Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Ե. հատոր Երուանդ Փամպուքեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 2007

ՓՈԽԱՆ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ

Քսանըհինգ տարիներու ընդմիջումէ ետք, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով ահա կը վերսկսի «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի վաւերագրերու հրատարակութիւնը: Արդարեւ անոր վերջին՝ չորրորդ հատորի տպագրութեան թուականը 1982 է:

Երկարամեայ այս ընդհատումը անկարելի դարձուցած էր Հ.Յ.Դ. արխիւներուն օգտագործումը՝ պարզապէս անոր համար, որ ամէնօրեայ ռմբակոծումներէ, հրդեհներէ եւ այլ բազմաբնոյթ վտանգներէ փրկելու համար, ուրիշ պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող առարկաներու կարգին, արխիւային այդ նիւթերը եւս տեղափոխուած էին Պէյրութէն դուրս ապահով թաքստոց, ուր փականքի տակ պիտի մնային անոնք տարիներ շարունակ: Երկրորդ գլխաւոր պատճառը «Նիւթ»ը հրատարակութեան պատրաստող խմբագիր ընկերոջ՝ Հրաչ Տասնապետեանի առողջական աննախանձելի վիճակն էր, որ հետզհետէ վատթարանալով անկարելի դարձուց գործին վերսկսումը: Եւ ասիկա՝ հակառակ այն իրողութեան, որ հանգուցեալ ընկերոջ բուռն փափաքն էր իր կեանքի վերջին տարիներուն աւարտած տեսնել շարքին գէթ հինգերորդ հատորը՝ ամբողջացուցած ըլլալու համար Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհ. Ժողովին վաւերագրելու լոյս ընծայումը*:

*հատուած

530 էջ Ներբեռնել