Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ
01 Օգոստոս 2019Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Գանատա երկկողմանի յարաբերութիւններնն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:
Նախարար Ռոտրիկէզ բարձր գնահատեց Գանատայի հայ համայնքին ներդրումը՝ զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ քննարկուող հարցերն ու գանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:
Հայ Դատի Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան:
Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Գանատայի Ժառանգութեան եւ մշակութային բազմազանութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզ այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Մոնթրէալի խմբագրատունը: «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին՝ անցնող 8 տարիներուն Aid to publishers ծրագրին կողմէ շաբաթաթերթին յատկացուած նպաստին համար: Վարիչ-խմբագիրը նաեւ նախարարին յանձնեց «Հորիզոն»ի այն բացառիկ թիւը, որուն մէջ անգլերէնով հրատարակուած է վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութեան ժամանակագրութիւնն ու թղթակցութիւնը՝ «Հորիզոն»ի աւագ լրագրող Տիանա Սքայայի կողմէ։ Միաժամանակ նախարարը իրազեկ դարձաւ, որ վարչապետ Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր պատմական այցելութիւնը յատուկ տեսանիւթով մը արխիւագրուած է «Հորիզոն»ի կողմէ։ Վարիչ խմբագիրը նախարար Ռոտրիկէզին պաշտօնական հրաւէր յանձնեց մասնակցելու յառաջիկայ Սեպտեմբերին Մոնթրէալի մէջ կայանալիք «Հորիզոն»ի 40-ամեայ յոբելեանի հանդիսութեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուաի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան եւ «Հորիզոն»ի անձնակազմը։
horizonweekly.ca