Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Ա. հատոր Հրաչ Տասնապետեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 1970

«Տրուած ըլլալով սակայն կարեւորութիւնը մեր կուսակցութեան արխիւներու հրատարակութեան՝ հայ ժողովուրդի վերջին ութսունամեակի – եւ ի մասնաւորի 1890-1921 տարիներու – ազատագրական պայքարի պատմութեան ամբողջական ծանօթացման եւ շարք մը մասնակի հարցերու պարզաբանման տեսակէտէն, մենք եւս կը ձեռնարկենք արխիւային նիւթերու հրատարակութեան՝ լոյս ընծայելով ամիսը մէկ պրակ, իբրեւ յաւելուած «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի, էջերու առանձին եւ յաջորդական համարակալումով: ՆԻՒԹԵՐ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ այս շարքը, աւելնալով ԴԻՒԱՆի երկու հատորներուն, «Հայրենիք»ներու եւ այլ պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած ու տակաւին հրատարակելի դիւանական այլ նիւթերուն, յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ մեր կուսակցութեան առաջին երեսնամեակի (ապա նաեւ յաջորդող տասնամեակներու) յեղափոխական-քաղաքական-հասարակական գործունէութեան վրայ, խթան հանդիսանալով ու հնարաւորութիւն ընծայելով ներկայ եւ ապագայ պատմագիրներուն՝ ամբողջական եւ առարկայական գնահատանքը ընելու անոր պատմական մեծ առաքելութեան եւ հերոսական գործունէութեան»*:

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
*հատուած

302 էջ Ներբեռնել