Վերահսկիչ Թըրմոնտ Նեցուկ Կը Կանգնի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթին Ներառումին
17 Օգոստոս 2019 ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Քալիֆորնիա նահանգի Հանրային ուսմանց վերահսկիչ Թոնի Թըրմոնտի նեցուկը Հայոց Ցեղասպանութեան ներառումին՝ Որակաւոր Ուսման Յանձնաժողովի ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ։«Կ՛ողջունենք վերահսկիչ Թըրմոնտի Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնները՝ հայերուն անցեալը ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ ներառելուն վերաբերեալ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր՝ մեր մտահոգութիւնները լսելուն եւ անոնց լուծում գնելուն համար։ Քալիֆորնիոյ պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ուսմանց շրջանակը յստակօրէն կը նշէ կարեւորութիւնը հրեաներու Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերու դասաւանդման։ Մենք յոյս ունինք եւ սպասենք, որ Ցեղային Գիտութեան դասընթացքը հիմնուած կ՛ըլլայ սոյն շրջագիծին վրայ։ Մենք մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները՝ վստահ ըլլալու համար, որ նիւթը յարմարօրէն ներկայացուի։», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ փաստաբան Նորա Յովսէփեան։
Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով Քալիֆորնիոյ հրեական օրէնսդիր յանձնաժողովի մտահոգութիւններուն՝ վերահսկիչ Թըրմոնտ ըսաւ. «Մեզի հետ կապ հաստատեցին շատ մը ուրիշ ցեղային խումբեր, որոնք կը կարծեն, որ իրենց պատմութիւններն ալ պէտք է պատմուին։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ ես միայն ըսեմ՝ իբրեւ օրինակ, որ մենք լսեցինք հայ համայնքի եւ այլ համայնքներու ղեկավարները։ Մինչ ցեղային ուսուցումը ունի պատմական շրջագիծ, մեր գործը պիտի ըլլայ ստեղծել ցեղային ուսմանց Քալիֆորնիոյ տարբերակը»։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ուսումնական յանձնախումբը նամակներ յղած էին Որակաւոր Ուսման Յանձնաժողովի ու Քալիֆորնիոյ Ուսումնական բաժանմունքին՝ յստակ առաջարկով՝ հայոց անցեալը ներառելու ցեղային ուսմանց ծրագիրի վերջնական տարբերակին մէջ։
asbarez.com