ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բիւրօ
  • Հարցազրոյցներ

Մտահոգիչը Թուրքիոյ համար Սուրիա ներխուժելու կարելիութիւնն է

18 Հունվար 2019

24 Դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած էր Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսային շրջան ներխուժելու հաւանականութեան, եւ այս առումով շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգին: Այս հարցին շուրջ «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Կիրօ Մանոյեանի հետ.

«Գանձասար»- 24 Դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էիք, որ «Ամերիկեան զօրքերու դուրս բերումով քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող հայաբնակ շրջաններ ներխուժելու կարելիութիւն կը ստեղծուի Թուրքիոյ համար», ուստի վտանգուած կը համարէիք այդ շրջանի հայութեան ապահովութիւնը։ Ձեր այս մեկնաբանութիւնը սուրիացի շատ մը ընթերցողներուն մօտ ընդվզումի ալիք բարձրացուց եւ այնպէս մը հասկցուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը ԱՄՆ-ի Սուրիա ներխուժումը շրջանի քրիստոնեաներու ապահովութեան նպաստող երեւոյթ կը համարէ։ Ի՞նչ կը պատասխանէք ձեր դիտարկումը այս ձեւով մեկնաբանողներուն։

Կիրօ Մանոյեան
– Ըստ էութեան, հարցը ոչ թէ ամերիկեան զօրքերու դուրս բերումով ստեղծուող իրավիճակն է, այլ՝ որեւէ զօրքի դուրս գալով Թուրքիոյ համար ստեղծուող կարելիութիւնը։ Այսինքն, եթէ այդտեղ ամերիկեան ուժերուն փոխարէն ըլլային Սուրիոյ պետութեան զօրքերը եւ կամ այլ՝ երրորդ պետութեան ուժեր, որոնց այդտեղ ներկայութեան պատճառով է, որ Թուրքիա ցարդ չէ ներխուժած Սուրիոյ այդ տարածքէն ներս, այդ ուժերուն շրջանէն դուրս գալով ստեղծուող իրավիճակը մեզի համար մտահոգիչ պիտի ըլլար, եթէ այդ դուրս բերումով կարելիութիւն ստեղծուէր Թուրքիոյ առջեւ՝ ներխուժելու Սուրիա։ Կարծեմ այսքանը կը տեսնեն եւ կ՚ընդունին բոլորը։ Այլ խօսքով, եթէ Սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ այդ շրջանները, պարզ է, որ այդ փաստը ինքնին Թուրքիոյ առջեւ կ՚ըլլայ պատուար՝ Սուրիա չներխուժելու համար։ Բնականաբար, մեզի համար մտահոգիչը ոչ թէ ամերիկեան ուժերու դուրս բերումն է, այլ՝ Թուրքիոյ համար Սուրիա ներխուժելու ստեղծուող կարելիութիւնը։ Ի վերջոյ, Սուրիայէն դուրս պէտք է գան բոլոր այլ պետութիւններու զինուած ուժերը, որոնք Սուրիա չեն հրաւիրուած Սուրիոյ օրինական իշխանութեան կողմէ։

«Գ.»- ԱՄՆ Սուրիա ներխուժումէն տարիներ ետք, վերջերս կ՚որոշէ իր ուժերը հիւսիսային Սուրիայէն դուրս բերել: Այս քայլը, ձեր կարծիքով, ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծման արագացման ուղղութեամբ:

Կ.Մ
.- Սուրիական տագնապը, դժբախտաբար, Սուրիան վերածած է տարբեր պետութիւններու մրցակցութեան, հակամարտութեան բեմին։ Ուստի այն ուժերը, որոնք ազդեցութիւն ունին սուրիական կողմերուն վրայ, անոնց դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ այնքան մեծ՝ որքան իրենց ազդեցութիւնն է. կ՚ենթադրեմ, որ գետնի վրայ զինուած ուժ ունենալը ընդհանրապէս կը մեծցնէ այդ ազդեցութիւնը։ Սակայն, հակառակը անպայման ճիշդ չէ. այսինքն՝ գետնի վրայ զինուած ուժ չունենալը ինքնաբերաբար չի նշանակեր ազդեցութեան բացակայութիւն։ Հետեւաբար, ամերիկեան զինուած ուժերու Սուրիայէն դուրս բերելը կրնայ պակսեցնել Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծումի գործընթացին վրայ, բայց այդ կրնայ եւս այդպէս չըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգներ փորձէ իր ազդեցութիւնը բանեցնել երրորդ պետութիւններու միջոցով։ Ընդհանրապէս, Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծումը պէտք է վերապահուի բացառաբար սուրիացիներուն, առանց այլ պետութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութեան։ Սակայն, դժբախտաբար, այսօր իրավիճակը այնպէս չէ, որ սուրիական քաղաքական տարբեր ուժեր ինքնուրոյն ձեւով փորձեն իրենց հարցերը։

«Գ.»- Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն վրայ թրքական ուժերու շարունակուող կուտակումը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

Կ.Մ.- Այդ կուտակումը մեզի համար մտահոգիչ է, թէ՛ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, եւ թէ այդ շրջաններուն մէջ ապրող սուրիահայերու անվտանգութեան դիտանկիւնէն։ Թուրքիա կը յայտարարէ, որ առաջին առիթով պիտի ներխուժէ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններէն ներս, եւ փորձէ դէպի հիւսիս-արեւելեան շրջան յառաջանալ։ Ան արդէն քանի մը տարի առաջ ներխուժեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններ եւ առ այսօր գրաւման տակ կը պահէ այդ շրջանները։

«Գ.»– Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք թրքական գործօնին ներկայացուցած վտանգը Սուրիոյ ժողովուրդին ապահովութեան եւ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման դիտանկիւնէն:

Կ.Մ.- Թուրքիոյ նկրտումները, իր շարք մը հարեւաններու հողերուն նկատմամբ, նորութիւն չեն։ Այսօր, Սուրիան, սուրիական հողերը Թուրքիոյ գլխաւոր թիրախն են։ Նկատի ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններու նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը, որուն համաձայն պէտք է վերականգնի Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ժամանակին Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած, իսկ այսօր հարեւան երկիրներուն մաս կազմող տարածքներուն վրայ, պէտք է մտահոգիչ համարել թրքական գործօնը, որովհետեւ Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժումը երկարաժամկէտ նպատակներ ունի։ Իսկ անմիջականօրէն, պէտք է ենթադրել, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու տագնապի սկզբնական շրջանին ունեցած վարքագիծը կրնայ կրկնուիլ։ Այսինքն, կրկնել այն ինչ, որ Թուրքիա կամ իր հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ շրջակայքին մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումները ըրին՝ կողոպտեցին սուրիացիներուն պատկանող գործարանները, գողօնը փոխադրեցին Թուրքիա, ապա՝ այդ տարածքները դարձուցին ռմբակոծումներու եւ բախումներու թիրախ, ինչ որ պիտի ենթադրէ նոր տեղահանումներ տեղւոյն բնակչութեան, նոր զոհեր, նոր մարդկային ողբերգութիւն։

«Գ.»-
Կը հաւատանք, որ նման երեւոյթներուն դէմ կրնայ դնել ու պիտի դնէ, բնականաբար, սուրիական բանակը՝ իր դաշնակիցներուն գործակցութեամբ, վերահսկողութեան տակ առնելով Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը, գործակցելով տեղւոյն բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ:

Հարցազրոյցը վարեց

Զարմիկ Պօղիկեան

kantsasar.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսել

«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու,

17 Հոկտեմբեր 2026
Հաղորդագրութիւն «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադր

40 տարուան տեւողութեան «Վանայ Ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայու

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company