէն իր ուղին գտած եւ գործունէութեան դաշտը մեծապէս ընդլայնած Դաշնակցութեան առջեւ նոր մարտահրաւէրներ դրուեցան 1890ականներու վերջերուն։ Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը՝ յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով, ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը։ Քրիստափոր վերադարձաւ Կովկաս եւ ձեռնարկեց «Փոթորիկ»ին, որ հայ ունեւոր խաւը դրաւ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ, ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը խնդրեցին ընդդէմ հայ յեղափոխականներուն։

Վրայ հասան պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ. հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը. Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդեր։ Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր՝ բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռուի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում առաջացնելով։

Ահա այդ մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Կարմիր Սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, ստացաւ Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագրի գործադրութեան։

Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր Հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի ռահվիրային։ Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, Մեծ Յեղափոխականը իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին…

Հազիւ 46 տարեկանին կտրուեցաւ կեանքի թելը Քրիստափորի։

Իր նահատակութեամբ եւս Դաշնակցութեան հիմնադիրը պատմական օրինակ մարմնաւորեց։ Յեղափոխութեան ղեկավարը սեփական օրինակը տուաւ յանուն գաղափարի գերագոյն զոհաբերութեան։

Եւ որքան տարիները կ՛անցնին, հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն մօտ աւելիով կþարմատաւորուի հմայքն ու խորհուրդը Քրիստափոր Միքայէլեան անուն Հայ Յեղափոխականին, որ 150 տարի առաջ իր աչքերը բացաւ հայոց բազմաչարչար հայրենիքին մէջ, որպէսզի իր անձին օրինակով, երկաթեայ կամքով եւ քաղաքական մտածողութեամբ վերջնականապէս փշրէ դարաւոր ստրկութեան շղթաները եւ կերտէ Հայու արդի կերպարը՝ Հայաստանի ազատութեան համար յարատեւ կռուի պատրաստ աննկուն Հայ Յեղափոխականը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company