«Մարգարէն» – Սիմոն Զաւարեան ՀՅԴ Հանրային Կապերու գրասենեակ Երեւան 2020

«Պիտի յիշե՞ս նրան, հա՛յ ժողովուրդ, – չգիտեմ: Մարդկութիւնը այնքա՜ն մոռացկոտ է: Բայց նրա համար – միեւնոյն է: Նա չէր տանում պերճանք ու երախտագիտութեան ցոյցեր՝ իր կեանքի ընթացքում: Դրանք բնաւ պէտք չեն նրան եւ այժմ, մահից յետոյ»:

Ազգային, կուսակցական գործիչ Յակոբ Զաւրեանի (Զաւրիեւ) այս խօսքերը, կարելի է համարել սոյն գրքոյկի պատրաստման «դրդապատճառը»: Հայ ժողովուրդը կը յիշէ՞ այսօր, որ Զաւարեան ունեցած է, թէ՞ յիշեցնելէ առաջ, պէտք է կրկին եւ կրկին ծանօթացնել ժողովուրդին իր պատմութիւնը կերտող «Մարգարէ»ներուն հետ:

Ահա, Զաւարեանի մահէն 107 տարիներ ետք, մենք կը շարունակենք ժողովուրդը ծանօթացնել Զաւարեաններու կենսագրութեան, նկարագրին, կերպարին, կրած արժէքներուն, որոնք 19-րդ դարու վերջերուն գործի վերածուելով, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի զարթօնքը շեփորեցին: Այո՛, այս կենսագրութիւնները համայն ազատատենչ մարդկութեան կը պատկանին, սակայն հայ ժողովուրդը պէտք է տէ՛րը դառնայ, իւրացնէ եւ օգտուի այդ գաղափարական աղբիւրներէն եւ մկրտէ՛ սերունդները անոր «ջուր»երով, եթէ չուզեր ծառաւիլ Հայրենիքի եւ Ազատութեան:

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակ
Հոկտեմբեր 2020

46 էջ Ներբեռնել