«Պիտի փորձենք տալ ամփոփ պատմութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմական կառոյցին եւ անոր հետ առընչուող կազմակերպական հիմնական կանոններուն: Յաւակնութիւնը չունինք նիւթը սպառել կարենալու, տալով կառոյցի ամբողջ պատկերը եւ անոր հոլովոյթը՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ: Այնքան ատեն որ չեն հրատարակուած Դաշնակցութեան արխիւային բոլոր փաստաթուղթերը, առ նուազն Ընդհանուր եւ Ռայոնական Ժողովներու, Բիւրոներու եւ Պատասխանատու Մարմիններու ատենագրութիւնները, շրջաբերականները եւ նամակները, շատ դժուար է, չըսելու համար անկարելի, ըստ բաւականի լրիւ ուսումնասրիւոեթան մը ձեռնարկել:
… Կը կարծենք սակայն, որ այս աշխատութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ ներկայի իր համեստ տարողութեամբն իսկ»*:
*հատուած՝ Ներածականէն (էջ 5)
Հատորը նուիրուած է Ընկեր Ռուբէնի անմահ յիշատակին
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կազմակերպութեան Կառոյցի Հոլովոյթը/ Հրաչ Տասնապետեան
«Ազդակ-Շաբաթօրեակ – Դրօշակ»ի մատենաշար – թիւ 1
Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան
