Ինչ կը վերաբերի ներկայ հատորով ընթերցող հասարակութեան ներկայացւող Ն. Դումանի նամակներուն, անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ վերցուած են Պոսթընի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական արխիւատան պահոցներէն, ուր անոնք տեղադրուած են տարբեր շրջաններու յատուկ թղթածրարներու մէջ: Հեղինակին ձեռագիրը շատ յստակ է ու դիւրին ընթեռնելի: Պահած ենք, ըստ կարելւոյն, իր լեզուական ու ուղղագրական առանձնայատկութիւնները:
Հատորի վերջին բաժնին կցուած են երկու յաւելուածներ.
ա.- Նիկոլ Դումանի նամակները, թիւով 24, ուղղուած իր բարեկամներէն Արմենակ եւ Զապէլ Արապեան ամոլին:
բ.- Նիկոլ Դումանի հեղինակած «Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան» երկասիրութիւնը, առանձին ներածականով մը ճշգրտելով այդ գործի առաջին հրատարակութեան թուականը:
Ե. Փ.
Նիկոլ Դուման Նամականի/ Հրատարակութեան պատրաստութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Երուանդ Փամպուքեանի։
ՎԷՄ Մատենաշար Թիւ 3
«Լուսակն» հրատ.