ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Հայաստանի համալսարանը՝ 100 տարեկան

30 Սեպտեմբեր 2019 Երեւանի պետական համալսարանը նշեց իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը:

Ատենին, Թուրքիոյ վերանորոգումը հետապնդող թրքական ազգայնական շարժումի` Հայաստանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին պարտուած հայկական ուժերը, յաջողութեամբ դիմադրեցին արեւելեան Հայաստանն ալ գրաւելու անոնց փորձերուն: Այդ յաղթանակներով անոնք, դարեր տեւած ստրկութենէն ետք, կերտեցին նորագոյն ժամանակներու հայկական պետական կառոյցը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Տարի մը ետք արդէն, կառավարութեան որոշումով, հիմը կը դրուէր ԵՊՀի առաջին տարբերակին՝ Հայաստանի Համալսարանին: Քաոսային այդ օրերուն ինչպէ՞ս կարելի էր մտածել, որ Հայաստանը կրնար օր մը ունենալ մէկէ աւելի համալսարաններ:

Համալսարանի իրողական հիմնադիրը հանրապետութեան կրթութեան եւ արուեստի նախարար Նիկոլ Աղբալեանն էր. ան արդէն համազգային ճառագայթում ունեցող հանրածանօթ մտաւորական էր: Աչքի զառնող գրաքննադատ, Սայաթ Նովայի մասնագէտ, հայոց ազատագրական պայքարին մէջ նետուած ազգային գործիչ, երիտասարդ տաղանդներ՝ բանաստեղծներ ու ընդհանրապէս գրագէտներ յայտնաբերող, իր գաղափարական հակառակորդ երիտասարդ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ հովանաւորութեան տակ առած Նիկոլ Աղբալեանը, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պարտաւորուեցաւ աքսորական դառնալ ազատելու համար նոր իշխանութիւններու մահաբոյր հալածանքներէն:

31 յունուար 1920ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Համալսարանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը. անոր հիմնումը շուրջ ութ ամիսներ առաջ յայտարարուած էր կառավարական հրամանագրով: Հանդէսի առիթով հրապարակուած էր միօրեայ թերթ՝ «Հայաստանի համալսարան» անունով: Կրթութեան եւ արուեստի նախարար Նիկոլ Աղբալեանի խօսքին մէջ յատկանշական էր հետեւեալ նախադասութիւնը.

«Այն ջահը, որ մենք վառում ենք այսօր Հայաստանի բարձրաւանդակի վրայ, չի հանգչի երբեք եւ կը լուսաւորէ Առաջաւոր Ասիան»: Իսկ Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ՝ Ճոն Օլիվըր Ուորտրոպը ըսաւ՝ «Ես կարծում եմ, որ առաջին համալսարանի բացումը նոյնքան կարեւոր է, որքան անկախութիւնը»*:

Նիկոլ Աղբալեանի պաշտօնավարութեան օրով վառած ջահը կը շարունակէ իր շուրջը լոյս սփռել դար մը ետք իր կրակի ուժգնութեան տարերային ելեւէջներով, պայմանաւորուած՝ երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական փոփոխութիւններու տեսակէն եւ կրթութեան ոլորտին վրայ անոնց գործած ազդեցութենէն: Այսօր Հայաստանի կրթագիտական մարզը դժբախտաբար իր լաւագոյն օրերը չ՛ապրիր, բայց անոր անցեալը անկասկած երաշխիք մըն է փայլուն ապագայի մը իրականացման:

Վերջին նախատեսութիւնը մեր օրերուն զգալի կերպով արտայայտուող հայկական դատարկ մեծամտութեան մը հերթական արտայայտուիւնը չէ, այլ դեռ մօտաւոր անցեալի անհերքելի տուեալներու վրայ հիմնուած վարկած մը, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ մօտաւոր անցեալի տակաւին տեսանելի հետքերուն հետեւելով: Անհերքելի է նաեւ Ճ.Օ. Ուորտրոպի արտայայտութիւնը, որովհետեւ անկախութիւնը կայանալէն ետք կարելի է զայն պահպանել միայն լաւ պատրաստուած սերունդներով:

************

Տարիներու ընթացքին ԵՊՀի զարգացումը, անոր ձեռքբերումներն ու տկարութիւնները, վերելքներն ու անկումները եւ անոնց պատճառները տեսանելի են պատրաստուած պաշտօնական տեղեկագիրներուն մէջ: Այդ ուղղութեամբ կ’ուզեմ ներկայացնել միայն մասնագէտի մը վկայութիւնը՝ նախորդ դարու վաթսունական թուականներու վերջաւորութեան հայկական գիտութեան վիճակին մասին:

Գերմանիոյ Քարլսրուհի համալսարանի մէջ առաջին կիսամեակս էր: Ուզեցի իմ ապագայ մասնագիտութեանս վերաբերող սեմինարի մը մասնակցիլ: Փոքր ամփիթատրոնի մը նստարաններուն վրայ տեղ գրաւած տասնեակ մը ուսանող կը սպասենք առջեւի նստարանին վրայ տեղ գրաւած դասախօսներու յայտարարութիւններուն: Տեղի կ’ունենայ ներկայութեան ստուգում. վերջին անունը իմս է: Երբ բարձրաձայն կը յայտնեմ իմ ներկայութիւնս, առաջին շարքի մէջտեղը նստած դասախօսը ոտքի կ’ելլէ հարցնելու համար՝ «հա՞յ ես»: Դրական պատասխանը հնչելէն ետք երկուքս ալ նստանք մեր տեղերը: Յայտարարութիւններէն ետք մտածեցի, որ այդ դասախօսը ինծի ըսելիք կամ հարցնելիք պիտի ունենայ. այդպէս չեղաւ եւ իմ հայ ըլլալուս հանդիսաւոր յայտնաբերումը անմիջական շարունակութիւն չունեցաւ:

Ամիսներ ետք, աշխատանք մը ընելու համար, ամբողջ կիսամեակ մը յաճախեցի վերոյիշեալ դասախօսի՝ փրոֆ. Անզելմ Ցիտրոնի ղեկավարած հիմնարկը: Միջավայրին ընտենալանէն ետք օր մը գործակիցներէս մէկուն պատմեցի եղելութիւնը` յայտնելով եղածէն բան հասկցած չըլլալս: Ընկերս բաձրաձայն խնդաց պատմելով հետեւեալը.

«Ցիտրոնը անցեալ տարի Հայաստան այցելեց եւ վերադարձէն ետք ամէն առիթով այդ մասին կը խօսի. թէ ինք հոն երթալէն առաջ գաղափար չունէր այդպիսի ժողովուրդի մը գոյութենէն. թէ այդ երկրէն ներս գիտութիւնը բացառիկ կերպով զարգացած է. թէ բնագիտութեան բնագաւառէն ներս անոնք ընտրած են իրենց բարձր կարողութիւններուն համապատասխան մասնագիտական առաջատար ոլորտներ: Անոնք ոչ միայն իրենց երկրին մէջ հոյակապ արդիւնքներու կը հասնին, այլ՝ փայլուն ներկայութիւն են Խորհրդային Միութեան գիտական հետախուզութեան միջազգային կառոյցներու մէջ, յատկապէս՝ Դուբնայի եւ Սերպուխովի գիտաշխատանոցներուն մէջ»:

Երկար ժամանակ փորձառական կորիզային բնագիտութեան հիմնարկի ղեկավար Ա.Ցիտրոնը խօսեցաւ Հայաստանի գիտական բարձր կարողականութեան եւ արդիւնքներու որակին մասին:

Նիկոլ Աղբալեանի ատենին կատարած նախատեսութիւնը աւելիով իրականութիւն էր դարձած: Հայաստանի համալսարանի պատրաստած գիտական անձնակազմի շնորհիւ հայկական գիտութեան համբաւը անցած էր Առաջաւոր Ասիայի սահմաններէ՛ն ալ անդին:

Մէկ խօսքով՝ բարձունքներ նուաճելը միշտ կարելի է:

************

Համալսարանի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած գլխաւոր ձեռնարկներն էին՝

ա.- ԵՊՀի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստը՝ համալսարանի գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ. խօսք առին ԵՊՀ ժամանակաւոր ռեկտոր փրոֆ. Գեղամ Գէորգեան, ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզի նախարար պրն. Արայիկ Յարութիւնեան եւ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ՝ փրոֆ. Ռադիկ Մարտիրոսեանը: Նիստի ընթացքին որդեգրուեցաւ Ակադեմական ազատութեան մասին յայտարարութիւնը. բաժնուեցան մեդալներ եւ վկայագրեր:

բ.- Միջազգային գիտաժողով՝ ‘-«Բարձրագոյն կրթութիւն, Գիտական հետախուզութիւն եւ նորարարութիւն 21-րդ դարուն» թեմայով: Արտասահմանէն ներկայ էին աւելի քան 70 մասնակիցներ, որոնց կարգին համալսարանի 10 նախագահներ:

գ.- ԵՊՀի 100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն օպերայի մեծ դահլիճին մէջ. յաջորդաբար խօսք առին ԵՊՀի ժամանակաւոր ռեկտոր փրոֆ. Գեղամ Գէորգեանը եւ ՀՀ վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեանը:

դ.- Վերջապէս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ Հրազդանի ձորի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ԵՊՀի անձնակազմի եւ արտասահմանեան հիւրերու մասնակցութեամբ:

Գիտական խորհուրդի պաշտօնական նիստի ընթացքին հաստատուած «ակադեմական ազատութեան> մասին յայտարարութեան մէջ տեղ մը կը խօսուի համալսարանի ապաքաղաքականացման մասին: Եզրը յայտարարութեան գրութեան մէջ բաւարար չափով բացատրուած չէ, այդ պատճառով ալ կրնայ թիւրիմացութիւններու առաջնորդել: Յայտարարութիւնը խմբագրողները վստահաբար ըսել կ’ուզեն, թէ համալսարանը մէկ քաղաքական ուժի հակակշռի տակ պէտք չէ ըլլայ, նոյնիսկ երբ անոր ղեկավարութեան կազմաւորման մէջ երկրի կառավարումը ստանձնած քաղաքական ուժը, բնականօրէն, այդ ուղղութեամբ հասկնալի առաւելութիւններ վայելելու դիրքի մէջ կը գտնուի: Սակայն, ամէն պարագայի, համալսարանը այն վայրն է, ուր երիտասարդ ուսանողը պիտի ստանայ քաղաքակական ու քաղաքացիական դաստիարակութիւնը: Այստեղ երկխօսութեան ու վիճաբանութեան միջավայր է, իրարու հետ ազատ, անկաշկանդ ու ազնիւ փոխյարաբերութեան մէջ մտնելու մթնոլորտ կայ: Մէկ խօսքով՝ երկրի ապագային վերաբերող առողջ քաղաքականութիւն հասունցնելու կարելիութիւններն ու ժամանակը առկայ են:

Հին ժամանակներուն այդպիսի վայրերու մէջ զարգացած են քաղաքի, այսինքն՝ հասարակական կեանքի ու քաղաքականութեան գաղափարները Պղատոնով, Սոկրատեսով, Արիստոտելեսով. նոյնիսկ Դիոգենեսով՝ որ մեր օրերու բնապահպանական շարժումի հիմնական սկզբունքներու տարազումի նախակարապետը կարելի է համարել: Անշուշտ ակադեմական ազատութեան գաղափարի առկայութիւնը, առանձին, բաւարար չէ գործնապէս երաշխաւորելու այդ ազատութիւնը. անհրաժեշտ է, համալսարանի յայտարարագրին մէջ այլ առիթով մը ամրագրել նաեւ համալսարանական տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը կամ ապաստանը. ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոստիկանութիւնը համալսարանի տարածք կրնայ մուտք գործել միայն համալսարանի գլխաւոր պատասխանատուի բացայայտ դիմումին ընթացք տալով:

Նշելի է, որ պաշտօնական խօսքերուն մէջ առհասարակ բացակայ էր Հայաստանի համալսարանի գլխաւոր հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի անունը՝ իբր այդ: Անոր անունը ներկայ էր հիմնուած համալսարանի դասախօսներու առաջին սերունդի ցանկին մէջ համալսարանի առաջին ռեկտոր՝ Եուրի Ղամբարեանի անունէն ետք: Նիկոլ Աղբալեանի անունը իբրեւ համալսարանի հիմնադիր հնչեց միայն մէկ անգամ՝ ԵՊՀ գիտական խորհուրդի նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռ.Մարտիրոսեանի բերնէն:

Արդար ըլլալու համար պէտք է միաժամանակ այստեղ յիշել, որ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրին զետեղուած է ԵՊՀի գլխաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք, առաջին կարգի վրայ՝ աշխարհահռչակ աստղաբնագէտ Վիկտոր Համբարձումեանին հետ:

Նիկոլ Աղբալեանի անունը երիտասարդական, համալսարանական եւ ընդհանրապէս մտաւորական շրջանակներէ ներս ամէն առիթով շեշտելը ժամավաճարութիւն չէ: Մտաւորականը իր գիտութեամբ պիտի ծառայէ ամենէն առաջ իր հարազատ հասարակութեան զարգացման ու մշակութային վերելքին: Այդպէս կը դաւանէր Ն.Աղբալեան եւ այդպէս էր ինք: Մեր հասարակութիւնը կարիքը ունի մտաւորականի խօսքին եւ ուղղութեան:

Մեր ընդհանուր հասարակութեան սխալներու բազմութիւնն ու բազմազանութիւնը հաւանաբար, գէթ մասամբ, արդիւնք են այդ խօսքի բացակայութեան: Այդ պատճառով՝ Ն.Աղբալեանը եւ ընդհանրապէս իր տեսակը ընդօրինակելի տիպար է: Ուղեղները հարկ է հետեւողականօրէն մրճահարել իրենց օրինակով եւ անոնց խօսքով:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միության կենտրոնական վարչության ատենապետ

Երեւան, 29 սեպտեմբեր 2019

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս ամենը մեկ անուն ունի՝ ժողովրդին կա

Համատարած բռնությունների և վախի մթնոլորտում, բռնաճնշումների բոլոր տեսակների կի

24 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company