ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պայքարէ զատ ամէն ինչի կը նմանի

25 Ապրիլ 2020 «Ուստի մեր շարունակական պայքարը մեր էութեան, մեր տեսակի պահպանութեան համար է։ Մոռանալով նրանց յիշատակը, մոռանալով նրանց մշակութային ժառանգութիւնը՝ մենք կը դաւաճանենք մեր էութեանը։ Նրանց յիշատակը վառ պահելով, պայքարելով արդարութեան վերականգնման համար՝ մենք ձեռք կը բերենք անմահութիւն։ Ուստի մենք հետեւողական ենք լինելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում»(1) . ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան

2019-ին, 24 Ապրիլին առիթով, ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի վերոնշեալ ուղերձը ընթերցողին պահ մը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ: Համայն հայութեան իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ գոյերթին հիմնական երաշխիքը հանդիսացող պետութեան գործադիր իշխանութեան ղեկավարէն այսպիսի հաստատում մը ենթադրել կու տայ, որ իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեան, օրակարգին ու մանաւանդ գործունէութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան համազգային այս գերխնդիրին անհրաժեշտ կարեւորութիւնը կը ցուցաբերեն, շարունակական ու հետեւողական պայքար կը մղեն, ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ գործով:

Դժբախտաբար սակայն, Ապրիլ 2019-էն Ապրիլ 2020 ժամանակահատուածը ուրիշ բան ցոյց տուաւ: Յեղափոխական լոզունքներով տոգորուած իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան (այսուհետեւ՝ Հ.Ց.) միջազգային ճանաչման ու արդարութեան վերականգման ( հետեւանքներուն վերացման) գծով զարմանալիօրէն մնացին հնարաւորինս լուռ, կրաւորական ու չնախաձեռնող…: Այս ընթացքին, ո՛չ թէ գործի (որ շատ աւելի կարեւոր է, քան խօսքը), այլ նոյնի՛սկ իշխանութիւններուն «խօսք»ին մէջ 2019-ի վերոնշեալ ուղերձը արձագանգ չգտաւ, այդ մնաց Ապրիլ 24-եան յուզականութեան եւ ականջահաճոյ թուելու ամբոխավարական դրսեւորումներու (արդէն դատապարտելի) սահմաններուն մէջ:

Այս հաստատումը շօշափելիօրէն կարելի է տեսնել ստորեւ յիշուած տեղեկութիւններուն մէջ.

Ա. Օգոստոս 2019-ին, ՀՀ վարչապետին Արցախի մէջ յայտարարած Ազգային Ռազմավարութեան ու Համահայկական Համաձայնական օրակարգին մէջ Հ.Ց.-ի եւ պահանջատիրութեան հարցը զարմանալիօրէն բացակայ էր: Սա դատապարտելի մօտեցում է:

Վարչապետին ներկայացուցած մինչեւ 2050 թուական ռազմավարութեան առաւելաբար վարդագոյն ու իտէալական իղձերու շարքին մէջ ո՛չ մէկ խօսք կայ Հ.Ց.-ի ու պահանջատիրութեան գծով պետութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան մասին: Ան կ’ըսէ.

«Եւ ուրեմն, համահայկականութեան յաջորդ դրսեւորումը պէտք է լինի հայկական ողջ ներուժի կենտրոնացումը Հայաստանի զարգացման սդրադեկիական [ռազմավարական] նպատակների իրագործման շուրջ։ Հայաստանի կառավարութիւնն արդէն երկար ժամանակ աշխատում է Հայաստանի երկարատեւ զարգացման մեգանպատակների [գերնպատակների] շուրջ, որոնք, մեր կարծիքով, պէտք է համախմբեն մեր ազգային ներուժը, կենտրոնացնեն մեր ազգային ռեսուրսները՝ այդ նպատակներին հասնելու համար։ Ռազմավարական այս նպատակների իրագործումը պէտք է դառնայ համահայկական օրակարգի ողնաշարը»(2): Ռազմավարական նպատականերուն մէջ կը բացակայէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդարութեան վերականգման նպատակները: Ըստ երեւոյթին, ՀՀ իշխանութիւնները չեն գիտակցիր, որ այս խնդիրը ո՛չ միայն գերնպատակ է, այլ նաեւ միջոց՝ Հայաստանի ու հայութեան երկարատեւ գոյութիւնը, անվտանգութիւնը եւ զարգացումը ապահովող: Աւելին, պրն. Փաշինեան իրաւացիօրէն կ’ընդգծէ. « Համահայկականութեան առաջարկուող տրամաբանութիւնն իսկապէս կարող է գոյութիւն ունենալ եւ արդիւնաւէտ լինել, եթէ մենք յենուենք համահայկական մի քանի առանցքային կոնսենսուսների՝ համաձայնությունների վրայ եւ այս հարցերում արձանագրենք մեր ազգային համերաշխութիւնը»(3), բայց զարմանալիօրէն ան դարձեալ հայոց պահանջատիրութեան գերխնդիրը չի ներառեր ազգային համերաշխութիւն ու համաձայնութիւն պահանջող շարքին մէջ: Ըստ երեւոյթին, ՀՀ իշխանութիւնները պահ մը կը թերագնահատեն, որ Հ.Ց.-ի գերխնդիրը նոյնքան կարեւոր ու առաջնային է, որքան ներհայկական հարցերու մէջ բռնութիւնը բացառելը, ժողովրդավարութեան ամրագրումը, անկախ քաղաքականութիւն վարելը, փտածութիւնը վերացնելը, իրաւունքի ու օրէնքի գերակայութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման եւ անվտանգութեան իրաւունքները։ Ճիշդ է, որ այս 6 օրակարգերը ժամանակակից մարտահրաւէրներ ու գերխնդիրներ են, որոնք հսկայական միջոցներ (resource) կրնան խլել արդէն իսկ սահմանափակ միջոցներով գործող իշխանութեան մը համար: Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները կառավարման այնպիսի հմտութիւններ պէտք է ցուցաբերեն, որ խօսքով ու գործով Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան վերականգման հարցը ժամանակին թաւալումին հետ երկրորդական չնկատուի ու հրատապ հարցերու շարքին մնայ: Այս կը պահանջուի ներկայի ու ապագայի բոլոր իշխանութիւններէն, այնքան ատեն որ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութիւնը չէ վերականգնած. թէկուզ եթէ դարեր անցնին, ժամանակը նուազագոյն ազդեցութիւն պէտք է ունենայ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ:

Բ. Սեպտեմբեր 2019-ին Վարչապետ Փաշինեանի 2019-ի ՄԱԿ-ի Ընդհ. Ժողովին դիմաց ելոյթը Հայոց Ցեղասպանութեան մասով չափազանց կրաւորական ու անուղղակի էր:

Վարչապետ Փաշինեան կ’ըսէ. «Հայաստանի 4 սահմաններից 2-ը, այդ թւում՝ Թուրքիայի հետ սահմանը, փակ է արդէն շուրջ 3 տասնամեակ: Հրաժարուելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելուց, Ատրպէյճանին աջակցելով ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Թուրքիան շարունակում է մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովրդի համար, ով արդէն մէկ անգամ եղել է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրության»: Ան կը շարունակէ «Որպէս մի ազգ, որն անցել է ցեղասպանութեան սարսափի միջով, մենք հանդէս ենք գալիս մեր անկայուն տարածաշրջանում փոխըմբռնման՝ խաղաղութեան օգտին»(4):

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին նման միջազգային ամպիոններէ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ ընելը մեր օրերուն այդքան ալ ազդեցիկ չէ: Այսինքն, այս ու նման առիթներու ժամանակ յուզական, զգացական ու անիրատեսական ելոյթներէ հեռու մնալը եւ կառուցողական քննարկում ներկայացնելը կարեւոր է, բայց միւս կողմէ միջազգային հանրութեան առջեւ ելոյթներու ընթացքին, Հ.Ց.-ն ու անկէ բխած պահանջատիրութիւնը առանձին գլուխով ու որոշ դիրքորոշումներով չներկայացնելը ընդունելի չէ: Նուազագոյնը պէտք է վերահաստատել, որ ՀՀ-ն Թուրքիայէն յստա՛կ, արդա՛ր ու հետեւողակա՛ն պահանջներ ունի: Վարչապետը Հ.Ց.-ի Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութեան ու պահանջատիրութեան մասին յստա՛կ դիրքորշում չի ցուցաբերեր, ո՛չ իսկ կ’անդրադառնայ անոնց: Ան իր ելոյթին մէջ միա՛յն անուղղակիօրէն կ’անդրադառնայ ցեղասպանութեան հարցին՝ մէյ մը որպէս զոհի, ապա տարածաշրջանին մէջ փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան օգտին արտայայտուողի դիրքերէ հանդէս գալով: Իսկ թէ ՀՀ իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան եւ փոխըմռնման դրսեւորումները ինչպէ՞ս կը տեսնեն ու ի՞նչ կ’ընեն այդ ուղղութեամբ յստակ չէ…:

3- Դեկտեմբեր 2019-ին Վարչապետը կ’անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:

ԱՄՆ-ի Ստորին Պալատին եւ Ծերակոյտին որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող բանաձեւերուն լոյսին տակ, ՀՀ գործադիր իշխանութիւնները փոխանակ թափ տալու միջազգային ճնշումին եւ այդ բանաձեւի ընդունումը առիթի վերածելու Թուրքիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար, վարչապետ Փաշինեան (ո՛չ թէ այս առթիւ հաւաքուած կառավարութեան յատուկ նիստի մը ընթացքին, այլ Պաշտպանութեան Նախարարութեան 2020-ի պիւտճէի քննարկման նիստին) հետեւեալը կ’արտասանէ.

«Մենք բազմիցս ենք արձանագրել, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեզ համար կարեւոր է ոչ միայն պատմական ճշմարտութեան արձանագրման առումով, այլ նաեւ որպէս ցեղասպանութիւնների կանխարգելման գլոպալ [միջազգային] շարժման մի կարեւոր բաղադրիչ: Դուք տեղեակ էք, որ հէնց Հայաստանի առաջարկութեամբ Միացեալ Ազգերի Կազմակերպութիւնը Դեկտեմբերի 9-ն ընդունեց որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերի յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման օր: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար նաեւ անվտանգային բաղադրիչ ունի, եւ այդ ծրագիրը կարեւոր է մեր երկրի եւ ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման տեսակէտից»(5): Այսքանը շատ բարի (ու թերեւս որոշ չափով կը փարատէ (բայց չ’արդարացներ) Ա. գլուխին մէջ արձանագրուած բացթողումին պատճառաւ յառաջացած լուրջ մտահոգութիւնը): Բա՜յց երբ դարձեալ խօսքէն գործի անցնելու եղանակը քննուի, այս իմաստով ի՞նչ քայլերու ձեռնարկեց կամ կը ձեռնարկէ իշխանութիւնը, պարզ չէ: Այսինքն եթէ ԱՄՆ-ի բանաձեւը չորդերգուէր, նման հակազդեցութիւն կամ քննարկում օրակարգի վրայ պիտի գա՞ր, պատասխանը անորոշ է:

Այս ծիրին մէջ, այլ վտանգաւոր երեւոյթ մը սկսած է վերջերս ձեւաւորուիլ ՀՀ-ի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (Այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) դիւանագիտական շրջանակներուն մօտ: Այո՛, մենք պարտաւոր ենք միջազգային առաջատար դերակատարութիւն ունենալու ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային գործընթացին մէջ, բայց այդ գործընթացը մեր գերխնդիրը (ան)գիտակցաբար երկրորդական դասելու հաշւոյն պէտք չէ ըլլայ…:

Օրինակները շատ են այս նկատողութեան: ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքէջի «Արտաքին Քաղաքականութիւն» «foreign policy» (https://www.mfa.am/hy/foreign-policy/) բաժինին մէջ ո՛չ մէկ բառ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման ու պահանջատիրութեան մասին Միթէ այս մէկը ԱԳՆի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սիւներէն մէկը պէտք չէ՞ ըլլայ:

Նոյն կայքէջին «Ճանաչում» կամ «Ցեղասպանութիւն» բաժիններուն մէջ, իրաւական սահմանումներէ եւ պատմական տեղեկութիւններէ բացի, դարձեալ ոչինչ արձանագրուած է Թուրքիայէն ճանաչման եւ արդարութեան վերականգման պահանջք ունենալու մասին: 2019-ի ԱԳՆ-ի Ապրիլ 24-եան յայտարարութեան ծանրակշիռ մասը Թուրքիոյ ժխտողականութեան, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վրայ կեդրոնացած էր եւ ո՛չ Թուրքիայէն ճանաչման ու արդարութեան վերականգման պահանջատիրութեան6: «Պահանջք» ունենալը, «նախապայման» ունենալու հետ պէտք չէ շփոթել: Գոնէ այնքան ատեն որքան Արցախի հարցը չէ լուծուած, հասկնալի է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանեան մօտեցումը, բայց անհասկնալի է Թուրքիայէն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման ու արդարութեան վերականգման պահանջք ունենալու բացակայութիւնը ԱԳՆ-ի պաշտօնական տիսքուրսին [գործընթաց] մէջ:

Սա պահ մը ենթադրել կու տայ, որ ԱԳՆ-ի ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման ու արդարութեան վերականգման գծով փոխուած է:

Այսինքն, այնքան ատեն որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ չէ ճանչցուած ու անոր հետեւանքները միջազգային օրէնքին համաձայն չեն վերացած եւ արդարութիւնը չէ վերականգնած, ՀՀ իշխանութիւններուն եւ դիւանագէտներուն այս առիթով ծաւալած գործունէութեան ծանրակշիռ մասը եթէ միայն ցեղասպանութեան համաշխարհային կանխարգիլման վրայ կեդրոնանայ եւ ո՛չ նոյնինքն իր ազգի ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան, այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ իշխանութիւնները արդէն յուսահատած ու հաշտուած են իրողութեան հետ ու իրենց սլաքները այլ ուղղութիւն թեքած են…:

Հետեւաբար, Հայոց Ցեդասպանութեան ճանաչումն ու հետեւանքներու վերացումը պէտք է հիմնական նպատակը ըլլան մեր իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտութեան, ապա՝ ցեղասպանութեան միջազգային կանխարգիլումը:

Վստահաբար իր արդար իրաւունքներուն տիրացած պետութիւնն ու ժողովուրդը, աւելի ազդու խօսք ու կշիռք կ’ունենան կանխարգիլման միջազգային արշաւին մէջ…:

Հետեւաբար ժամանակը հասած է, որ ՀՀ իշխանութիւնները դուրս գան իրենց կրաւորական պահուածքէն, Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24 կամ օտար պետութեան մը ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն առիթով չյիշեն ու չ’արձագանգեն մեր հարցին, հակազդողէ նախաձեռնողի վերածուին, բայց միեւնոյն ժամանակ զգոյշ ըլլան, որ ցեղասպանութեան միջազգային կանխարգիլման նպաստելու պատրուակին տակ անգիտակցաբար հայկական հարցը չլուսանցքայնացնեն: Ժամանակը հասած է, որ ՀՀ-ի իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումն ու ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումը պետական ներկայ ռազմավարութեան մէջ ներառեն, ինչպէս նաեւ առանցքային, ամէնօրեայ ու առաջնային օրակարգի վրայ բերեն: Վերջ ի վերջոյ, վարչապետին արտասանած «արդարութեան վերականգնման համար» պայքարը կրաւորականութենէն աշխոյժ ու անդադար գործ, համահայկական ուժերու համախմբում, մակերեսային ու հարեւանցի դիւանագիտութենէն՝ յստա՛կ եւ նպատակասլաց քայլերու ձեռնարկում կ’ենթադրէ: «Անմահութիւն» ձեռք բերելու համար պայքարը՝ բառին ամբողջական իմաստով «պայքար» կը պահանջէ, իսկ այս ճակտին վրայ գոնէ մինչեւ այսօր տեղի «չ»ունեցածը պայքարէ զատ ամէն ինչի կը նմանի…:

Վիեննա
Ապրիլ 2020
Գէորգ Յակոբճեան

————————————————
1-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի օրուայ կապակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնական կայքէջ, https://www.primeminister.am/…/Nikol-Pashinyan-Armenian-ge…/
2-Արցախի մէջ Վարչապետ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնական կայքէջ, https://www.primeminister.am/…/Nikol-Pashinyan-visit-to-Ar…/
3-Նոյնը
4-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլեայի 74-րդ նստաշրջանում, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնական կայքէջ, https://www.primeminister.am/…/Nikol-Pashinyan-74th-sessio…/
5-Քննարկուել է Պաշտպանութեան նախարարութեան 2020թ. պիւտճէտային յատկացումների յայտը, վարչապետն անդրադարձել է նաեւ ԱՄՆ Սենատի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, Հայաստանի Հանդապետութեան Վարչապետի պաշտօնական կայք: https://www.primeminister.am/…/…/13/Nikol-Pashinyan-meeting/
6-Տեսնել յայտարարութիւնը՝ https://www.mfa.am/…/interviews-articles-and-comments/2019/…

kantsasar.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս ամենը մեկ անուն ունի՝ ժողովրդին կա

Համատարած բռնությունների և վախի մթնոլորտում, բռնաճնշումների բոլոր տեսակների կի

24 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company