3-րդ (Դ.) Ընդհ. Ժողով, Սոֆիա, 1904

ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի է ունեցել 1904 թվականի փետրվար-մարտ ամիսներին՝ Սոֆիայում, Բուլղարիա:

Հ.Յ. Դաշնակցության Գ. Ընդհանուր ժողովը տեղի կ’ունենայ Սոֆիայի մէջ, 1904ի Յունուար 31ին, եւ կը տեւէ մինչեւ Մարտ։ Ժողովին ներկայ էին՝ Ք. Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Մարտիրոս Մարգարեան, Աւետիք Եղիկեան եւ ուրիշներ։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ «Փրօ Արմենիա» թերթի խմբագրապետ Փիեռ Քիառ։ Երրորդ ժողովը կը սկսի օրակարգի հարց ունենալով թուրք կառավարութեան ծրագրած յարձակումը Սասունի վրայ եւ զայն դիմակալելու ռազմական միջոցները։

Արդարեւ, Սասունի ինքնապաշտպանութեան կռիւները կը սկսին 1904ի Յունուարին, երբ թրքական զօրքերը կը յարձակին հայոց վրայ Սալեհ փաշայի հրամանատարութեամբ։ Կռիւներու ընթացքին Հրայր Դժոխք կը նահատակուի եւ զինք կը փոխարինէ Սեբաստացի Մուրատ։ Նկարագրելէ ետք Սասունի կռիւները, հեղինակը կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ կարելի չէր յաջողութիւն ձեռք ձգել հայդուկային կռիւներով միայն, այլ անհրաժեշտ էր դիմել ժողովրդային ընդհանուր եւ միացեալ ապստամբութեան։

Այս շրջանին ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովը կ’որոշէ մահափորձի ենթարկել սուլթան Համիտը Կ. Պոլսոյ մէջ։ Քրիստափոր Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ սոյն մահափորձը դժբախտաբար կը ձախողի գործնական պատճառներով։

Աշոտ Ներսիսեան 
«Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն» (1898-1908) Բ. հատոր

-Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար. Բ. Հատոր