Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար ԺԲ. հատոր Երուանդ Փամպուքեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 2016

Յառաջաբան

«ՆԻՒԹԵՐ»ու ԺԲ. հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց Մեծ եղեռնին։
1915 թ. Ապրիլ 24ը նախորդող ժամանակաշրջանին եւ յատկապէս առաջին Աշխարհամարտի շղթայազերծումով սկիզբ առած հալածանքներու, հակահայ բռնարարքներու մասին առատ նիւթ տրուած է արդէն նախորդ՝ ԺԱ. հատորի տարբեր գլուխներուն տակ (տեսնել էջ 198-245, 286-309)։ Վկայակոչուած վաւերաթուղթերուն մէջ բացայայտ կը դառնայ որ Իթթիհատի ղեկավարութեան կողմէ հայերը բնաջնջելու կանխորոշուած ծրագիրը գործադրութեան կը սկսի դրուիլ համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերէն, նախքան Թուրքիոյ պաշտօնական մասնակցութիւնը այդ պատերազմին։ Սկզբնական գործողութիւնները կը կեդրոնանան առաւելաբար հայկական նահանգներու եւ Կիլիկիոյ մէջ, ուր համախումբ կ’ապրէր Օսմանեան կայսրութեան աւելի քան երկու միլիոն հաշուող հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը*։

Երուանդ Փամպուքեան
*հատուած

464 էջ Ներբեռնել