Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Մասին Նիկոլ Աղբալյան ՀՅԴ Հանրային Կապերու գրասենեակ Երեւան 2021

Այս գրքոյկին մէջ ներկայացուած Նիկոլ Աղբալեանի գործերը նորութիւն մը չեն Դաշնակցութեան մէջ եւ անոր շուրջ ապրող ընկերներուն եւ համակիրներուն համար: ՀՅԴ
պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ 92 տարի առաջ լոյս տեսած «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» յօդուածաշարը, ինչպէս նաեւ տասնամեակ մը ետք հրապարակուած միւս երկու յօդուածները, այսքան տարիներ ետք, կուսակցութեան Ծրագրի եւ Կանոնագրի որոշ փոփոխութիւններով հանդերձ, կը պահեն իրենց ամբողջական իմաստը եւ արժէքը:
Այս գրքոյկը, մեր կուսակցութենէն եւ անմիջական շրջապատէն հեռու գտնուող մարդոց համար, պատուհան մըն է դէպի ներսը Դաշնակցութեան՝ որպէս կազմակերպութիւն եւ կառոյց, եւ Դաշնակցականին՝ որպէս մտածելակերպ եւ ապրելակերպ:

Գրքոյկի վերահրապարակումը կը նուիրենք Հ.Յ.Դ. 130 ամեակին:

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակ
Դեկտեմբեր 2020

158 էջ Ներբեռնել