ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

24 Ապրիլ 2019 Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետներուն:

Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, որ այդ ցնցիչ արհաւիրքին կողքին ապրելու կամք տուաւ մեր մայրերուն եւ հայրերուն, որոնց գոյատեւելու վճռականութեան շնորհիւ յարութիւն առաւ ազգ մը, որուն զաւակները Հայոց ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք տակաւին կը յիշեն ու կը պահանջեն:

Խորհրդաւոր էր մթնոլորտը, շարականներ, աղօթքներ, խօսքեր, խունկ ու մոմ, յարգանք, սակայն անպայման` պահանջատիրութիւն: Յատկանշական էր նաեւ այն, որ այս բոլորին իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեւորականներ, որոնք կը ներկայացնէին երէց սերունդը, երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ` ներկայ սերունդը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը` մեր ապագան:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն անունով արաբերէնով խօսք առաւ Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915-ը հայոց պատմութեան մէջ ճակատագրական եւ վճռորոշ թուական մըն է, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը քալեց դէպի նահատակութեան գողգոթայ, համտեսեց ամէն տեսակ անարդարութեան, չարչարանքի եւ արհաւիրքի դառն բաժակէն, դիմագրաւեց ստոյգ մահը, մինչ աշխարհի պետութիւններ իրենց իշխանութեան սահմանները ընդարձակելով զբաղած էին: Ան հաստատեց, որ ահա 104 տարի ետք հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն տակաւին կենդանի է, այլեւ կը շարունակէ կառչած մնալ իր արդար դատին` պահանջելով ճշգրիտ լուծում, իրաւունքներու վերատիրացում: Ըստ անոր, հայութիւնը երբեք պիտի չընկրկի, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տայ:

Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան դիտել տուաւ, որ այսօր ալ ականատես ենք բազմատեսակ սպանդներու ու ոճրագործութիւններու, հակառակ անոր որ դարերը փոխուեցան, բայց եւ այնպէս ոճիրի ու սպանդի մշակոյթը կը մնայ թրքական մտածողութեան հիմքը: Արդարեւ, ան նշեց, որ թէեւ ազգեր կը շարունակեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու ի խնդիր, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը փորձէ լռեցնել այդ ձայները` աւելցնելով, որ ինչ ալ կատարուի ո՛չ հայերը, ո՛չ ալ լիբանանցիները կրնան մոռնալ այն ոճիրները, զորս գործեցին թուրքերը իրենց հաշուոյն, ինչպէս նաեւ յաջորդող սերունդներ կը շարունակեն մնալ տէրը իրենց դատին, ճակատագիրին` միշտ ձգտելով կերտել լուսաւոր ապագայ, որ հիմնուած է մարդկային վեհ սկզբունքներու, արդարութեան, շրջանին մէջ արժանապատուութեամբ ապրելու առաջադրանքին վրայ:

Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան ըսաւ, թէ Թուրքիա այսօր կը փորձէ քաղաքակիրթ ձեւանալ, սակայն անոր պատմութիւնն ու մշակոյթը լի են ժողովուրդները բռնագաղթի ենթարկելու, զանոնք ոչնչացնելու եւ մահուան հետ կողք-կողքի քալելու քաղաքականութեամբ ու արարքներով: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան հաստատեց, որ հայ երիտասարդներն ու ուսանողները նեցուկ են շրջանին մէջ իրենց դատերուն համար պայքարող ժողովուրդներուն, որոնց իրաւունքներու խլման, զանոնք արմատախիլ ընելու փորձեր կը կատարուին` բարձրաձայն գոչելով, որ կը մերժենք անարդարութիւնը, բռնագաղթը, ցեղասպանութեան նոր ծրագիրներ, եւ կը հաստատենք, որ կառչած ենք մեր սրբազան դատին, որուն պահանջատիրութեան պէտք է միանան շրջանի երկիրները միասնաբար: «Եթէ տեսնես, թէ անարդարը կը շարունակէ իր անարդարութիւնը, գիտցի՛ր, որ իր վախճանը վճռուած է, իսկ եթէ տեսնես, որ անարդարութեան ենթարկուածը կը շարունակէ դիմադրել եւ պահանջել, գիտցի՛ր, որ անոր յաղթանակը վճռուած է», հաստատեց Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան:

Ապա հայերէնով երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը ուղղեց Տիգրան Միհրանեան, որ նկատել տուաւ, թէ 24 ապրիլը ուխտի եւ յանձնառութեան վերանորոգման եւ ճանաչման ու հատուցման պայքարին մէջ անշեղ եւ հաստատուն մնալու պատասխանատուութեան վերահաստատման օր է: Ան դիտել տուաւ, որ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր ըլլալու իր հանգամանքով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանցելիութեան վարկածի եւ քաղաքական ոտնձգութիւններու ենթակայ չէ, այլ պէտք է դատավճիռ արձակուի ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ:

Տիգրան Միհրանեան յայտնեց, որ թէեւ 24 ապրիլին կը վերանորոգենք մեր ուխտը, սակայն ասիկա լոկ խորհրդանշական օր է, որովհետեւ պահանջատիրութիւնը ամէնօրեայ օրակարգ է, այնքան ատեն որ ցեղասպան Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը, կը շարունակէ իրականութիւնները խեղաթիւրել, ճշմարտութիւնը ծածկել: Ըստ անոր, եթէ Թուրքիան չխոստովանի իր նախնիներուն կատարած սպանդները` հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, եզիտիներուն, քզլպաշներուն հանդէպ, համամարդկային արժէքներու հաւատացող երկիր չի կրնար նկատուիլ, որովհետեւ բռնապետութիւնը երբեք չի կրնար ժողովրդավարութիւն ըլլալ:

Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը լոկ հայութեան հանդէպ գործուած ոճիր չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան դէմ, այդ պատճառով ալ աշխարհի տարբեր երկիրներ եւ ազնիւ ժողովուրդներ կը զօրակցին մեր արդար դատին, իսկ մենք` իբրեւ երախտագէտ ժողովուրդ, պարտաւոր ենք սատարելու բոլոր իրաւազրկուած, հալածուած ժողովուրդներու իրաւունքներուն:

Խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Տիգրան Միհրանեան ըսաւ. «Մենք ենք մեր ազգին յոյսը եւ ապագան, մենք պիտի դառնանք ապագայի զինուորները, որոնք պիտի պաշտպանեն հայրենիքը եւ Արցախի սահմանները, մենք պիտի դառնանք ապագայի մանկավարժներն ու ուսուցիչները, իրաւաբաններն ու գիտնականները եւ վերջապէս ազգի գոյատեւումը երաշխաւորողներն ու պահանջատէրները: Ահա այս իմաստով մեր ուսերուն դրուած է մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Նախորդ սերունդներէն մեզի փոխանցուած անաւարտ առաքելութիւնը շարունակելու ուխտն է, որ այսօր, այստեղ կը կատարենք»:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թէքէեան» երիտասարդական նուագախումբի անդամները` դաշնակ եւ ջութակ, Յովիկ Քարախանեան` ջութակ, Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական եւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբերը, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, եւ որոնք շատ տպաւորիչ, յուզիչ եւ ազդեցիկ պահեր շնորհեցին ներկաներուն:

Աւարտին իր պատգամը յղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ այս աղօթքը նկատեց ժամադրութիւն մը մեր ու մեր սուրբ նահատակներուն միջեւ` դիտել տալով, որ եկեղեցին մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեամբ հայացած է եւ մեզ կապած մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային: Ըստ անոր, երիտասարդական այս հաւաքը կը վստահեցնէ բոլորին, որ այնքան ատեն որ մենք պահանջատէր ու գիտակից երիտասարդութիւն ունինք, մեր նահատակները իրենց սրբազան կայքէն պիտի օրհնեն մեզ, եւ մեր պահանջատիրութիւնը նահանջ չի կրնար արձանագրել: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ թէեւ ապրիլ 24-ը տարին մէկ անգամ կու գայ իբրեւ թուական, սակայն անիկա իբրեւ խորհուրդ ու պատգամ կ՛ընդգրկէ մեր ամբողջ պատմութիւնը: Անդրադառնալով հաւաքին ընթացքին Յովհաննու աւետարանի այն հատուածին, ուր Յիսուս կ՛ըսէր, թէ Ինք է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը` Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Այդ հաստատումը փոխ առնելով եւ հայկականացնելով, մենք մեր սուրբ նահատակներու 104-րդ տարելիցի խորհուրդին դիմաց կ՛ըսենք` մեզի համար Քրիստոսով ապրած ու նահատակուած մեր սուրբ հայրերը եւ մայրերը մեր ճանապարհն են, մեր ճշմարտութիւնն են եւ մեր կեանքն են»:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը մատնանշեց, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ստացաւ նոր իմաստ` նահատակներու սրբադասումով, որովհետեւ այդպիսով սրբադասումն ու պահանջատիրութիւնը իրարու ագուցուեցան ու մեզի տուին առաւել ուժականութիւն, առաւել վստահութիւն` յայտարարելու, թէ ինչպէս իրենց հաւատքի ու հայրենիքի համար նահատակուեցան, մենք ալ կ՛ապրինք, կը պայքարինք, կը գոյատեւենք անոնց համար:

Խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով` Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ սուրբ նահատակներուն պատգամը այն է, թէ հայութեան համար բոլոր ճամբաները Հայաստան կը տանին. «Աշխարհի վրայ ո՛ւր ալ ըլլանք, մեր ճամբաները մեզ կը տանին դէպի մեր հայրենիքը, հայրենիք մը, որ մեր հերոս ժողովուրդին ջանքերով, կեանքով, տեսիլքով, վճռակամութեամբ եւ արեան նահատակութեամբ ոռոգուեցաւ, եւ չի կրնար, նոյնիսկ եթէ այսօր քարտէսի վրայ կոտորակուած է ան, մէկ ամբողջութիւն չկազմել մեր հոգիներուն, սրտերուն, միտքերուն եւ մեր նուիրական պահանջատիրութեան մէջ»: Ան ողջունեց պահանջատէր երիտասարդութիւնը` հաստատելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ հաստատ քայլերով, աննկուն կամքով մենք անպայմանօրէն աշխարհի բոլոր ճամբաներէն պիտի երթանք դէպի մեր պատմական եւ ամբողջական հայրենիքը` աւելցնելով, որ միաժամանակ մեր ուսերուն դրուած է գիտակից պատասխանատուութիւնը, որ երբ մենք կը քալենք աշխարհի ճամբաներէն եւ կ՛ապրինք մեր հայադրոշմ, քրիստոնէական, պահանջատիրական կեանքը, մենք պատգամաբերները կը մնանք ճշմարտութեան, որ այսօր մեր արդար դատն է, բոլոր հայերուն պատկանող դատը, որուն զինուորեալ մարտիկներն ենք բոլորս հաւաքաբար: Ան կոչ ուղղեց ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան դրօշը պարզած քալելու հաստատակամօրէն եւ տէր դառնալու մեր անբռնաբարելի իրաւունքներուն եւ արդար դատին:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company