Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան, 1872-1959). Հաւատքի ու Հաւատարմութեան Ֆետային
08 Հունիս 2019 Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման անկեղծ զինուորներու եւ Դաշնակցութեան անձնուէր ֆետայիներու փաղանգին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Վարդան Շահպազ, որուն մահուան տարելիցը կ’ոգեկոչենք Յունիս 8ին։1959ի Յունիս 8ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Հ.Յ.Դ. Ժողովրդային Տան «Հայրիկ»ի իր սենեակին մէջ, տեսողութիւնը կորսնցուցած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ 87ամեայ հայ յեղափոխականն ու դաշնակցական ֆետային, որ Վարդան Շահպազ անունով անջնջելի իր տեղը գրաւած էր Հայկական Ազատամարտի հերոսապատում ոսկեմատեանին մէջ։
1896ին Պանք Օթոմանը գրաւած յանդուգն գրոհողներէն էր Վարդան Շահպազ, որ մինչեւ 1930ականներու սկիզբը՝ Թուրքիոյ դէմ Քրտական ապստամբութեան կազմակերպումը, զէն ի ձեռին կռուի դաշտ նետուեցաւ հո՛ն, ուր հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարը շիկացած էր ու… քաջերուն կը կանչէր սրբազան պարտականութեան։

Իսկ երբ տարագիր Դաշնակցութեան սփիւռքեան գործունէութիւնը ամբողջապէս կլանուեցաւ Սպիտակ Ջարդին դէմ հայապահպանման սիզիֆեան պայքարով, Վարդան Շահպազ եղաւ իրերայաջորդ սերունդներու հոգածու եւ պաշտելի Հայրիկը Պէյրութի մէջ՝ մարմնաւորելով վերապրող Հայ Ֆետայիի վառ կերպարը՝ Դաշնակցականի Հաւատք ու Հաւատարմութիւն խորհրդանշող Խոնարհ Հերոսը։
Մինաս Տօնիկեան կը կոչուէր աւազանի անունով. 1871ին կամ 1872ին ծնած էր Սեբաստիա, Տիվիրիկ գաւառակի Օտուռ գիւղը։ Ատաղձագործ էր եւ հազիւ երիտասարդ՝ ամուսնացած էր, հայկական տոհմիկ սովորութեան համաձայն։ Հայկական գաւառներու ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները պանդխտութեան մղեցին նաեւ Մինասին, որ յղի կնոջը իր ծնողքի խնամքին վստահելով՝ անցաւ Պոլիս, ապրուստ ճարելու եւ ընտանիքը պահելու նպատակով։
Օսմանեան մայրաքաղաքը, սակայն, այլ հունի մէջ մտցուց Մինաս Տօնիկեանի կեանքը։ Պոլսոյ մէջ ծանօթացաւ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան, առաջին զինուորեալներէն մէկը եղաւ նորակազմ կուսակցութեան եւ կրակի իր մկրտութիւնը ստացաւ 1896ի Օգոստոսին, երբ Հ.Յ.Դ. Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն որոշեց, ծրագրեց եւ գործադրութեան յանձնեց Օսմանեան Դրամատան գրաւման յանդուգն գործողութիւնը՝ Համիտեան հակահայ խժդժութեանց եւ համատարած կոտորածներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ հայկական նահանգներու Բարենորոգումներու Եւրոպական Ծրագիրը անմիջապէս ի գործ դնելու պահանջ-վերջնագրով։
Վարդան Շահպազ յեղափոխական անուանումը ստացած՝ Մինաս մաս կազմեց Պանք Օթոմանի վրայ գրոհին եւ գրաւումին։ Գրաւման աւարտէն ետք, ծովու ճամբով նախ Փիրէա (Յունաստան) եւ ապա Մարսէյլ (Ֆրանսա) փոխադրուած մարտիկներու շարքին էր Շահպազ, որ սակայն չուզեց մնալ Ֆրանսայի մէջ եւ մեկնեցաւ Արժանթին՝ պանդուխտի իր ցուպը վերստին ձեռք առած։ Բայց Երկրի կանչը այնքան ուժեղ էր, որ ամիսներ ետք արդէն Շահպազ վերադարձի ճամբան ընտրած էր եւ ուղղուեցաւ Պարսկաստան, հաստատուելու համար Խոյ՝ Սալմաստ, ուր Դաշնակցութեան զինագործարանը հիմնուած էր եւ դարձած էր կեդրոնացման ժամադրավայրը Սահմանը Անցնողներուն։
Երկիր մտաւ, իր կարգին, նաեւ Վարդան Շահպազ, Նիկոլ Դումանի խումբին մէջ, լծուելու համար Վանի եւ շրջակայ գաւառներու հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու, զինելու եւ մարզելու գործին։
Մասնակցեցաւ Խանասորի արշաւանքին, որմէ ետք կուսակցական որոշումով պահուեցաւ Կարսի Հ.Յ.Դ. զինագործարանին մէջ, որպէսզի Երկիր անցնելու համար Կարս փութացած նորագիր հայ յեղափոխականներուն ու դաշնակցական գործիչներուն գաղափարական, մարտական եւ կազմակերպչական անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ջամբէ։ Ահա՛ այդ ժամանակաշրջանին կը վերաբերի Ռուբէն Տէր-Մինասեանի յուշերուն, Կարսի Հնոցին յատկացուած բաժնին մէջ, Վարդան Շահպազի նուիրուած հետեւեալ վկայութիւնը.
«… Միւս խնամակալս կը կոչուէր Վարդան ու մականունն ալ Շահպազ էր: Ան եւս հին պատմութիւններ ունէր իր ետեւը: Պանք Օթոմանի դէպքերուն կը կապէր Ռուբէնը (Դերձակեան, որ Կարսի մէջ առաջին խնամակալը եղած էր նորագիր Ռուբէնի — Ն.) անոր անցեալը, բայց ինքը Շահպազը դժգոհ էր ատկէ եւ լուռ կը մնար այդ մասին: Առհասարակ ան խօսելուն հակառակ էր եւ ամէն ինչ «զեւզեկութիւն» կը համարէր: Մտածկոտ էր, եւ միայն իր աչքերի արտեւանուքները շուտ-շուտ շարժելով կ’արտայայտէր իր ջղային լինելը: Վարդան նոր էր դուրս եկած Երկրէն: Վասպուրական յուզումնալից կեանք մը անցընելէ յետոյ, «Ղասաբ» անունը շալկած, դուրս էր եկել Երկաթին հետ` գնալու համար Ընդհանուր Ժողովին: Վերադառնալով անկէ, ընկած էր Ռուբէնի ձեռքը, որպէսզի ան զինքը հասցնէ Վան` Թադէոս Առաքեալի վանքի վրայով»:
Այդպէ՛ս, մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, Վարդան Շահպազ անխոնջ ծառայեց հայկական յեղափոխութեան՝ Կարսէն Վան եւ Էրզրումէն (Կարինէն) Սասուն, գործակիցն ու յանդուգն աջակիցը դառնալով ատենի ֆետայական եւ յեղափոխական անուանի բոլոր գործիչներուն.- Անդրանիկի եւ Արամի, Վանայ Իշխանի եւ Սեպուհի, Իշխան Յովսէփ Արղութեանի եւ Մուրատի։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Վարդան Շահպազ վերադարձաւ իր ծննդավայրը, վերամիացաւ մօր, կնոջ եւ արդէն պատանի զաւակին, որուն ծնունդը չէր ալ տեսած։ Ինչպէս որ այդ ժամանակաշրջանին ֆետայական բոլոր գործիչները լծուած էին կազմակերպական աշխատանքի եւ հայ ժողովուրդի զինման եւ ինքնապաշտպանութեան ամրապնդման գործին, Վարդան Շահպազ իր կարգին նուիրուեցաւ Սեբաստիոյ հայութեան մարտական ինքնակազմակերպումին։
Երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ թրքական իշխանութիւնները սկսան գործադրել հայ ժողովուրդի բնաջնջման իրենց ցեղասպանական ծրագիրը, Վարդան Շահպազ իր խումբով լծուեցաւ շրջանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Բարձրացաւ Տիվրիկի լեռները եւ յանդուգն ու յաղթական կռիւներ մղելով, Տերսիմի վրայով, կրցաւ անցնիլ Երզնկա եւ միացաւ Մուրատի ու Կայծակ Առաքելի, որոնց հետ ալ կապեց իր հետագայ գործունէութիւնը։ Բայց Սեբաստիոյ հայութեան կոտորածներուն եւ տարագրութեան հետ Շահպազ կորսնցուց իր ընտանիքը եւս. միայն քոյրն էր, որ զէնք վերցուցած միացաւ Շահպազի խումբին եւ փրկուեցաւ։
Հայ Կամաւորական Շարժման տարիներուն, Վարդան Շահպազ գործեց Մուրատի եւ Սեպուհի հեծելազօրքին մէջ, քաջագործ կերտիչներէն եղաւ հեծելազօրքի յաղթական ու հերոսական ճակատամարտներուն։ Իսկ երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Հայ կամաւորական Գունդերը եւս նահանջեցին, Վարդան Շահպազ՝ Մուրատի եւ Սեպուհի հետ, հեծելազօրքով, ղրկուեցան Ղարաբաղ՝ Անդրանիկին միանալու եւ ազերի թուրքերու դէմ ինքնապաշտպանութեան կռիւը շարունակելու համար։ Բայց երբ անգլիական զօրքը նահանջի հրահանգ տուաւ Անդրանիկի, որ Էջմիածին վերադարձաւ եւ ցրուեց իրեն վստահուած աշխարհազօրայիններու գունդը, Վարդան Շահպազ անցաւ Պոլիս՝ հոնկէ ալ ղրկուեցաւ Կիլիկիա, որպէսզի ինքնապաշտպանութեան կռիւը կազմակերպէր Մարաշի մէջ։ Այս անգամ ալ ֆրանսական զօրքի ճնշումով՝ Մարաշի հերոսական հայութեան նահանջէն ետք, Վարդան Շահպազ վերադարձաւ Պոլիս, ուրկէ ղրկուեցաւ Պուլկարիա, ուր կազմակերպչական եռուն աշխատանք ծաւալեց ամբողջ պալքաններու տարածքին մինչեւ 1927։
1920ականներու վերջերը Թուրքիոյ մէջ քրտական ապստամբութեան ծաւալման ժամանակներն էին եւ Վարդան Շահպազ գործուղուեցաւ Սուրիա, որպէսզի իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերէր 1927էն 1933 հայեւքիւրտ միացեալ ապստամբութեան։ Քրտական շարժումը յաջողութիւն չունեցաւ։ Արդէն վաթսունամեայ գաղափարի մարտիկ՝ Վարդան Շահպազ մնաց Սուրիա եւ լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքի, Մեծ Եղեռնէն փրկուած տարագիր հայութեան մէջ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի ձգտումը վառ պահելու նպատակին զինուորագրուելով։
Այդպէս քառորդ դար, Վարդան Շահպազ իր հրեղէն կեանքի վերջին տասնամեակները անցուց Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ, ուր ի վերջոյ Դաշնակցութեան Ժողովրդային Տունը դարձուց նաեւ իր կեանքի վերջալոյսի իջեւանը։
Խոր ծերութեան հասաւ եւ տեսողութիւնը կորսնցուց, բայց նորահաս սերունդներու ամէնօրեայ ակնածանքին եւ հպարտութեան արժանացած կենդանի վկայութիւն մը դարձաւ եւ այդպէ՛ս հրաժեշտ տուաւ իր այնքան պաշտած ժողովուրդին ու գաղափարի մեծ ընտանիքին՝ 1959ի Յունիս 8ին։
Ն.