Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Է. հատոր Երուանդ Փամպուքեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 2010

Յառաջաբան

Առաջին գլուխի բովանդակութեան հիմնական կորիզը կը կազմեն թիւ 44 եւ 51 թղթածրարները, ուր կը գտնենք շատ հակիրճ խմբագրութեամբ շարադրուած Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի 1904, 1905, 1907 եւ 1908 տարիներու «Արձանագրութիւնները» եւ «Որոշումները»:

Երկրորդ գլուխը յատկացուած է Դաշնակցութեան Խորհուրդին, Արեւելեան ու Արեւմտեան Բիւրոներու եւ Պատասխանատու Կեդր. Կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներէն բաղկացած մարմին, որ Ընդհ. Ժողովներու միջեւ ինկող տարիներուն հաւաքուելով կ’առնէր վճռական որոշումներ, պատրադիր բոլոր մարմիններուն, ներառեալ Բիւրոներուն համար:

Երրորդ գլուխը կը բովանդակէ Կովկասի մէջ գումարուած Ռայոնական Ժողովներու արձանագրութիւնները, իրենց ընդարձակ օրակարգերով եւ քննարկումներով, որոնք յաճախ կ’ունենային Ընդհ. Ժողովներու մէջ կատարուածին տարողութիւնը:

Չորրորդ գլուխի նիւթը Դաշնակցութեան անդամակցութիւնն է Միջազգային Ընկերվար կազմակերպութեան, նախ ռուսաստանեան ապա նաեւ Թրքահայաստանի բաժանմունքներով:

Հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները յատկացուած են յաջորդաբար՝ Օսմանեան սահմանադրութեան ու Ատանայի կոտորածներուն եւ Պարսկաստանի սահմանադրական շարժումներուն:

Եօթներորդ եւ վերջին գլուխով կը տրուին Վասպուրականի դաշնակցական կազմակերպութեան վերաբերող յատկանշական մէկ տեղեկագիրը, ինչպէս նեւ Տարօն-Սասունի Քղիի մասին ազգագրական ու ընկերային-տնտեսական բնոյթի զեկուցագրեր*:

Երուանդ Փամպուքեան
*հատուած

384 էջ Ներբեռնել