ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ (բաժին 1)

25 Փետրվար 2020
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ


ա-Էջացոյց

Յետթաւշեայ յեղափոխութեան` վարչապետի դիմումին ընդառաջ, ինչպէս նաեւ շարժման սահմանադրական եւ պետական անցնցում ու անխափան հիմնարկաւորումը ապահովելու նախանձախնդրութեամբ, Դաշնակցութիւնը ազգային֊համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութեամբ ոչ միայն երկխօսութեան, այլեւ գործակցութեան հարթակի ամենապատրաստակամ ու համբերատար պահակը եղաւ:

Վարչապետը ի՛նքն էր, որ ուզեց ամայացնել ներազգային ճակատի ամրակայման սպասարկող երկխօսութեան եւ գործակցութեան այդ հարթակը, երբ անցումային կառավարութեան հաշուետուութեան ծանօթ հանրահաւաքին (17 oգոստոս 2018) եւ անկէ ետք, փոխան ներուժի համախմբման ճարտարապետումին` բաժանարար քարտէսներ ու տրորման ուղիներ գծագրեց:

Այսուհանդերձ, դեկտեմբերի արտակարգ եւ ճնշեփուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ, Դաշնակցութիւնը, նոյնի՛սկ իբրեւ ընդդիմութիւն, պատրաստակամ եղաւ մնալու կառուցողական եւ գործակցութեան հարթակներու վրայ:

Արդարեւ, պետական ռազմավարական յստակ հայեցակարգի բացակայութեան, կառավարութեան կառուցուածքի, դատական համակարգի բարեփոխութեանց, տնտեսական քաղաքականութեանց թէ ներքաղաքական ապառողջ կեանքի վերաբերեալ Դաշնակցութեան մատնանշումներն ու հիմնաւորուած առարկութիւնները ոչ միայն անտեսուեցան, այլեւ շատ յաճախ պիտակաւորուեցան եւ անտեղի հակազդեցութիւններու արժանացան:

Դեռ աւելին…

բ.- Երկխօսութեան ժամացոյցին յուշարար սլաքով կամ երկխօսութեան շուրջ

Սակայն մօտիկ անցեալի այս ցաւոտ փորձառութիւնները լուսանցք քշած` վերադառնա՛նք երկխօսութեան գաղափարին: Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը անառարկելի է, մանաւանդ` հայաշխարհի դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:

Ասով հանդերձ, ակնկալուած երկխօսութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս եւ անկէ բխած գործակցութիւնը պէտք է պարզաբանուին վարչապետին կողմէ, մանաւանդ որ առկայ կը մնայ այն հիմնաւոր տպաւորութիւնը , թէ վարչապետը իւրովի մեկնաբանութիւններ ունի երկխօսութեան ու գործակցութեան հասկացողութեանց, ուր ակնկալուածը խօսքի արձագանգներ են եւ կորսուած ոտնահետքերու հիփնոսացած հետեւակութիւն:

Վարչապետը համապատասխան կեցուածքով եւ անկեղծ մօտեցումով կա՛մ պէտք է ստեղծուած այս տպաւորութիւնը վերացնէ, կա՛մ ալ լրջութեամբ վերանայի իր ընկալումներուն մեկնաբանութիւնները այս հասկացութեանց. այլապէս, անոր երկխօսութեան դիմումն ու գործակցողութեան առաջարկի կամ պատրաստակամութեան սլաքը սխալ հասցէատէր ընտրած են:

Այս պարզաբանումէն ետք, երկխօսութեան եւ անկէ առաջադրուած գործակցութեանց մեկնարկին, պէտք է յարգելէ աւելի` ընդունիլ այս գործընթացին մասնակից կողմերու ինքնութիւնները, այնպէ՛ս` ինչպէս որ ե՛ն եւ կը ներկայանան իրենց ամբողջականութեամբ ու հարազատութեամբ: Խնդրահարել դիմացինին ինքնութիւնը` կը նշանակէ երկխօսութենէ եւ գործակցութենէ զատ, ա՛յլ բան հետապնդել:

Այնպէս ինչպէս Դաշնակցութիւնը ընդունած է Նիկոլ Փաշինեանը նախ իբրեւ վարչապետ եւ համաժողովրդային շարժում իրականացուցած առաջնորդ, ապա` իբրեւ ՔՊ կուսակցութեան ղեկավար, իր յետագիծով եւ թէկուզ ամենատարօրինակ հակասութիւններով լեցուն` «իմքայլական» ամբողջական դիմագիծով, նոյնպէ՛ս` վարչապետը Դաշնակցութեան մասին իր բնութագրումին հաւատարիմ, պարտաւոր է Դաշնակցութիւնը ընդունիլ իր գաղափարական ու իրողական համահայկականութեամբ, հայաշխարհի (հայրենի եւ սփիւռքի) ֆիզիքական ամբողջականութեան մէջ, իր ուրոյն յետագիծով, ինչպէս նաեւ` դաշնակցական անքակտելի ընտանիքի լրիւ ու պայծառ դիմագիծով:

130-ամեայ հարուստ կենսափորձ ունեցող քաղաքական ուժէ մը ակնկալել, որ հրաժարի իր հեռու կամ մօտիկ անցեալէն, գաղափարական թէ կազմակերպական իր ընդերքէն ու տարածքէն եւ այս ամբողջը մարմնաւորող իր դիմագիծէն, քաղաքական առողջ յարաբերակարգի օրինաչափութեանց մէջ չտեղաւորուող վարքագիծ է, որ ո՛չ արդար է եւ ո՛չ ալ իրական, չըսելու համար` երազատեսութիւն է:

Այս հաստատումին զուգընթաց` Դաշնակցութիւնը հպարտ է նորագոյն ազգային ազատագրական պայքարի մկրտարանին մէջ սեփական արեան ու քրտինքի շաղախով միւռոնուած հայաստանեան իր կառոյցով. հաւատարի՛մ` Եռաբլուրի մէջ ննջող 300-է աւելի իր առիւծներու կտակին, արժանապատի՛ւ` պետականաշինութեան մէջ ընդդիմադիրի թէ իշխանութեան մասնակիցի իր դիրքաւորումներով:

Վերանկախացած Հայաստանի պատմութեան Դաշնակցութեան 30-ամեայ կնճռոտ ուղին դիմագրաւեց խորհրդային ժառանգութեան քաղաքական մշակոյթ` գրոհ, հալածանք, սահմանափակումներ, յարափոփոխ կացութիւններ, դժուարին ընտրանքներ եւ անհամեմատ բեռնաւորուածութիւն:

Ամենատարբեր պայմաններու տակ Դաշնակցութեան ուղին անայլայլ մնաց ազատամարտի թէ պետականաշինութեան առանցքային զոյգ պայքարներու շաղկապման վրայ: Ընդդիմադիրի իր կասեցուած կուսակցութեան կարգավիճակին մէջ իսկ Դաշնակցութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին միշտ սահմանազատուած պահեց պետութիւնն ու իշխանութիւնները եւ ազգային անկախ պետականութիւնն ու անոր շահերը դասեց գլխաւոր պայմանաւորումը իր վերաբերումին:

Պետականաշինութեան աշխատանքային իր ներդրումին մէջ Դաշնակցութիւնը, ընդդիմադիրի թէ իշխանութեան մասնակիցի իր կարգավիճակներով, ձեռնամուխ եղաւ վերանկախ պետութեան ազգային նկարագիրի կերտումին, անոր համահայկականութեան զգենումին եւ արցախեան ազատամարտի յաղթանակի պաշտպանութեան ու ամրագրումին: Զուգահեռաբար, սահմանադրական եւ համակարգային բարեփոխումներու յստակ առաջադրանքներով ան հետամուտ եղաւ պետութեան ժողովրդավարացման գործընթացի խորացման` հասնելով խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւի հաստատման: Նպաստեց սփիւռք֊Հայաստան յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնեց կառուցակարգային անհրաժեշտ նախադրեալներու կազմաւորման եւ ամրակայման (երկքաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրում, սփիւռքի նախարարութեան ստեղծում): Դաշնակցութեան անզիջող պայքարով ազգային Դատի պետական իրաւատիրութեան ուղղութեամբ յառաջխաղացքն ու նոյն իրաւատիրութեան ոտնձգութեան եւ ընկրկումի հանդէպ դիմադրութիւնը աստիճանաբար հաստատագրեցին այն օրինաչափութիւնները, որոնք «Զարգանալ` առանց զիջելու» ռազմավարական նախագիծը առաջադրեցին (արտաքին քաղաքականութեան մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգի ընդգրկում, ցիւրիխեան փրոթոգոլներու չեղարկում, 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիր, հատուցման թղթածրարի նախապատրաստութիւն): Միւս կողմէ` Դաշնակցութիւնը ջանաց ուշադրութեան առարկայ պահել տնտեսութեան առողջացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման խնդիրները:

Բազմաճակատ գործունէութեան այս ուղղութիւններու վրայ Դաշնակցութիւնը իր հետեւողական ուղեգիծով եւ պահանջկոտ ջանադրութեամբ հասաւ նշանակալից արդիւնքներու, բայց եւ այնպէս, հրատապ առաջնահերթութեանց դասակարգումին մէջ տեղ֊տեղ արձանագրեց նահանջներ եւ ունեցաւ բացթողումներ:

Արտաքին ճնշող սպառնալիքներու առկայութեան, երկրի քաղաքական մտահոգիչ վերիվայրումներու եւ բեւեռացած առճակատման խորապատկերին, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հասու չեղաւ կանխելու եւ հակակշռելու քաղաքական եւ տնտեսական մենաշնորհներու վերանորոգուող սերտաճումն ու մեքենայութիւնները. ակնկալուած արդիւնք եւ գործնական բաւարար ազդեցութիւն չունեցան նաեւ փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարն ու այս ուղութեամբ Դաշնակցութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները. «Քուէն ուժ է» արշաւին դիմաց` ընտրակաշառքը իր քաղաքակիրթ պատշաճեցումներով անձեռմխելի թաքստոցներու մէջ պատսպարուեցաւ…

Գործունէութեան այս համապատկերին մէջ, իր ծանր ինքնաքննութեանց կարգերէն անցնելով, իբրեւ հաշուետուութիւն եւ փոխանցելի դաս, Դաշնակցութիւնը արձանագրեց, որ իր ձեռք բերած արդիւնքները բացառապէս առնչուած են պետականաշինութեան գործին եւ սպասարկած ազգային֊պետական շահերը. իսկ որոշ ուղղութիւններով` իր մասնակի թէ ամբողջական ամլացումն ու բացթողումները, յառաջացած են արտաքին բացայայտ վտանգներու դիմաց` պետութեան կայունութիւնը պահպանելու եւ այս շրջածիրէն ներս համաձայնական եղանակով ու համակարգային փոփոխութեանց ընդմէջէն` անցնցում բարեշրջումներ ապահովելու նախանձախնդրութեան առաջնահերթութենէն:

Հրատապ առաջնահերթութեանց համբերատար այս դասակարգումին պատճառով, ինչպէս նաեւ յատկապէս գործադիրի որոշումներու կայացման կամ կանխման մէջ ոչ ազդեցիկ կամ անբաւարար ազդեցութեան դերակատարի պայմաններով, գործունէութեանց որոշ ուղղութիւններու վրայ Դաշնակցութեան կամաւոր ծանրաշարժութեան ու մասնակի ամլացումին կամ ակամայ նահանջին պատճառով, տուժած են Դաշնակցութեան ժողովրդանուէր դիմագիծն ու վարկանիշը` երկրի կայունութեան, ամրութեան եւ արտաքին հեղինակութեան պահպանման ի խնդիր:

Մէկ խօսքով, Դաշնակցութեան արձանագրած մարտավարական թերիները այնպիսի սխալներ են, որոնք ունեցած են իրենց հիմնաւոր, պետականամէտ ու անշահախնդիր պատճառականութիւնը, զոր Դաշնակցութիւնը ճակատաբաց եւ անթաքոյց պատասխանատուութեամբ կը յիշէ եւ կրնայ յիշեցնել` առանց ամօթի եւ յանցաւորութեան բարդոյթներ ունենալու…

Անկախ այն հանգամանքէն, որ Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր եղած է եւ կը մնայ համազգային֊պետական հիմնահարցերու ուղղութեամբ իր գործունէութիւնն ու համագործակցութիւնը տարանջատելու ներքաղաքական խնդիրներէն, պետութեան ղեկը ստանձնած իշխանութիւններն ալ պարտին զսպանակուիլ այդ ուղղութեամբ եւ ընդլայնելով ազգային համաձայնութեան իրենց հայեցակարգն ու համազգային օրակարգի շրջածիրը` ջանադիր ըլլան անհրաժեշտ նախադրեալները ստեղծելու այդ հարթութեան վրայ:

(Շար. 1)
aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս ամենը մեկ անուն ունի՝ ժողովրդին կա

Համատարած բռնությունների և վախի մթնոլորտում, բռնաճնշումների բոլոր տեսակների կի

24 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company