Այս գրքոյկին մէջ ներկայացուած Նիկոլ Աղբալեանի գործերը նորութիւն մը չեն Դաշնակցութեան մէջ եւ անոր շուրջ ապրող ընկերներուն եւ համակիրներուն համար: ՀՅԴ
պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ 92 տարի առաջ լոյս տեսած «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» յօդուածաշարը, ինչպէս նաեւ տասնամեակ մը ետք հրապարակուած միւս երկու յօդուածները, այսքան տարիներ ետք, կուսակցութեան Ծրագրի եւ Կանոնագրի որոշ փոփոխութիւններով հանդերձ, կը պահեն իրենց ամբողջական իմաստը եւ արժէքը:
Այս գրքոյկը, մեր կուսակցութենէն եւ անմիջական շրջապատէն հեռու գտնուող մարդոց համար, պատուհան մըն է դէպի ներսը Դաշնակցութեան՝ որպէս կազմակերպութիւն եւ կառոյց, եւ Դաշնակցականին՝ որպէս մտածելակերպ եւ ապրելակերպ:
Գրքոյկի վերահրապարակումը կը նուիրենք Հ.Յ.Դ. 130 ամեակին:
ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակ
Դեկտեմբեր 2020