Ամէն Գնով Պիտի Պայքարինք, Ստանալու Համար Ա․Մ․Ն․-ի Տրամադրելիք Օժանդակութիւնը՝ Արցախին
25 Մայիս 2020
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Վերջերս, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ հրատարակուող «Ապառաժ»-ին հետ եւ անդրադառնալով, Ա․Մ․Ն․-ի տրամադրուած արտաքին օժանդակութիւններուն, ան յայտնեց, թէ ամէն գնով աշխատանք կը տարուի, որպէսզի շարունակուի Արցախի տրամադրուելիք օգնութիւնը։
«Այս օրերուն, տեղւոյն քաղաքական գործիչներու հետ երկխօսութիւնը կը կայանայ հեռաձայնային եւ համացանցային հարթակներու միջոցով։ Յոյսով ենք, որ պիտի կարենանք յառաջիկայ շաբաթներուն դրական արդիւնքի յանգիլ։ Այս գծով 75 քոնկրէսականներ եւ 30 ծերակուտականներ ստորագրած են ի նպաստ Արցախի օժանդակութեան կոչերը։ Անոնց վրայ պիտի աւելնան այլ անուններու փաղանգ մը», ըսաւ Չաղլասեան լաւատեսութիւն յայտնելով։
hairenikweekly.com
