ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ (բաժին 3)

27 Փետրվար 2020 ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

դ.- Խիղճի եւ վրէժխնդրութեան դատաստաններու Խաչմերուկին` ներկայի Առեւանգումը

Արդարեւ, «սիրոյ եւ համերաշխութեան» այսօրուան հականիշ իրողութեան գլխաւոր պատասխանատուն կը մնան իշխանութիւնները` իրենց որդեգրած ատենախօսութեամբ ու քաղաքական վարքագիծով, որոնք չեն նպաստեր ազգային համաձայնութեան բաղադրիչներու գոյառման ու անոնց հիւսուածքին:

Անցեալի յոռի երեւոյթները դատապարտելուն եւ անոնց հետեւանքները չէզոքացնելուն զուգահեռ` ամբողջութեա՛մբ անցեալը մերժելու գործելաոճը չի տեղաւորուիր ներկան իւրացնելու իրատեսական պետական տրամախոհութեան մը մէջ:

Ընդդէմի արշաւը ոչ միայն սկսած է ինքզինք սպառելով իմաստազրկումի դատապարտուիլ, այլեւ` կործանարար դառնալ պետական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ, այնքան ատեն որ, «յանունի» գերակայութեամբ, ներկան հաստատագրելու պայմանաւորումը կ՛ուշանայ եւ նպատակային աշխարհագրութեան մը կողմնացոյցին փոխարէն` տակաւին աղմկարար բարձրախօսերով կ՛առաջնորդուի:

Յետահայեաց քայլերով ու գործունէութեամբ ոչ միայն ապագայակերտ ներկայ չենք կրնար ունենալ, այլեւ ներկան` յաւերժ պատանդը պահելով անցեալին, բոլո՛ր` ներկայով ու ապագայի յոյսով կ՛ընկղմինք անցեալին մէջ:

Համաժողովրդային շարժումով, շրջելով անցեալի տխրահռչակ իրողութիւնները, քաղաքական գնահատականը տրուած է անոնց եւ նոյն փոփոխութեան վճռական երաշխաւորութեամբ` իրաւական անաչառ հաշուետուութեան մը երթուղին հաստատուած է, փտածութեան գործարքներու ու մեքենայութեանց շնորհիւ գողօնը պետական գանձարկղ վերադարձնելու եւ յանցաւորները պատժելու: Այս փաստի արձանագրութեամբ, այլեւս ի՛նչ իմաստ ունին անցեալը վերակենդանացնելը, անոր մէջ քաղաքական վրէժխնդրութեամբ ինքնահաստատուելու յամառ կիրքն ու ապրումները:

Պետութեան ղեկին յայտնուած իշխանութեան նախկին ամենահալածուած ընդիմադիր հատուածն անգամ, պետական ողջախոհութեան իսկ թելադրանքով, պէտք է կարենայ ուժ գտնել շրջուած եւ պատմութեան էջերուն յանձնուած անցեալը ընկալել իբրեւ անցեալի՛ իրողութիւն` իր ամբողջական բաղադրութեամբ ու մասերով:

Ներկայ աշխարհակարգի վայրաշարժի կանոնները անողոք են քաղաքական այն գործիչներուն նկատմամբ, որոնք իրենց քաղաքական ասպարէզի իմաստաւորումը կը խտացնեն մշտապէս անցեալի դէմ պայքարելով: Նոյն կանոններով անոնք դատապարտուած են իրենց պայքարած անցեալին մէջ բանտարկուելու:

Հետեւաբար ներկայի իշխանաւորներուն կը մնայ ընդհանրապէս անցեալէն եւ անոր առանձին իրողութիւններէն դասագիրք կազմել` օգտուելով հոն տեղ գտած խորհուրդներէն, զուգահեռաբար` խուսափելով նաեւ անկէ արձակուած անէծքները կրելէ:

Պետականաշինութիւնը եւ պետական գործը շարունակականութիւն կ՛ենթադրեն. այս մէկը չի բացառեր ինքնասրբագրման ուղին, վերաթարմացման ներարկումն ու կատարելագործման հոլովոյթի մը անհրաժեշտութիւնը. ընդհակառա՛կը, շարունակականութեան երաշխաւորման անխուսափելի գործօններ են անոնք:

Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր մագլցող քայլափոխի համար նախկինէն հաստատուած աստիճանի օգտագործումը առաւել բարձրադիր աստիճանի մը նուաճման նախապայմանն է:

Անգիտանալ այս նախապայմանը կամ դիտաւորեալ շրջանցել ցարդ հաստատուած աստիճանները` կը նշանակէ յանցաւոր ժամավաճառութեամբ զբաղիլ: Ցարդ շինուածը քանդելու եւ ամէ՛ն ինչ ու ամէ՛ն պարագայի` զերոյէն սկսելու պոլշեւիկեան յեղափոխութեանց փիլիսոփայութեան կամ աւելի ճիշդ` բարդոյթի զզուելի կնիքն է, որ կը շօշափուի իշխանութեան գրեթէ իւրաքանչիւր քայլափոխի տրամաբանութեան մէջ:

Օրհներգի փոփոխութեան մտամարզանքներէն մինչեւ սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը, այլ դրդումներու քողին տակ, ա՛յս կնիքն է, որ կը կրէին…

Անհամատեղելի է իշխանութեան դիրքերէ ընդդիմադիրի դերակատարումն ու խաղարկումը ամբոխահաճութեան աժան թաքթիքներով ու ընկերացանցային ծիսակատարութիւններով: Թոյլատրելի պէտք չէ ըլլայ քաղաքական մանրուք շահագրգռութիւններով պետութեան ծանրակշռութիւնն ու լրջութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել:

Պետական մտածողութեան ի՜նչ անփութութիւն է, երբ քաղաքական մեծամասնական ուժը` օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց պատասխանատուութիւնը ստանձնած դիրքերով, փոխանակ օրէնսդրական փաթեթներու առաջադրմամբ` պետական գործիքակազմի միջոցով բարեփոխումներու գործընթաց սկսելու, կը դիմէ փողոցային պայքարի եւ քարոզչական ահաբեկչութեան ճնշամիջոցներուն` հեղինազրկելով առաջին հերթին նոյնինքն գործադիր եւ օրէնադիր իշխանութիւնները:

Դատարանները հնազանդեցնելու դիտաւորութեամբ զանոնք շրջափակելու ցուցական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ անցումային արդարադատութեան հագուկապի ծածկոյթով կամ անոր նմանողութեամբ, նոյն դատարանները ժողովրդային դատաստաններով փոխարինելու սպառնալիքի բանեցումը այլ բնութագրումի չեն կրնար արժանանալ, ինչ ալ ըլլան անոնց պատճառաբանութիւնը:

Նոյնիսկ եթէ համակարգի որոշ ներկայացուցիչներ կը թուին թելակարուած ըլլալ փտածութեան կերպարներու կամ ալ պորտակապ մը պահած ըլլան քաղաքական մերժուած խորհրդանիշներու, համոզիչ չի կրնար ըլլալ դատական ամբողջ համակարգ մը պիտակաւորելով` անոր անընդհատ թիրախաւորումը, ա՛յն ալ` կոպիտ միջամտութիւններով եւ փողոցային պայքարի մեթոտաբանութեամբ:

Ի դէպ, պետութեան առողջ կենսագործունէութեան նախանձախնդրութիւնը, անոր սահմանադրականութեան կամ իրաւական պետութեան հանգամանքը, ինչպէս նաեւ իշխանութեանց տարանջատման ժողովրդավարութեան տարրական դրոյթի պահպանումը կը շարունակուին խաթարուիլ քաղաքական ուժի այս անգամ` օրէնսդրական շանթաժով (կենսաթոշակի ապահովագրութեամբ եւ կամաւոր հիմքով ՍԴ դատաւորի կանխահաս պաշտօնաթողումի օրէնք) եւ օրէնսդրական նոր արկածախնդրութեամբ: Նախկին խայտառակ մեթոտի ձախողութենէն ետք, իշխող ուժը, իր օրէնսդրական շանթաժին զուգահեռ, իրաւակարգումներու խոցելի փաթեթով եւ խնդրայարոյց ընթացակարգով, շրջանցելով սահմանադրական դատարանը` կ՛ուղղուի ժողովրդական հանրաքուէի, որուն միջոցով Սահմանադրական դատարանի լիազօրութեանց սահմանափակման հետ` ի վերջոյ կը ջանայ հասնիլ անոր լիակատար զաւթումին: Այս բոլորը հակառակ ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողներու եւ Վենետիկի յանձնաժողովի նախազգուշական նկատողութեանց եւ ի հեճուկս պետութեան միջազգային վարկին:

Որքան դատապարտելի է ներկայ սահմանադրութեան մէջ անցումային դրոյթի (213-րդ յօդուած) շահագործումով հանրապետական նախկին վարչախումբին կողմէ Սահմանադրական դատարանի մէջ իւրային յենարան (վարչապետի բնորոշմամբ` «պահապան շուն» պահելու) նպատակով կատարած մեքենայութիւններն ու զեղծումը, նոյնքա՛ն վնասակար է խնդրայարոյց օրինագիծներու փաթեթի առաջադրումով ու անոր արտասովոր ընթացակարգով վերոնշեալներուն սրբագրութիւնը. մանաւանդ որ անիկա նոյն թարգմանութիւնը պիտի ունենայ իր նպատակին մէջ եւ պիտի հեղինակազրկէ պետութեան իրաւական ամրութեան վարկանիշը միջազգային առումով:

Իսկապէս անհասկնալի է իշխանութիւններուն այս շտապողականութիւնը (մանաւանդ երբ ան կը խուսափի բարեփոխումներու թղթածրարը Վենետիկի յանձնաժողովի ստուգողական քննութեան յանձնելու կարելիութենէն` նախքան հանրաքուէի դիմելը), դատաիրաւական համապարփակ բարեկարգումներէն անջատ` սահմանադրական դատարանի մասով, եթէ երբեք ան պատանդը չէ քաղաքական նեղ հաշիւներու օղակի մը:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պետութեան ու հասարակութեան իրաւական պաշտպանուածութեան զօրաշարժի խանդավառ թափով մանաւա՛նդ, դատաիրաւական համակարգային բարեփոխումներու ձեռնարկումը գիտակցուած, անհրաժեշտ եւ անշրջելի առաջնահերթութիւններ էին այլեւս: Նոյնպէ՛ս, անվրէպ ու անսայթաք ժողովրդավարական յարաճուն յառաջխաղացքի մը համար, դեռեւս 2015-ին որդեգրուած սահմանադրութեան` քաղաքական թարմ կենսափորձով ապացուցուած բացթողումները, կնճիռներն ու վէրքերը, յատկապէս` անձնիշխանութեան սուբըրվարչապետական հիմնարկի փոխարինման առումով, սահմանադրական վերակարգաւորումներով դարմանելու եւ լուծելու հրամայականը շօշափելի կը դառնար:

Հետեւաբար, հիմնականին մէջ վերոնշեալ առաջնահերթութեանց կոչուած եւ սահմանադրական կարգաւորումներու այլ անհրաժեշտութիւններով յառաջացած սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովն էր ամենաբարեբեր միջավայրը Սահմանադրական դատարանի թնճուկի հանգուցալուծման:

Միջավայր մը, որ սահմանադրական բարեփոխումներու համապարփակ թղթածրարի մը պատրաստութեան մէջ, մասնագիտական իր ստացած խորհրդատուութիւններէն անկախ, կ՛ենթադրէ յագենալ քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու կողմէ տարբեր առաջարկութեանց լսումներով, քննարկումներով եւ երկխօսութեամբ: Սահմանադրական բարեփոխումներու համալիր թղթածրարի յղկման ա՛յս եղանակով եւ անկէ առաջադրուած ժողովրդական հանրաքուէի նոյն պարունակին մէջ միա՛յն, անցնցում լուծուած պիտի ըլլար նաեւ Սահմանադրական դատարանի ներկայի թնճուկն ալ` առանց զարտուղի ու խնդրայարոյց ընթացակարգերու եւ առճակատման:

Դժբախտաբար իշխող ուժի ընտրած ուղին, միջազգային տարընթերցումներէ անկախ, հակազդեցութեան կարգով պիտի յառաջացնէ դիմակայութիւններ եւ բեւեռացում, որ իր անկայունութեան պայմաններով` դռները լայն կրնայ բանալ ժողովրդավարական յետընթացի առջեւ:

Քաղաքական ուժ մը պէտք է կարենայ ճիշդ կարդալ քաղաքական հանգրուանի, գրաւած դիրքի եւ ստանձնած կարգավիճակի թելադրականութիւնն ու պայմանները եւ ջանայ համարժէք գործունէութիւն ու պատասխանատու գործելակերպ որդեգրել:

Ընդդիմադիր մամլոյ շրջանակէ քաղաքական աքթիւիզմի, քաղաքական ընդդիմադիր պլոքէ համաժողովրդական առաջնորդի, իսկ անկէ ալ պետութեան ղեկավարութեան անցումները` մտածողութեան, գործունէութեան ու գործելակերպի տարբեր սահմանումներով կը ներկայանան եւ, անոնց հիմամբ, տարաբնոյթ դերակատարումներ կ՛եթադրեն (խօսքը ամենեւին դիմափոխութեան չի վերաբերիր):

Օրինաչափ ակնկալութիւն է, որ իշխող քաղաքական ուժը` վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, իր գործառոյթը կատարէ լիարժէ՛ք` պետութեան ղեկավարութեան պատասխանատուութեան ծանրութեամբ, պետութեան ղեկավարման գործի թելադրած շրջահայեացութեամբ ու համապատասխան վարքագիծով:

(Շար. 3)

* Սկիզբը կարդացե’ք այստեղ (բաժին 1), (բաժին 2)

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս ամենը մեկ անուն ունի՝ ժողովրդին կա

Համատարած բռնությունների և վախի մթնոլորտում, բռնաճնշումների բոլոր տեսակների կի

24 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company