Հայաստանի Պատգամը
01 Մարտ 2019ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վարչապետ Փաշինեանի շռնդալից այցը Թեհրան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Միրզոյեանի նոյնքան ուշագրաւ այցը Մոսկուա յստակ պատգամներ կը պարունակեն ուղղուած՝ Միցաեալ Նահանգներու Անվտանգութեան պետ Պոլթընի բացայայտ ակնկալութիւններուն: Պոլթընի առաքելութիւնը Հայաստանը Իրանէն խզելու եւ Ռուսաստանէն հեռացնելու արդէն ձախողած պէտք է համարել: Հայաստանի դիտաւորութիւններուն հանրագումա՛րը՝ (ա) Հայաստանը Արեւմուտքի անկեղծ գործընկերն է, բայց անոր արբանեակը չէ. (բ) Ռուսաստանի ու Իրանի հետ Հայաստանը ունի ռազմավարական սերտ առընչութիւններ, որոնք սակարկութեան ենթակայ չեն կրնար ըլլալ եւ չեն: Այս բոլորը՝ յստակ ու մեկի՛ն: Եւ այս բոլորը կ՛ենթադրէ, որ Հայաստան նոյնքան նախանձախնդիր պիտի ըլլայ իր անկախութեան՝ Արեւելքի՛ իր ռազմավարական գործընկերներուն նկատմամբ: Եւ իր բծախնդրութեամբ, Հայաստան՝ ի՛նքն է, որ պիտի հաստատէ տիեզերական կանոնը իր անկախութեան:
Այս առումով, ինչպէ՞ս բացատրել ռուս խորհրդարանականներու մասնակցութիւնը Պաքուի հակահայ ցոյցերուն: Ի՞նչ որակում տալ քաղաքական այս անհեթեթ արարքին: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս քայլը առնուած է պր. Փութինի հակակշռէն դուրս… Բացարձակապէս Ո՛Չ: Այս արարքին ետին պէտք է փնտռել Մոսկուայի նոյն երկդիմի քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կաշառելու եւ Պաքուի հարստութենէն բաժին վերցնելու ի դիմաց ատրպէյճանական գեր-սպառազինման ծրագիրներու:
Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները շատ բարդ են եւ բազմաշերտ եւ նոյն չափով նաեւ մանուածապատ է հայկական դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այնուամենայնիւ ընդունելի չէ, որ ռուս պետական դէմքեր մտնեն ցեղասպան ուժերու խաղին մէջ եւ կացինահարեն արմատները հայ-ռուսական բարեկամութեան: Հայաստան պիտի չվարանի այս հարցին մէջ գերազանցօրէն բծախնդիր ըլլալու:
asbarez.com