Նորացված չարաբաստիկ մադրիդյան սկզբունքները
21 Մարտ 2019 Հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը վերջերս դարձեալ կեդրոնացած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգաւորման խնդրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ զարգացումներուն վրայ:Փաստօրէն խօսքը կը վերաբերի այն տարատեսակ եւ յարափոփոխ յայտարարութիւններուն, տեսակցութիւններուն եւ զանազան ձեւաչափի հանդիպումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս` արտաքին գործոց նախարարներու, Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի միջեւ, առայժմ` առանց Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան. կը թուի, թէ այս բոլորին աշխատանքային եւ բանակցային առանցքը չարաբաստիկ նորացուած Մատրիտեան սկզբունքները կը հանդիսանան:
Մատրիտեան տարբերակի 14 կէտերէ բաղկացած քաղաքական սկզբունքները ԵԱՀԿ-ի համանախագահներու կողմէ առաջին անգամ հրապարակուեցաւ եւ հակամարտող կողմերուն բանակցութեանց սեղանին վրայ դրուեցաւ նոյեմբեր 2007-ին, որոնք իրականութեան մէջ, պէտք է ըսել, հայանպաստ սկզբունքներ չեն: Օրին այս դիտարկումը, մտահոգութիւնները եւ վերապահութիւնները բազմիցս բարձրաձայնած ենք, որովհետեւ տուեալ տարբերակի բանակցային 14 կէտերէն ոչ մէկը կ’ապահովէ Արցախի Հանրապետութեան սթաթիւս քուոյի պահպանումը եւ Արցախի անվտանգութեան գերակայութիւնը:
Որո՞նք են չարաբաստիկ Մատրիտեան այն սկզբունքները, որոնք, մեր համեստ կարծիքով, կը սպառնան Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ անկախութեան:
Օրինակ` այդ տարբերակի առաջին սկզբունքը, ուր կ’ըսուի. «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը կ՛որոշուի հանրաքուէի միջոցով, որ ԼՂ բնակչութեան կ՛ընձեռէ կամքի ազատ եւ իրական արտայայտում: Սակայն հանրաքուէի ժամկէտներուն եւ մանրամասնութիւններուն շուրջ կողմերը կը համաձայնին ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն ըսելով` կը հասկնանք 1988 թուականի ազգային համամասնութիւնով ԼՂԻՄ-ի մէջ ապրող բոլոր ազգերը, այնպիսի էթնիկ համամասնութեամբ, ինչպիսին էր մինչեւ հակամարտութեան սկիզբը»:
Բանակցային տարբերակի երրորդ սկզբունքի 1, 2 եւ 3 կէտերը, ուր կ’ըսուի. «ԼՂ-ին յարակից ազրպէյճանական բոլոր տարածքները, որոնք կը գտնուին հայկական վերահսկողութեան տակ, կը վերադարձուին ազրպէյճանական վերահսկողութեան»:
«Հայկական ուժերը դուրս կը բերուին Քելբաջարի շրջանէն: Սահմանափակ զօրամիաւորում կը տեղակայուի Քելբաջարի շրջանի այն տարածքին մէջ, որ կ՛որոշէ միջազգային անցումային յանձնաժողովը` մինչեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը»:
«Քելբաջարի շրջանը գտնուելու է միջազգային անցումային յանձնաժողովի վերահսկողութեան տակ»:
Իսկ սոյն փաստաթուղթի չորրորդ սկզբունքը կ’արձանագրէ հետեւեալը. «Համաձայնեցուած լայնքի միջանցքը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը կապէ Հայաստանի հետ: Մինչեւ ԼՂ-ի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը, այդ միջանցքը պիտի գտնուի ԼՂ-ի ժամանակաւոր իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ` համաձայն սթաթիւս քուոյի պայմաններուն, այն պահի դրութեամբ, երբ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը մտնէ ուժի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումէն ետք միջանցքի օգտագործման գործընթացը կը կարգաւորուի` հաշուի առնելով ԼՂ-ի վերջնական կարգավիճակը»:
Իսկ վերջապէս` բանակցային վեցերորդ կէտը, ուր կ՛ըսուի. «Դուրս բերուած շրջաններու ապառազմականացումն ու անվտանգութիւնը դիտարկելու նպատակով միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը պէտք է իրականացուի խաղաղութեան համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելէ անմիջապէս ետք»:
Արդարեւ, ահաւասիկ` մտահոգութիւններու եւ վերապահութիւններու առանցքները, որոնք կը սպառնան Արցախի Հանրապետութեան անկաշկանդ, ազատ ու անկախ գոյութեան, տակաւին չենք խօսիր այն հանգամանքին մասին, որ տուեալ տարբերակներուն մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ հայկական բռնագրաւուած տարածքներուն մասին` Գետաշէնի, Շահումեանի եւ Մարտունաշէնի…
Միանգամայն տեսանելի է այս ու նմանօրինակ բոլոր տարբերակներուն մէջ` ըլլա՛ն անոնք Մատրիտեան, Քազանեան սկզբունքները կամ Լաւրովեան փլանը, ինչպէս նաեւ` Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար երեք սկզբունքները եւ վեց կէտերը, վերջերս` յաճախ միջազգային հարթակներու վրայ արծարծուած, որոնք սակայն անորոշութեան եւ տարածաշրջանային քաղաքական պայմանական իրադարձութիւններու ճակատագրին կը յանձնեն Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան գերակայութիւնը, վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը, արցախահայութեան համար տուեալ տարբերակներուն մէջ նախատեսուած հանրաքուէի մասնակցութեան ձեւաչափը, ժամկէտը եւ լիազօրութիւններուն ճշդման հանգամանքը, խաղաղապահ ուժերուն տեղակայման խնդիրը, պետական վերջնական սահմաններու ընդգծումը եւ, մանաւանդ, Քարվաճառի եւ Բերձորի միջանցքի հայկական կողմին համար անվիճելի ռազմաքաղաքական եւ կենսական հանգամանքը: Ուրիշ խօսքով, ցանկացած տարբերակներու բանակցային կէտերը կամ առաջարկութիւնները, որոնք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան կարգավիճակի կարգաւորումը անքակտելիօրէն չեն պայմանաւորուած Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրումով, կը մնան անընդունելի եւ անհեթեթ` հայկական կողմին համար, որովհետեւ մենք գործ ունինք այնպիսի երկրի մը ահաբեկչական քաղաքական ղեկավարութեան հետ, որ իր անձնական եւ ընտանեկան նեղ հաշիւներուն եւ ներքին ընտրական ու քաղաքական սպառումներուն համար, մանաւանդ` ի տես շղթայազերծած քառօրեայ կայծակնային ու լայնածաւալ պատերազմին, կրնայ որեւէ ատեն անկանխատեսելի քաղաքական եւ պատերազմական արարքներով խնդրոյ առարկայ դարձնել արցախահայութեան անվտանգութիւնը եւ ապակայունացնել տարածաշրջանը:
Ի դէպ, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու շեշտադրումը կը կատարուի եւ կը գերադասուի, որովհետեւ վերջին քսանամեայ Ազրպէյճանի ցուցաբերած ռազմատենչ եւ պատերազմական քաղաքականութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` համաշխարհային աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական փորձը ցոյց կու տան, որ երբեմն, նոյնիսկ, որոշ երկիրներ, որոնք օժտուած են միջազգային ճանաչումով եւ քաղաքական կարգավիճակով, ինչպիսին էին Իրաքը, Սուրիան, Եմէնը, եւ ա՛յսօր` Վենեզուելան, զանազան մեծապետական հաշիւներու բերումով կրնան խորտակուիլ ու կորսնցնել երկրի կայունութիւնն ու անկախութիւնը:
Հետեւաբար բոլորովին հասկնալի պատմաքաղաքական, ռազմական եւ անվտանգութեան պատճառներու բերումով համայն հայութիւնը խիստ մտահոգութիւններ եւ վերապահութիւններ կը տածէ նոյնանման փաստաթուղթերու առկայութեան, եւ իբրեւ այդպիսին, Հայաստանի իշխանութիւնները, յանձինս պրն. վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին, պարտաւոր են իրենց մասնակցած բոլոր միջազգային հարթակներուն եւ բանակցութեանց ընթացքին բարձրաձայնելու համայն հայութեան խոր մտահոգութիւնները եւ վերապահութիւնները` զանոնք վերածելով քաղաքական գործօնի եւ ճնշամիջոցի` մերժելու չարաբաստիկ նորացուած Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք ուղղակի խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն արցախահայութեան անկախութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը, ամրագրուած` 1975-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթով:
Չենք ուզեր կասկածիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ազգային ու արտաքին քաղաքականութեան առնչութեամբ, յատկապէս` Արցախի Հանրապետութեան հարցի կարգաւորման կապակցաբար, որովհետեւ ռազմաքաղաքական անհերքելի փաստ է, որ առանց Արցախի անկախ եւ անկաշկանդ հանրապետութեան եւ առանց անհրաժեշտ անվտանգութեան գօտիներու առկայութեան` դիւրաբեկ են նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ համայն հայութիւնը:
Պարզապէս այն, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացի, տրուած ըլլալով, որ արցախահայութեան հարցի արդար կարգաւորումը համահայկական խնդիր է, արժանապատուութեան եւ անվտանգութեան խնդիր է, յաճախ կը տարուիս մտածելու եւ խստապահանջ ըլլալու երկրի քաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ` ինքզինքիդ հարց տալով, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած ընդհանուր քաղաքականութիւնը յաւելեալ յստակացման չի կարօտիր:
Արդեօ՞ք Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական կեցուածքները, յարափոփոխ յայտարարութիւնները եւ վերելակային քաղաքականութիւնը, Տուշանպէի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի բանակցութեանց հայկական կողմի ձեռքբերումներուն յղումներ չկատարելը չե՞ն տկարացներ բանակցային հոլովոյթին մեր դիրքերը եւ միջազգային հանրութեան առիթ չե՞ն ընձեռեր հայկական կողմին չնպաստող արհեստական լուծումներով առաջնորդուելու…
Արդեօք, վերջապէս, պէտք չէ՞ միջազգային հանրութեան հերթական անգամ դիտել տալ, որ Ազրպէյճանը ի՛նք նախայարձակ եղած է բազմաթիւ անգամ, ի՛նք պատերազմական ոճիրներ գործած է, ի՛նք կորսնցուցած է շղթայազերծուած լայնածաւալ պատերազմը` օժտուած ծանր եւ արգիլուած զէնքերով եւ այլազգի վարձկաններով, եւ ի՛նք, վերջապէս, պահանջած է 1994-ի 12 մայիսի եռակողմ զինադադարի համաձայնութիւնը, որուն տակ ստորագրած են հակամարտող բոլոր կողմերը` Հայաստան, Արցախ եւ Ազրպէյճան:
Պէտք չէ՞ արդեօք հերթական անգամ միջազգային հանրութեան դիտել տալ, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, հակամարտութեան եռակողմ զինադադարի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, միշտ կողմնակից եղած են ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ տարատեսակ առաջարկութիւններուն, բանակցութեանց եւ խաղաղ միջոցներով հակամարտութիւնը լուծելու եւ հայկական զոյգ հանրապետութիւնները միշտ հանդէս եկած են կառուցողական դիրքերէ:
Իսկ Ազրպէյճանը ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ ընթացաւ, ռազմատենչ եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրեց` յաճախ անտեսելով եւ տրորելով բանակցային գործընթացի հոլովոյթը, ամբողջ 20-ամեակ մը խախտեց իր իսկ պահանջած 1994-ի զինադադարը` խլելով բազմաթիւ զոհեր, ապակայունացնելով ամբողջ տարածաշրջանը, դիմեց աննախընթաց զինատեսակի մրցավազքի, բանակցութեան ձեւաչափի փոփոխութեան` Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ապահովելու համար եւ, վերջապէս, ձեռնարկեց լայնածաւալ քառօրեայ պատերազմին, որուն ընթացքին թէեւ աննման հերոսներու եւ ազատամարտիկ զինծառայողներու շնորհիւ պարտութիւն մը եւս կրեց եւ դարձեալ ի՛նք խնդրեց զինադադարի կնքումը, Մոսկուայի մէջ, բայց եւ այնպէս զոհ գացին հարիւրէ աւելի զինուորականներ եւ անմեղ քաղաքացիներ եւ գիւղեր, գործածելով արգիլուած զէնքեր, գործելով անմարդկային ոճրագործութիւններ, պատերազմական յանցագործութիւններ եւ ոճիրներ, որոնց պատճառով, միջազգային օրէնքներու համաձայն, պէտք է Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ամբաստանեալի աթոռին վրայ նստէր` սպասելով միջազգային դատարանի արդար վճիռին:
Այսուհանդերձ, հայկական կողմը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ պէտք է անվարան շարունակէ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացի հոլովոյթին եւ ձգտի խաղաղ միջոցներով հակամարտութիւնը լուծելու եւ հետամուտ ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն:
Հայկական կողմը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է ձգտի բանակցային գործընթացի ձեւաչափի փոփոխութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւնը վերստին վերադառնայ` իբրեւ լիիրաւ հակամարտող կողմ, միջազգային բանակցութեանց սեղանին, ի հեճուկս բոլորին, այլապէս բանակցութիւններու ճակատագիրը փակուղիի կը մատնուի:
Գնահատելով հանդերձ վերջերս Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայկական զոյգ հանրապետութեանց Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդներու նիստը, բայց եւ այնպէս որպէս Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիք պէտք է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ կնքուի ռազմաքաղաքական դաշինք:
Հայկական զոյգ հանրապետութիւնները բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է առաջնորդուին արցախահայութեան 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած կամարտայայտութեամբ, ինչպէս նաեւ տուեալ բանակցութեանց ընթացքին անվարան պէտք է պահանջել հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջաններու ազատագրումը կամ վերադարձը` հայկական հսկողութեան տակ:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com