Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը
03 Մայիս 2019
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հինգշաբթի, 2 մայիսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան:
Ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համահայկական խնդիրները, կարեւորութեամբ շեշտուեցան հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնը եւ միջյարանուանական համագործակցութիւնը:
Վեր. Գարակէօզեան ներկայացուց հայ աւետարանական համայնքի ծառայութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
aztagdaily.com