Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 2
26 Հունիս 2020 Սիրելի Հայրենակիցներ,Մայիս 28, 2020ին, մեկնարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան Գանատայի հանգանակային արշաւը, որով գանատահայութիւնը անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ձեռք երկարելու հոն, ուրկէ կու գայ օգնութեան կանչը: Նախորդ մեր հաղորդագրութեամբ, խոստացած էինք մեր համայնքը տեղեակ պահել յաջորդ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին: Այսու, կը տեղեկացնենք, հետեւեալը՝
-Հինգշաբթի 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-10:00ին, մասնակցինք Aid4Lebanon Թելեթոն-հանգանակութեան: Թելեթոնը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, հետեւեալ կայքերէն՝
-com/Aid4Lebanon
-ca/live-video/
-Արդէն կը գործէ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի դիմատետրի էջը, ինչպէս նաեւ Instagram-ի aid4lebanon հաշիւը, ուր օրը օրին կրնաք հետեւիլ մեր աշխատանքներուն, լիբանանեան լուրերուն եւ Լիբանանի մեր կառոյցներու տարած աշխատանքներուն:
-https://acc.akaraisin.com/Aid4Lebanon նուիրատուութեան առցանց կայքէջը առժամաբար դադրած է գործելէ: Շուտով պիտի հրապարակուի առցանց նոր հասցէ, ուր կարելի պիտի ըլլայ շարունակել ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններու փոխանցումը ու ստանալ տուրքէ զերծ ստացագրեր։
-Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել վճարագիրով գրուած A.M.A.M-ին եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝
C.A.M.A.M.
3401 Rue Olivar-Asselin
Montreal, QC
H4J 1L5
Այլ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝
-Մոնթրէալ (514) 887-6547
-Լաւալ (514) 887-1890
-Օթթաուա (819) 743-0386
-Թորոնթօ (416) 315-7310
-Վանգուվըր (778) 228-1233
-Հարաւային Օնթարիօ (519) 241-1477
-Կամ գրել [email protected]
Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ այս տեղեկութիւնները տեղադրեն իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան կոչը հասանելի դարձնել ամբողջ Գանատայի տարածքին: Անյապաղ սատար հանդիսանանք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Հասնի’նք անոնց:
Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին
Թարմացումներն՝ այստեղ

