ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Փաշինեանը Կու Գայ…Փաշինեանը Կու Գայ…

20 Սեպտեմբեր 2019 Շուտով, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Լոս Անճելըս կը հասնի, աւելի ճիշդ պիտի ժամանէ։

Արդէն շաբաթներէ ի վեր հայրենի եւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ մամուլն ու հայկական հեռատեսիլի գրեթէ բոլոր կայանները, ամէնօրեայ յիշեցում-ծանուցումներ կը կատարեն, նոյնիսկ վարչապետի խօսք-հրաւէրով։

Վարչապետը կու գայ «հանրային հանդիպում» պիտակին տակ։ Կու գայ։ Բարի եկաւ։ «Ինչո՞ւ կու գայ»ն այլեւս աւելորդ է, աւելի լաւ է անոր փոխարէն.- «նայինք, տեսնե՛նք ինչե՜ր պիտի ըսէ»-ն կամ «ի՜նչ ըսելիքներ ունի»-նը։ Տրամաբանական կը թուի։

Անշուշտ պէտք է, որ գայ։ Չէ՞ որ ան ներկայիս մեր երկրին ընտրուած ղեկավարն է եւ յատկապէս ու մանաւանդ՝ տարի մը առաջ հայրենիքէն ներս կատարուած թաւշեայ յեղափոխութեան «հերոսը»։ Էհ, վերջապէս, հիմա ինքն է մեր երկիրը ղեկավարողը չէ՞։ Մեր երկրին, ընտրուած «թուխոտ» ղեկավարը։

Նման հարցականներ, հարցումներ, լուսաբանական եւ նոյնիսկ քննադատական խօսքեր այս օրերուն եւ օրուայ բոլոր ժամերուն կարելի է լսել մանաւանդ Կլէնտէյլի հայկական խանութներուն եւ շուկաներուն մէջ, նոյնպէս մեծ ու փոքր առեւտրական հաստատու-թիւններէ ներս եւ կամ հանրային փոքր պարտէզներու փայտէ չոր նստարաններու վրայ նարտի խաղով զբաղող, սակայն իրենց անհատնում հարցեր ու հարցումներ դուրս թափող հայ տարեցներու բերաններէն։ Զարմանք։ Ո՛չ, ոչ. շատ բնական երեւոյթ։ Հետաքրքրական։ Անհատնում հարցումներ եւ դրական ու ժխտական լուսաբանութիւններ կու գան աւելնալ հայկական այս անօրինակ «աղմուկ»-ին։

-Փաշինեանը կու գայ… Փաշինեանը կու գայ…։

Չեմ գիտեր ի՞նչ կրնան խորհրդանշել այս բացագանչութիւնները.- վախ, դժգոհութիւն- ուրախութիւն թէ՛ հպարտանք։ Վարչապետը ըսելիքներ ունի եւ ան ալ հրապարակային։ Ու այս բոլորին իբրեւ զուգահեռ տպաւորութիւն, ինչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ ամերիկեան պատմական դրուագ մը։ Այսպէս, Պոսթընի նաւահանգիստի մէջ ամերիկացի ազատատենչ հայրենասէրներ, երբ առ ի բողոք, անոնք անգլիական «թէյ»-երու ծանրոցները նաւերէն ովկիանոս թափեցին եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ անգլիական բանակը ծնունդ առած ապստամբութիւնը զսպելու նպատակով, հսկայ նաւատորմ կը ղրկէ դէպի Ամերիկա։ Իսկ այս միջադէպին մէջ ամէնէն հետաքրքրականն ու էականը անգլիական նաւատորմի արշաւը դէպի ամերիկեան ցաքամասան լուր տարածող սուրհանդակ ձիաւոր զինուորի բացագանչութիւնն է։ Ան այդ օրերու Արեւելեան Ամերիկայի նահանգներէն դէպի արեւմուտք տարածուող նահանգներ, իր ձիով սուրալով, գիշեր-ցերեկ, իր ճամբուն վրայ իւրաքանչիւր գիւղ-քաղաք մտնելով կը պոռայ, կը բացագանչէ.- English are coming- անգլիացիները կու գան։ Ազդարարիչ բացագանչութիւն։ Այդ օրերու ահազանգ։ Տեղացիք հասկնալով հարցին ծանրութիւնը, կը փութան ինքնապաշտպանութեան «պատրաստութեան»։ Մնացեալը, ալ պատմութիւն է։

Իսկ այս օրերուն մեզի, ամիրիկահայերուս համար, ամէնօրեայ բերնի ծամօնը դարձած է՝ «Փաշինեանը կու գայ»-ն։ Ամէն տեղ։ Ամէն տուն եւ վայր։

Արդեօք խապրի՞կ է, կ՚ըսեմ, թէ ոչ ահազանգ կամ զգաստութեան հրաւէր։ Սպասենք եւ նայինք։

Իմ պարագայիս, չեմ հասկնար։ Միշտ կրկնած եմ, թէ անձնապէս քաղաքականութիւն «ըսուածը» չեմ հասկցած։ Բայց բոլորին նման կը կարծեմ, որ «հանդիպում» կը նշանակէ դիմացինին հետ տեսնուիլ եւ թերեւս ալ խօսիլ։ Բնականաբար մարդիկ, աշխարհի հայերը, այս հանդիպումէն մեծ ու փոքր ակնկալութիւններ ունենան։ Ուրեմն վարչապետի ներկայութիւնը նման «բաներով» ձեւաւորուած ըլլալու է, կամ պիտի ըլլայ։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Ան Լոս Անճելըս պիտի գայ ու մեզմէ կը խնդրէ, որ մենք, մեծով ու պզտիկով եւ ամէն տեսակի «գոյներով» մէկտեղուինք, որպէսզի ինք, իր «ըսելիքները» ըսէ։

Մեզ այսպէս հաւաքելով, շատ հաւանաբար ան պիտի խօսի իր ծրագիրներու մասին։ Լուսաբանութիւններ պիտի տայ։ Արդարացումներ։ Եւ ապա թերեւս ալ հաւաքին ներկայ եղող այդ հազարաւոր մարդոց մէջէն, իրեն հարց տուողներուն ալ պատասխանէ։

Մենք միշտ դժգոհ ազգ եղած ենք։ Ուստի, բնական է, որ հարցեր ալ ունենանք։ Հարցեր ունինք արդէն, նորութիւններ չեն։ Եւ այդ մտահոգ հարցերու լուծման մասին տեղեկութիւններ կը պահանջենք։ Գիտենք, որ ամէն տեղ գանգատներ կան, որովհետեւ մենք կը սիրենք հայացնել ամէն բան, նոյնիսկ մեր կեանքի իմաստը։ Միայն հոս հարցեր չունինք, հոն ալ կան։ Հոն՝ հայրենի հողին վրայ։ Կը լսենք։ Կը տեսնենք։ Հարցեր՝ տեսակաւոր։ Ու նաեւ սխալներ, որոնք կարծես միշտ կրկնուած են։ Շատ են եւ մենք տուժած ենք այդ սխալներէն, որովհետեւ մինչեւ հիմա պատմութենէն սորված չենք եւ նոյնիսկ կեանքի թագուն ձայներուն ականջ չենք դրած։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Չեմ գիտեր։ Միայն այն գիտեմ, որ ինչ ալ ըլլան օրուան կարգախօսերը, հայրենիքն է մեր բոլորի ակնարկներու կիզակէտը։ Անոր համար հարցումներ եւ մտահոգութիւններ ունինք եւ անշուշտ գնահատականներ ալ։ Պէտք է շեշտեմ, որ իբրեւ սփիւռքահայերս կը հաւատանք, որ մեր երկրի գոյութեան մէջ է մեր հոգեկան հիմքերը։ Մեզի համար Հայաստանը շուկայ չէ։ Գաղափար է։ Մեր կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է հողին, որ նաեւ իրականութիւն է եւ մանաւանդ անհրաժեշտութիւն՝ մեր գոյատեւման։ Ու մեր հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման մէջ մենք բոլորս ալ մեր դերերը ունինք։

Կը հաւատանք։

Միւս կողմէ սակայն…«նայի՛նք այս մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ»-ն կայ։ Ուստի համբերութիւն։

Ըսեմ, որ մեզմէ շատեր վազեր եկեր են եւ տակաւին վազելով կու գան Ամերիկա եւ ապա երազկոտ աչքերով կ՚ուզեն հետեւիլ հայրենիքի իրադարձութիւններուն։ Ինքնախաբէութիւն։ Այս ուրիշ հարց է։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Ահազա՞նգ է, թէ ո՛չ խապրիկ։ Վերջը կրնանք գիտնալ։ Վարչապետը պիտի խօսի, գիտե՛նք, թերեւս պիտի համոզէ՛ալ, պիտի պարզէ, պիտի բացագանչէ, պիտի գնահատէ եւ պիտի պահանջէ։ Ան ալ կը կռահենք։ Նոյնիսկ գիտենք։ Ենթադրութիւն կատարելը անիմաստ է։ Բնական է, որ ան մեզմէ պիտի խնդրէ, որ Սփիւռքը շարունակէ իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը եւ վստահի նոր յեղափոխութեան եւ յեղափոխականներուն։

Իմ կարգիս, ըսեմ նաեւ, որ չեմ ուզեր այդ հաւաքին հրապարակային արտասանուած խօսքերուն միայն հաւատալ, այլ՝ յուսալ որ այդ հաւատքս իրականութիւնը կը դառնայ։

Այս բոլորը, որպէսզի ազգային գիտակցութիւնը չմարի հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակ-ներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Ճիշդ է, որ ամէն ժողովուրդ ունի իր ապրելու ոճը։ Մեզի համար կարեւորը նոյնիսկ վտանգի պահուն մեր իսկութիւնը գտնելն է։

Պարզ զգացումներով հայրենիք եւ պետութիւն չստեղծուիր։ Լուսաւոր Հայաստան կառուցելը մեր բոլորի երազը եղած է։ Անկասկած։

Հարազատի հպարտութեամբ եւ նոյնքան ալ հաստատ կու գամ շարել այս տողերը։ Բարի է նպատակս, անոր համար կ՚ուզեմ բարձրաշունչ ահազանգել։ Լաւ յիշեցէ՛ք եւ յիշեցուցէ՛ք։ Սփիւռքի երկինքի տակ ամէն բան փայլուն չէ։ Գործնական լծուելու հրաւէր է այս։

Իսկ գալով մեր վարչապետին, թող լաւ գիտնայ, որ մենք մեր հայրենիքը կը փնտռենք, ինչպէս թիթեռնիկը՝ ճրագը։ Ան նաեւ թող իմանայ, որ այն ժողովուրդները, որոնք զուրկ են հոգեկան դէմքէն, ըսելիք եւ ընելիք չունին, լոյս մը չկայ իրենց ճամբան լուսաւորող, կոչուած են մոռացութեան գիրկը իյնալու։ Հաւանաբար Փաշինեան վարչապետը կամ 21-րդ դարու մեր նոր «յեղափոխական»-ը, կամ՝ մեր այս նոր «սուրհանդակ»-ը գիտէ այս բոլորը։ Բայց …գիտնալը բաւարար չէ։ Գործադրել է պէտք։

Իրապաշտ կերպով կ՚ուզեմ ըսել։ Պէտք է…։ Ու մեր ակնկալած «պէտքեր»-ը շատ են։

Այսպէս.- Հաւատք եւ վստահութիւն դնել ժողովուրդի ուսերուն։ Կամուրջ նետել կապուիլ ժողովուրդին հետ։ Մեր վերապրումը բաժակաճառերով չըլլար։ Փողոցները փակելով տեղ չենք հասնիր։ Կեանքը կ՚ապրի եւ մեզի չի սպասեր։ Արտագաղթ, գործազրկում, աղքատու-թիւն, ապօրինացումներ, դատավարութիւն։ Հարց-խնդիրները նոր չեն եւ յոյսը չէ կտրուած։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Կ՚ըսեն, թէ տակաւին Երեւանեան աղբերու հարցը լուծում չէ գտած եւ թէ նոյն այդ աղբերը իրենց «հոտերով» հոս ալ հասած են։ Ամօթ մըն է։ Մենք առանձին չենք ապրիր, դրացիներ ունինք եւ մանաւանդ հազարաւոր զբօսաշրջիկ։ Հապա Ամուլսա՞րը։ Կը կարծեմ, որ «շան գլուխը» հոն թաղուած է։ Մեղքը իրենց վիզը։

Հարցեր կան ըսի եւ նոյնքան ալ սխալներ։ Որովհետեւ կարծես մեզմէ շատեր, ուրիշներու սիրտը առած ըլլան։ Յայտնի է.- անոնք սեփական սիրտ չունին եւ ոչ ալ սեփական ականջ։ Տեսանելի է, թէ շատերու իմացականութեան մէջ նստած է օտարը։ Սկսած են ուրիշներուն նմանիլ։ Դարձեալ մարդը, մարդուն ճակատագիրը դարձած է։ Ատելութիւն կայ եւ տեղեակ չեն, որ այդ ատելութեան մէջ տրամաբանութիւն չապրիր։

Իրականութեան փնտռտուք են այս տողերը։ Եւ ահա …

«Փաշինեանը կու գայ»։

Այս առթիւ նաեւ թելադրելիէ, որ մենք բոլորով դուրս գանք սնապարծութենէ, աժան եւ ձեւական ծափահարութիւններէ։ Մենք պէտք է իմանանք եւ պատկերացնենք, որ մեր դրացիներու մօտ իւրաքանչիւր ցնցում, մեր «ծով»-ն ալ կը փոթորկեցնէ։ Պատճառը մեր մտածելակերպն է, որ կախուած է մեր առաջնորդներէն։ Յիշեցի. ներկայիս յեղափոխակա-նացած է մեր հայրենիքը։ Ու «Իմ Քայլը», որ երազներ ունէր եկաւ եւ իրականացուց յեղափոխութիւնը։ Մարդիկ սկսան ազատ «շնչել»։ Ճիշդ է եւ անուրանալի։ Ցայտող խանդավառութիւն։ Բայց…Այնպէս կ՚երեւի, թէ պատրանքները եկան եւ տեղի տուին դառն իրականութեան եւ մերկ ճշմարտութեան։ Ներքին բազմազան հարցերը չլուծուեցան։ Ու կարծես յեղափոխութեան տանիքը սկսաւ կքիլ այս հարցերու ծանրութեան տակ։

Նշմարելի չէ. այլ տեսանելի։ Ու հիմա…

«Փաշինեանը կու գայ»։

Բայց մենք ինչպէս միշտ այս օրերուն ալ ազգովին հրամայական կարիքը ունինք ազգը ճիշդ ճամբաներու առաջնորդող հաւատաւոր տեսլապաշտ առաջնորդելու։ Ամէն տեղ ղեկավար կայ, կարեւորը՝ առաջնորդն է։ Ու ասոր զուգահեռ, համակարգ մը ստեղծուած է։ Գիտենք, որ տարի մը առաջ հայրենի մեր հասարականութիւնը ինքը իր ճակատագիրը որոշեց։ Լաւ կամ վատ կարեւոր չէ։ Կարեւոր այն է, թէ այդ ճակատագիրը կախեալ չըլլայ համակարգ ստեղծող առաջնորդներէն։ Էականը իր առաջնորդին ժողովուրդի մորթին տակ մտնելն է։ Անոր արեան հետ հոսիլն է։ Մէկ խօսքով՝ անոր սրտին հասնիլն է։

Եթէ «է՛», արդէն նոյն այդ առաջնորդը կը դառնայ օրինակելի եւ նոյնքան ալ պաշտելի։ Տոկալ, սիրել, կեանքը ստեծագործել։ Որովհետեւ հայկականութեամբ ապրիլը հաճելի փորձառութիւն է։ Պատմութեան ընթացքին միշտ մեր առաջնորդները հերոսացուցած ենք եւ նոյնիսկ դատապարտած։ Չմոռնանք։

Ուստի մեր ուշադրութեան մէջ պէտք է մնայ հետեւեալ կարեւոր հանգամանքը, թէ ինչ կարգեր ալ հաստատուին յեղափոխութենէն ետք, միեւնոյն են, եթէ չեն փոխեր հիմնարար արժէքները։ Այլապէս, ամէն ինչ պիտի չփոխուի, նոյնը պիտի մնայ։ Պիտի կրկնուի նախկինը։ Յեղափոխութիւնը պիտի դառնայ սուտ եւ մեծ ամօթ։

«Փաշինեանը կու գայ» շատ հաւանաբար մեզի շատ «բաներ» յիշեցնելու։ Մեր կարգին նաեւ յիշեցնենք.- թէ մենք հայերս, Հայաստանով միատեղ, ներկայ աշխարհի ծաղկաստանին անբաժանելի մաս կը կազմենք։ Մեզի կը մնայ պահել մեր ազգային գոյնն ու հոտը։

Այս բոլորը երկինքէն պիտի չգան։ Հարկ է բանալ լայնախոհութեան մտքի դռները։ Լուծումներ որոնել, ազգային ինքնութեան մտահոգ մարդոց հետ, որպէս հայրենիքի ազատօրէն եւ հպարտ բաբախէ մեր բոլորի սրտերուն մէջ։ Մնացեալը ինք գիտէ։

Մինչ այդ՝ բարի եկաք յարգելի պարոն վարչապետ։

Գէորգ Պետիկեան
hairenikweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company