Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Քուէյթի
19 Մայիս 2019 Հ.Յ.Դ. Քուէյթի ողջ ընտանիքը կը դատապարտէ 18 Մայիս 2019-ին Ազատութեան Հրապարակին մէջ Հ.Յ.Դ. բազմամեայ ներկայացուցիչ, Արցախեան ազատագրական պայգարի կազմակերպիչներէն՝ ընկ. Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած սադրանքը:Այս անընդունելի արարքը ուղղուած չէ միայն ընկ. Հրանդ Մարգարեանի դէմ, այլ հակադաշնակցական մօտեցում է:
Դաշնակցութեան պատմութեան սխրգործութիւններուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն նկատմամբ անընդունելի երեւոյթ է սա:
Կը հաստատենք, որ վերջին շրջանին խրախուսուող անհանդուրժողականութիւնն ու ատելութիւնը, ազգը շերտերու բաժնելու փորձը հասցուցին այս անընդունելի արդիւնքին, որմէ կրնան օգտուիլ միայն հայ ազգի թշնամիները:
Ուստի կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, անմիջապէս ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու կասեցնելու համար դէպքերու վատ ընթացքը, երաշխաւորելով բոլոր քաղաքացիներուն վարկն ու անվտանգութիւնը:
Պատահած դէպքը երբէք չի արտացոլացնէր սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան լոզունքները որոնցմով առաջնորդուեցաւ հայ ժողովուրդը, ժողովրդային շարժումի օրին, մօտ մէկ տարի առաջ:
Հ.Յ.Դ.ն էր, է եւ պիտի շարունակէ մնալ հաւատարիմ ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու սուրբ գործին:
Հ.Յ.Դ. Քուէյթ