Յառաջաբան
«ՆԻՒԹԵՐ»ու ներկայ ԺԱ. հատորը կը ծածկէ յարաբերաբար երկար ժամանակաշրջան, որ սկիզբ կ’առնէ Հ.Յ.Դ. Եօթներորդ Ընդհ. ժողովին (1913 թ. Օգոստոս) յաջորդող օրերէն մինչեւ 1915 թ. Ապրիլ 11/24ը,- Հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն տագնապալի մէկ շրջանը երբ, հայկ. բարենորոգումներու հարցի միջազգային արծարծումով, յուսատու հեռանկար մը կ’ուրուագծուէր հայ ժողովուրդի մօտաւոր ապագայի համար, բայց որ շուտով, առաջին աշխարհամարտի թուհուբոհին մէջ, պիտի փոխակերպուէր պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող արհաւիրքի՝ Մեծ եղեռնին, ծանօթ այսօր Հայկական ցեղասպանութիւն անունով: Ցաւոտ այս հարցը վկայակոչող առաջին փաստաթուղթերը պիտի գտնենք արդէն ներկայ հատորին մէջ, իսկ 1915 թ. Ապրիլ 11/24ին յաջորդող իրադարձութիւններուն վերաբերողները տեղ պիտի գտնեն յաջորդ՝ ԺԲ. գրքին մէջ*:
Երուանդ Փամպուքեան
*հատուած
