2-րդ (Բ.) Ընդհ. Ժողով, Թիֆլիս, 1898

ՀՅԴ երկրորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի է ունեցել 1898 թվականի ապրիլ-հուլիս ամիսներին՝ Թիֆլիսում, Վրաստան (Ռուսական կայսրություն):

Հ.Յ. Դաշնակցության Բ. Ընդհանուր ժողովը կը բացուի Թիֆլիսի մէջ, 1898 թուականի Ապրիլ 5ին եւ կը տեւէ մինչեւ Յուլիս ու կ’ունենայ 66 նիստ։ Երկար վիճաբանութիւններէ ետք սոյն ժողովը կ’արտօնէ ուժերու կեդրոնացում Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ կատարել ցոյցեր Կ. Պոլսոյ եւ ծովեզերեայ քաղաքներու մէջ, կը մերժէ ֆետայական գործունէութիւնը ու կը ձգտի զօրացնել հայ ժողովուրդի մէջ ընդհանուր ապստամբութեան ոգին։

Ժողովը կ’որոշէ նաեւ հաստատել սերտ կապեր օսմանեան իշխանութեան ներքեւ ապրող ասորիներու, մակեդոնացիներու եւ յոյներու հետ։ Կ’որոշէ գործակցիլ Երիտասարդ թուրքերու հետ, պարզել անոնց ՀՅԴ ձգտումները թուրք կառավարութեան նկատմամբ եւ ստեղծել յեղափոխական ուժ թուրքերու մէջ։ Ժողովը կ’որոշէ ապստամբութեան համար կեդրոնացնել գաղտնի ուժեր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ որոշ շրջաններուն մէջ։ Պէտք է ըսել, որ հակառակ Բ. Ընդհանուր ժողովի կողմէ տրուած որոշումին, տեղի կ’ունենային հայդուկային կռիւները, որոնց պատճառով Օսմանեան կառավարութիւնը խիստ հսկողութեան կ’ենթարկէր ազատագրական պայքարով տոգորուած հայկական որոշ շրջաններ, ինչպէս՝ Սասունը։

Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր ժողովը որոշած էր տանիլ քարոզչական աշխատանք արտասահմանի մէջ, եւրոպական քաղաքական շրջանակներու վրայ բարոյական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով։ Սոյն ծրագրի կենսագործման համար, Ժընեւ կու գայ Ք. Միքայէլեան, որ կը բարձրացնէ մակարդակը «Դրօշակ» թերթին՝ Ակնունիի, Ահարոնեանի եւ տաղանդաւոր այլ մտաւորականներու աշխատակցութեամբ։ «Դրօշակ»ը կը ստանայ նոր որակ, երբ Ակնունին կը ստորագրէ «Կովկասեան խաբրիկներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը եւ Ք. Միքայէլեան լոյս կ’ընծայէ «Ամբոխային տրամաբանութիւն» խորագրեալ իր աշխատութիւնը։

Ք. Միքայէլեան «Դրօշակ» թերթին համար կ’ապահովէ նաեւ աշխատակցութիւնը օտար հայասէրներու, ինչպէս՝ Ժորես, Պրեսանսէ, Անատոլ Ֆրանս, Փիեռ Քիառ եւ ուրիշներ։

1900ին Փարիզի մէջ, Ք. Միքայէլեանի նախաձեռնութեամբ, ֆրանսերէնով լոյս կը տեսնէ «Փրօ Արմենիա» հանդէսը՝ խմբագրութեամբ Փիեռ Քիառի։ Սոյն թերթին կ’աշխատակցին Եւրոպայի հայասէր օտար մտաւորականներ։ Այս առիթով Մոսկուայէն կը հրաւիրուի բժիշկ Յովհաննէս Լոռու-Մելիքեան, որ կը տանի քարոզչական բեղուն աշխատանք՝ ծանօթացնելով Հայ Դատը օտարներուն։ Կարճ ատեն ետք, «Փրօ Արմենիա» թերթը կը դառնայ կեդրոն՝ հայանպաստ գործունէութեան։

Աշոտ Ներսիսեան
«Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն» (1898-1908) Բ. հատոր

-Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար. Բ. Հատոր