ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Հայաստան
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ

Ժողովրդային Զանգուածային Ներկայութեամբ «Մի՛շտ Միասին» Կարգախօսով Իւրայատուկ Տօնախմբութիւն

30 Սեպտեմբեր 2019 Իշխան Սաղաթէլեան. «Մենք Պիտի Ըլլանք Միասնակամ, Չկան Տարբերութիւններ, Կայ Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Հիմնական Նպատակ` Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստան»

Յակոբ Բագրատունի. «Մեր Կեանքը, Ապրումն Ու Պայքարը Մեր Հոգիներուն, Սրտերուն, Մտքերուն, Մեր Միասնականութեան Ու Հաւաքական Բռունցքին Մէջ Է»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր երէկ` 29 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն մինչեւ կէս գիշեր, որովհետեւ անիկա համախմբման վայր դարձաւ լիբանանահայութեան համար` առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան: Արդարեւ, «Մի՛շտ միասին» խորագիրը կրող ժողովրդային փառատօնին, որ կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին կողմէ, մասնակցեցան մեծաթիւ հայորդիներ, որոնց իւրաքանչիւրին հետաքրքրութեան եւ ճաշակին համաձայն խաղեր, երաժշտութիւն եւ ուտեստեղէններ տրամադրուած էին:

Տպաւորիչ, ուրախութիւն եւ յուզում առթող էր պատկերը` հոն էին մանուկն ու պատանին, մայրերն ու հայրերը, երիտասարդներն ու միջին տարիքի ներկայացուցիչները, հոն էին ծերունիները, գաւազանին յենած քալողները, բոլորը եկած էին միասնաբար, Դաշնակցութեան հետ վայելելու, հաճելի պահեր անցընելու, սրտի խօսքեր լսելու, տարբեր ոճի երգերով ապրելու, զուարճանալու, լիցքաւորուելու եւ բարձր տրամադրութեամբ ու գոհունակ սրտերով տուն վերադառնալու:

Դաշտին կողմերը տեղադրուած էին կրպակներ ուտելիքի, քաղցրեղէնի եւ խմիչքի, որոնց գիները առաւելագոյն չափով մատչելի էին բոլորին:

Մանկապատանեկան «Ծիածան» խումբը ներկայացուց հետաքրքրական յատագիր:

Երեկոյեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական եւ երաժշտական յատուկ ու ճոխ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ յաջորդաբար ազգային-հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը խանդավառեցին երգիչներ Վիգէն Տիշչեքենեան, Հրաչ Կայծակեան, Զոյա Բարաղամեան եւ Յակոբ Մկրտիչեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Միհրան» նուագախումբը եւ մեկնաբանեց փունջ մը հայրենասիրական երգեր:

Ուշագրաւ եւ յոյժ հպարտալի երեւոյթ էր այն շուրջպարը, զոր կատարեցին համախմբուած հայորդիները: Անոնք, շրջանակ կազմելով` առաջնորդութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններու, պար բռնեցին դաշտի ամբողջ տարածքին եւ հաստատեցին, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ուժեղ են, երբ միասին են, վեհ ու անդրդուելի են, երբ միասնակամ են:

Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Փառատօնին յայտագիրը վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան խօսքը ուղղելով բազմահազար ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր գործնական մասնակցութեամբ եւ ինքնակամ համոզումով տուած էք փաստը «Մի՛շտ միասին» ըլլալու ըմբռնողութեան, եւ իրերայաջորդ սերունդներ այս բացարձակ իրականութիւնը ու խոր ճշմարտութիւնը քանդակած են հայ կեանքի երկնակամարին վրայ: Այսօր մենք բոլորս` ամբողջ լիբանանահայութիւնը, երեկոյեան ժամը 5:00-էն ժամադրուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ մասնակցելու տօնախմբութեան: Մենք այսօր կ՛եզրափակենք տօնախմբութիւնը` նշելով Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձը»: Ան խօսքի աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր այն անձնակազմերուն, որոնք անցնող օրերուն, տիւ եւ գիշեր աշխատեցան, որպէսզի ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ` յիշատակելի ձեռնարկ մը ունենալու համար:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նախ իր ուրախութիւնը եւ յուզումը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ նշելուն համար: Ան ըսաւ, թէ պատիւ է իրեն համար ներկայ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին, ապա հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին հետեւողական ինքնուրոյն մասնակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման գործին մէջ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ միւս բնագաւառներուն մէջ: Լիբանանի հայ համայնքը իր մէկ դարեայ պատմութեան ընթացքին դիմակայած է շարք մը դժուարութիւններ, բայց այդ դժուարութիւնները յաղթահարած է պատուով ու արժանապատուութեամբ եւ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ միշտ վառ պահած է հայոց պետականութեան եւ պահանջատիրութեան ջահը: Լիբանանի հայ համայնքը նաեւ սրբօրէն պահած ու պահպանած է հայ արժէքները, հայ եկեղեցին, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը:

Ապա խօսքը ուղղելով ժողովուրդին Սաղաթէլեան ըսաւ. «Դուք այսօր ձեր հայրենիքին մէջ չէք ապրիր, ցեղասպան թուրքը ձեզ զրկած է ձեր հայրենիքէն, բայց չէ կրցած ձեր մէջ սպաննել հայրենիքը, հայրենիքը ձեր մէջ է, ձեր ծիներուն մէջ է, ձեր արեան եւ էութեան մէջ է: Ճիշդ այստեղ բոլորին աչքերուն մէջ կը տեսնեմ մայր հայրենիքը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը: Ես Հայաստանէն եկած եմ ոչ թէ պատգամներ ըսելու, այլ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու լիբանանահայ հերոսական ժողովուրդին: Լիբանանահայ այն հերոս զաւակներուն, որոնք արցախեան ազատագրական պայքարի ճիշդ առաջին օրերուն նետուեցան սահման` մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար: Անգամ մը եւս յարգենք, յիշատակենք եւ խոնարհինք Վիգէններու, Մհերներու, եւ միւս բոլոր հայորդիներուն առջեւ, որոնք պաշտպանեցին մեր հայրենիքը»:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու եւ նոր պայմաններու մէջ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմագրաւեն նոր դժուարութիւններ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ միասնակամ, միակամ այս դժուարութիւնները միասնաբար յաղթահարելու համար: Ապա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Մեր երկրին մէջ կան սպառնացող վտանգներ, կան մեր ժողովուրդը պառակտելու եւ մասնատելու փորձեր: Միաժամանակ կը յայտարարեմ, որ մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, այդ պառակտումը թոյլ պիտի չտանք, մենք պիտի ըլլանք միասնակամ, չկան հին եւ նոր Հայաստաններ, չկայ ղարաբաղցի, հայաստանցի, իջեւանցի, գիւմրեցի, լիբանանցի, կայ մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ հիմնական նպատակ` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան»:

Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքը եզրափակելով նշեց. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով կը յայտարարեմ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կայունութիւնը, հայ ժողովուրդի համերաշխութիւնը, Հայաստանի մէջ իրական համակարգային բարեփոխումները կը շարունակեն մնալ Դաշնակցութեան առաջնային օրակարգին մէջ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք միասնաբար` իրական ազգային օրակարգեր առաջ բերելու, այդ օրակարգերուն շուրջ համախմբուելու, հայ ժողովուրդի ամբողջ ջանքերը միաւորելու, մեր երազած ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը կերտելու համար: Կեցցէ՛ հայկական սփիւռքը, կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը, կեցցե՛ն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները , կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, փա՜ռք անկախութիւն կերտողներուն»:


Ապա իր խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ շեշտեց, թէ միշտ միասին, միշտ կողք կողքի ըլլալը` յանուն հայ ժողովուրդին, եղած է ու կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան գոյութեան իմաստը, պայքարի նպատակը, տասնամեակներու պատմութիւնը, որ փաստօրէն կը պահէ իր հնչեղութիւնն ու խորքայնութիւնը` սփիւռքի արիւնատար երակին` Պուրճ Համուտի դաշտը լեցուցած եւ «Մի՛շտ միասին» կարգախօսին ներքեւ համախմբուած ժողովուրդին պարզած տպաւորիչ պատկերով:

Ան դիտել տուաւ, որ պաշտօնական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հարազատ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամ համախմբուած է բաց աչքերով ու ականջներով` տեսնելու իրականութիւնը եւ ականջալուր ըլլալու անոր, մինչ ուրիշներ կ՛ուզեն մնալ համր ու կոյր` մերժելով տեսնել ու լսել ճշմարտութիւնը: Ասկէ մեկնած` Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ միասին եղողը, ժողովուրդի միասնականութեան հաւատացողը իրաւունք ունի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին խօսելու, ժողովուրդի պայքարին մէջ դերակատար ըլլալու, քննելու, քննադատելու: «Եւ դուք, սիրելինե՛ր, բազմահազար ժողովո՛ւրդ, եկած էք հեռաւոր Այնճարէն ու Թրիփոլիէն, Ժիպէյլէն եւ Ճիւնիէն, Մեթնի բարձունքներէն, ծովեզերեայ շրջաններէն, Պուրճ Համուտէն ու Պէյրութէն: Հո՛ս ենք բոլորս, սիրելինե՛ր, միասնութեան լաւագոյն պատկերը տալու, հո՛ս է Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցչութիւնը, հո՛ս են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները, հո՛ս են հոգեւոր հայրերը, եւ հո՛ս էք դուք` մի՛շտ միասին: Վերյիշեցում է, թէ պարզապէս վերապրում այն հոգիին ու ոգիին, որ տասնամեակներ ամբողջ դրսեւորուած է մեր մէջ, ձեր մէջ, ձեր ու մեր մէջ, այն հոգիին ու ոգիին, որ մենք միշտ միասին եղած ենք», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

«Մենք միասին եղած ենք մեր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն մէջ, մեր տխուր ու զուարթ վայրկեաններուն, մեր պարտութիւններուն ու յաղթանակներուն ընթացքին, եկեղեցւոյ մէջ, դաշտին վրայ, մարզական, մշակութային թէ բարեսիրական մեր միութիւններուն մէջ: Մենք միասին եղած ենք, երբ Հայաստանն ու Արցախը արեան կարիք ունեցած են, երբ անոնք վտանգի մէջ եղած են, երբ Լիբանանը վտանգի դէմ յանդիման կանգնած է: Մենք միասնաբար կռուած ենք, մինչ ուրիշներ իրարու դէմ կռուած են, մենք միասնաբար պայքարած ենք, մինչ ուրիշներ իրարու դէմ պայքարած են, մենք միասնաբար պաշտպանած ենք մեր ինքնութիւնը, մինչ ուրիշներ գողութեամբ, քանդումով, աւերով զբաղած են:

«Դժուար օրերու մէջ ենք Լիբանանի մէջ, բայց, ի սէր Աստուծոյ, ըսէ՛ք, ե՞րբ դժուար օրերու մէջ չէ եղած հայ ժողովուրդը: Իսկ հայ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ. հայ ըլլալ կը նշանակէ դժուար օրեր ապրիլ եւ դժուար օրերու մէջ դիմադրել, այդ դժուարութիւններուն դէմ կանգնիլ, յաղթել եւ ուրիշին սորվեցնել ու ուսուցանել, թէ ինչպէ՛ս մենք կանք ու կը մնանք, որովհետեւ մեր կեանքը, մեր ապրումը, մեր պայքարը ճամբորդական պայուսակներուն մէջ չէ, այլ մեր հոգիներուն, սրտերուն, մտքերուն, մեր հաւաքական բռունցքին մէջ է», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ մենք հեռու ենք նենգութենէ, հայհոյանքէ, մեզ օտարացնելու ձգտող հովերէն ու փոթորիկներէն: «Կը փորձեն մեզ հարուածել, պատասխանը դո՛ւք էք, սիրելինե՛ր, կը փորձեն մեզ պառակտել, պատասխանը հո՛ս է, սիրելինե՛ր, կը փորձեն պատմութիւնը նենգափոխել, պատասխանը հոսկէ կու տաք, սիրելի՛ ժողովուրդ», նշեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ միշտ ալ փորձ կը կատարուի լիբանանահայութիւնը տարբեր ուղղութիւններու մէջ տեսնել, սակայն իսկական ու միակ ուղղութիւնը հայ ժողովուրդի, հայութեան ու Հայաստանի գերագոյն նպատակն է, մեր միակ ուղղութիւնը մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի գոյատեւումն է, իսկ հայրենիքի գոյատեւման համար կարեւոր ու առանցքային է լիբանանահայութեան գոյատեւումը:

Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը շարունակեց հաստատելով, որ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը իրարմով ապրելու պայմանաւորուածութիւն ունին, իրարու հետ ըլլալու երդում տուած են: «Ան, որ իր կեանքին գնով մեր ժողովուրդին ծառայելու եւ, ի պահանջել հարկին, նահատակուելու երդում տուած է, դաշնակցական մարդը, իր ժողովուրդը առանձին չի կրնար ձգել, որովհետեւ դաշնակցականը այն մարդն է, որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը տառապի, կը ցաւի իր ժողովուրդի հարցերով ու կը պայքարի, կը ճգնի, որպէսզի այդ հարցերը լուծուին», նշեց ան: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ թէեւ շատ վատ օրեր ապրած ենք, եւ այդ դաժան օրերուն հետքը մնացած է իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ լիբանանահայութիւնը կրցած է յաղթահարել եւ յաղթանակել:

«Պիտի յաղթենք այս անգամ եւս, սիրելինե՛ր, պիտի յաղթանակենք միասնաբար, բաց ճակատով, թիկունք թիկունքի, բոլորս, մէկ բռունցքով` ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան», խօսքը եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Ապա ժողովուրդին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանին կողմէ մեկնաբանուած ազգային ու յեղափոխական երգերով, որոնց միացան նաեւ ներկաները:

Մինչ ան կը մեկնաբանէր Արարատին նուիրուած երգը` «Աննման իմ Մասիսին», իսկոյն հպարտօրէն եւ խրոխտ քայլերով բեմ բարձրացան լիբանանահայ այն երիտասարդները, որոնք օգոստոս 21-ին եռագոյնը պարզեցին Արարատի գագաթին` իրենց երազը իրականացնելով:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company