Նիկողայոս Տէր Յովհաննէսյան - Նիկոլ Դուման

Ծնած՝ Ղարաբաղի Ղշլաղ գիւղը: Քահանայի որդի, կ’աւարտէ Շուշիի թեմական դպրոցը: Ռազմիկ, ռազմագէտ: Ուսուցիչի պաշտօն կը վարէ Թաւրիզի եւ Սալմաստի մէջ, միաժամանակ կուսակցական գործիչ է: Պողազ Քէսանի կռիւին քիւրտերը զինք կը մկրտեն «Դուման», որ կը նշանակէ փոթորիկ:
Խումբեր կը մարզէ ու կ’առաջնորդէ Վասպուրական, կը վարէ բազմաթիւ կռիւներ: Հայ-թաթարական կռիւներներուն կը նշանակուի ընդհանուր ղեկավար Արարատեան դաշտի:
Պարսկական ազատագրական շարժման, որպէս հրամանատար հարիւրեակի մը, կը յաջողի ապահովել Թաւրիզի պաշտպանութիւնը յետադիմական ուժերու դէմ:
Կը մասնակցի Քոփէնհակնի միջազգային ընկերվարական համագումարտին: Խանասորի արշաւանքի կազմակերպիչներէն:
Կամաւորական խումբերու կազմումի ատեն, անձնասպան կ’ըլլայ Կովկասի մէջ, երբ կը գիտակցի որ իր հիւանդ վիճակով այլեւս չի կրնար միանալ իր զէնքի ընկերներուն: Նիկոլ Դուման 47 տարեկան էր:
-«Նիկոլ Դուման. Հայոց Ազատամարտի անզուգական Հայդուկապետը»
-««Պողպատէ կամքով ղարաբաղցի լեռնականը», Հայոց «Ազատագրութեան Մարտիկ»ը»-Ն.