9-րդ (Թ.) Ընդհ. Ժողով, Երեւան, 1919
ՀՅԴ իններորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է 1919 թուականի Սեպտեմբեր 27 – Հոկտեմբեր 30, Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութիւն:
27 Սեպտեմբեր 1919ին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր ամսու աւարտը: Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ առաջին հերթին իր գումարման պահու ա՛յս դիտանկիւնէն:
Եղաւ Դաշնակցութեան առաջին գերագոյն ժողովը, որ կը գումարուի Անկախ Հայաստանի եւ հայ ազգային պետականութեան պայմաններուն մէջ:
Հրաչ Տասնապետեանի ամփոփումով (տես՝ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Կազմութենէն Մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով» աշխատութիւնը), ժողովը ունեցաւ «ամենալայն ներկայացուցչական պատկեր ու յստակօրէն համազգային բնոյ»չ:
Ժողովին իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան՝
— Հայաստանի ու Արեւելեան Բիւրօները եւ «բոլոր այն մարմինները, որոնք իրաւապէս գոյութիւն ունէին Ութերորդ Ընդհանուր ժողովի օրերուն (1914)».
– Նաեւ այն մարմինները, «որոնք կազմուած էին հնգամեակի ընթացքին (Բասէն, Բագրեւանդ, Հարք-Ապահունիք), ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կը բխէին Հայաստանի նոր իրականութենէն (Խորհրդարանական Ֆրակցիա, Երեւանի Ներկայացուցչական Խորհուրդ եւ այլն):
Ժողովի նախապատրաստութեան շրջանին, Մարտ 1919էն սկսեալ, ՀՅԴ զոյգ Բիւրօները «արեւմտահայ մարմիններուն տուած էին յատուկ դիւրութիւններ՝ իրենց կազմերը ամբողջացնելու»:
ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովի «Որոշումներու Գրքոյկ»ին համաձայն՝ ժողովին մասնակցեցան վճռական ձայնով 61 եւ խորհրդակցական ձայնով 19 պատգամաւորներ:
ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովը եկաւ պատմական արժեւորումը կատարելու հայ ժողովուրդին հնգամեայ մաքառումին՝ մահուան անդունդը թաւալգլոր անկումին եւ հրաշափառ յարութեան, որուն պսակումը եղան Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը:
Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման աւելի քան երեսնամեայ պայքարին յաղթանակով պսակումը ամրագրելու իմաստով, այլեւ՝ հայ քաղաքական մտքի ակամայ, այլ բռնի երկփեղկումին վերջ տալու առումով: Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութեան Ծրագրէն ջնջեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի համար 1907ի 4րդ Ընդհանուր ժողովին առաջադրած լայն ինքնավարութեան քաղաքական առաջադրանքները եւ, փոխարէնը, որոշեց ծրագրային նպատակ ունենալ «Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստան»ի իրագործումը:
ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովը պատմական եղաւ նաեւ ու մանաւանդ թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան պատասխանատուները պատժելու իր որոշումով, որ ամրագրուեցաւ «Նեմեսիս գործողութեան» առջեւ ծրագրումի եւ կազմակերպումի կանաչ լոյս բանալով:
Նազարէթ Պէրպէրեան