ՌՈՍՏՈՄ Հրաչ Տասնապետեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 1979

ԱՅՍ ՀԱՏՈՐԸ (հատուած)

…Հատորին մէջ տեղ գտած գրութիւնները, Ռոստոմէն թէ Ռոստոմի մասին, մեծ մասով անտիպներ չեն: Անոնք քածուած են մեր պարբերական մամուլէն, յատկապէս ԴՐՕՇԱԿի, ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրի եւ ՎԷՄի համարներէն, ինչպէս նաեւ ԴԻՒԱՆ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ երկու հատորներէն, ՅՈՒՇԱՊԱՏՈՒՄէն եւ կուսակցական թէ անհատական զանզան այլ հրատարակութիւններէ:

…Հատորը բաղկացած է չորս մասերէ:
-Առաջին մասը կոչուած է տալու Մեծ Յեղափոխականին բարոյական դիմագիծն ու արժէքը…:
-Երկրորդ բաժինը յատկացուած է ԴՐՕՇԱԿի այն խմբագրատականներուն եւ յօդուածներուն որոնք, Սիմոն Վրացեանի, Վահան Նաւասարդեանի եւ ուրիշներու վկայութեամբ կը պատկանին Ռոստոմի գրչին, ինչպէս նաեւ Ռոստոմի կարգ մը այլ գրութիւներններուն (Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆի հատորներէն եւ զանազան այլ հրատարկութիւններէ քաղուած)…:
-Երրորդ բաժինը յատկացուած է Ռոստոմի իննիսուն նամակներու, որոնք լոյս տեսած են ԴԻՒԱՆ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ զոյց հատորներուն, ՎԷՄի համարներուն եւ զանազան այլ հրատարակութեանց մէջ: Նկատի ունեցած ենք ե՛ւ Ռոստոմի կողմէ անձնապէս ստորագրուած նամակները, ե՛ւ անոնք, որոնք գրուած են ԴՐՕՇԱԿի Խմբագրութեան կամ Արեւմտեան Բիւրոյի անունով, բայց բացայայտօրէն կը պատկանին Ռոստոմի գրչին…:
-Հատորի չորրորդ եւ վերջին մասը յատկացուած է զանազան հեղինակներու, յեղափոխական ընկերներու եւ յօդուածագիրներու կոծմէ Ռոստոմի մասին գրուած յուշերու եւ տպաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութենէն կարգ մը դրուագներու…, որոնց մէջ կարեւոր, յաճախ նաեւ որոշիչ դեր ունեցած է Ռոստոմ:

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

444 էջ Ներբեռնել