ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Զոհրաբ Մնացականեանի Այցը Եգիպտոս Շարունակութի՛ւն Պէտք Է Ունենայ

19 Սեպտեմբեր 2020 ՀՀ արտաքին նախարարի Եգիպտոս երկօրեայ այցելութիւնը, բանակցութիւնները եգիպտացի իր պաշտօնակցին հետ, երկու նախարարներու մամլոյ միացեալ ասուլիսը, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ շահատակութիւններուն վրայ շեշտադրումները՝ Միջերկրական աւազանի արեւելքը, Լիբիա, թէ հարաւային Կովկաս կամ ընդհանրապէս, Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ էլ Սիսիի ընդունելութիւնը նախարարին եւ Հայաստան այցելելու հրաւէրի փոխանցումն անոր, Եգիպտոսի զոյգ կրօնապետներուն՝ Աղեքսանդրիոյ Թաւատրոս Բ․ պատրիարքին եւ Ազհարի մեծ շէյխ Մոհամմէտ էլ Թայէպի հետ տեսակցութիւնները, հարցազրոյցներու ընթացքին շեշտադրումը Արցախի ազատագրական պայքարի ապակրօնական բնոյթին թէ ընդհանրապէս այլադաւան ժողովուրդներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի եւ հայ մարդու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համակեցութեան վարքագիծին վրայ, եթէ մէկ կողմէ վերահաստատումն էր նախկին կեցուածքներուն, այնուամենայնիւ աշխարհաքաղաքական թէ այլ զարգացումներուն բերումով շահեկան նորութիւններ կը պարունակէր։

Այդ նորութիւններուն մէջ եթէ ամենանշանակալիներէն մին թրքական յարձակապաշտ քաղաքականութեան բացայայտումն էր առհասարակ արաբ ժողովուրդին եւ յատկապէս եգիպտացիներուն համար, ենթադրաբար՝ մեզի համար կարեւոր էր, նախորդներու համեմատ, զգալ Հայաստանի ինքնավստահութեան շունչը եւ շրջանային խաղաղ գոյակցութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան առաջարկներու յարաբերական հարստութիւնը։

Եգիպտոսի հետ 2019 տարեշրջանին երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը, զոր նշած է ՀՀ արտաքին նախարարութեան ամփոփ տեղեկանքը՝ 5․8 միլիոն տոլար, անհեթեթ է եւ չ᾿արտացոլեր երկու երկիրներու հնարաւորութիւնները։ Միջպետական լուրջ յարաբերութիւններու մէջ էական, կարեւոր բաղադրիչ է ասիկա, զոր հարկ է անխոնջ աշխատանքով բազմապատկել, տասնապատկել, հարիւրապատկել։ Կը հաւատանք, որ առաջարկելիք շատ բան ունինք։ Հայաստանի կարեւորութիւնը օրինապահ եգիպտահայ համայնքով չի սահմանափակուիր, ոչ ալ հայոց երախտագիտութեամբ կ᾿աւարտի Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնը։

Անոնք կարեւոր են՝ մատնանշելու մեր պատմական կապերը, որոնք այսօր պիտի զարգանան այլ արժէքներու ալ ներդրումով, որոնք կապ ունին տեւական աճի եւ բարգաւաճման հետ՝ Հայաստան եւ Եգիպտոս։

Երկու պետութիւններու հիմնական խնդիրը խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ մնայուն աճն է, առանց մոռնալու անոնց՝ պաշարներու, աշխարհագրական դիրքի ու տարածութեան, բնակչութեան, արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու, բնական հարստութիւններու եւ նորարարական ունակութիւններու իւրայատկութիւնները։

Թրքական արդի մարտահրաւէրները շրջանի ժողովուրդներուն միաբանութեան ազդակ են հին-նոր աշխարհակալութեան նկրտումներուն դէմ դնելու համար եւ ներկայիս կը խթանեն համագործակցութեան ուղիներու որոնումները, գոյութիւն ունեցողները զարգացնելու եւ աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու ջանքը։ Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւններուն եւ նկրտումներուն հակադրութիւնը ժամանակաւոր սերտ գործակցութեան պէտք չէ առաջնորդէ, այլ աւելի լայն եւ երկարատեւ ծրագրումի պէտք է դրդէ կողմերը։

Եթէ մենք՝ հայերս ներկայիս, ինչպէս մշտապէս ունեցած ենք թրքական արիւնոտ յաճախանքը, յոյներու, կիպրացիներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ ենթակայ կամ սահմանակից այլ ժողովուրդներու հետ նոյնութիւն մը ունինք, մինչ Եգիպտոս, Սուրիա եւ այլ արաբական երկիրներ, աւելի քան 500 տարուան վաղեմութեան նուաճումը մոռցած էին, մոռցած էին օսմանեան դարաւոր ենթակայութեան աւերները, թերեւս պահու մը՝ դաւանական միաբանութեամբ, ներողամիտ եղած եւ էջը փակած էին։ Այսօր, ծաւալապաշտական իր բնոյթը վերստին կը զգացնէ Թուրքիա, եւ անոնք կը վերյիշեն այն ինչ մենք երբեք չենք մոռցած։

Միւս կողմէ, յարաբերաբար Թուրքիոյ, եթէ մենք անուշադիր ենք, ներողամիտ, աւելին՝ արդարացիօրէն բարեկամ կ᾿ընկալենք Իրանը եւ իր ժողովուրդը, արաբական արեւելքը այլ կերպ կ᾿ընդունի այդ երկիրը։ Իրան նոյնպէս կայսրութիւն եղած է եւ այդպէս ալ կը մնայ, իր բազմակրօն, բազմադաւանանք, բազմացեղ եւ բազմալեզու բնակչութեամբ։
Մենք ունինք բազմահազարամեայ փորձառութիւն Իրանի հետ, թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ։ Մենք տեսած ու ապրած ենք նաեւ շահապպասեան բռնագաղթ, որ արեւելեան Հայաստանը ամայացուց եւ դատարկուած երկիրը վերաբնակեցան թաթարներ։ Այնուամենայնիւ, Իրանը երբեք չենք ընկալած ինչպէս Թուրքիան, մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ Յազկերտի եւ Շահ Ապպասի բացասական կերպարներուն կողքին չեն մնացած համիտներ, թալէաթներ, քեմալներ։

Տարբերութիւնը մեծ է ինչպէս մօտիկ անցեալին, այնպէս ալ այսօր։ Այս փորձը թերեւս պէտք է աւելի լայնօրէն եւ հիմնաւոր փոխանցենք մեր արաբ եղբայրներուն։ «Յուսաբեր»ի խմբագրատան մէջ, 1991-ին, երբ Ղարաբաղեան ազատամարտը թափ կը հաւաքէր, ընդունեցինք եգիպտական արտաքին նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի խումբ մը ուսանողներու անակնկալ այցը, որոնց, ի միջի այլոց խիստ հետաքրքրեցին հայ-իրանական յարաբերութիւնները, բաղդատմամբ հայ-թրքականին, զորս լայնօրէն ներկայացուցեր էինք։ Հիմնականը, զոր այն ժամանակ փաստարկեցինք, իրանական քաղաքակրթական հազարամեակներու որակն էր, զոր օգտապաշտ բնութագրեցինք ու ներկայացուցինք։ Մեր հիւրերու մտմտուքը աւելի դաւանական էր, սիւնի-շիի դարաւոր հակադրութիւնը, գումարած՝ իրանական աշխարհակալական աւանդութիւնը։

Ասոնք բաներ են, որոնց պէտք է լրջօրէն մօտենալ եւ նպաստել դարու ոգիով զանոնք հարթելուն, անվերադարձ։

Երանի փոխադարձ ըլլայ նման ճիգը եւ մեզ համար ալ գտնուին ուժեր, որոնք Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, փոխըմբռնումը ոչ թէ առաջնորդեն իրադրային մօտեցմամբ, տուեալ պահու ուժերու յարաբերակցութեան տրամաբանութեամբ, այլ աւելի տեւական՝ արդարութեան վրայ հիմնուած կայունութեան, խաղաղութեան հեռանկարով։

Արդի Թուրքիոյ հետ՝ ներկայ պահուն, գրեթէ բացառուած են նման հասկացողութիւններ․ երկիր՝ որ շրջակայ ժողովուրդներն իրեն ենթարկելու համար պատրաստ է նոյնիսկ զանոնք ծարաւի եւ սովի մատնել։

Թուրքիա այսօր մեծ գլխացաւանք է եւ աւելի մեծ գլխացաւանք դառնալու հաւանական թեկնածու։ Ասիկա կարեւորագոյն խնդիր է մեզի համար, զոր լուծելու համար նոյնքան գիտակից շահագրգիռ զինակցութիւններ կազմելու հետամտութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մեխը պարտի ըլլալ։

Ցաւն այն է, որ Թուրքիա եթէ այսօր պարտադրուի նահանջել Միջերկրականի արեւելքէն կամ այլ գօտիէ մը, չի մոռնար իր երազը եւ պատեհ առիթին զայն իրականացնելու կը լծուի դարձեալ։ Թուրք բնաւորութեան մէջ կայուն գիծ է ասպատակութիւնը եւ աջ ու ձախ մարտահրաւէր կարդալը, շանտաժի կամ բիրտ՝ զինուած ուժով նպատակի հասնիլը։ Եւ խնդիր է, որ կրնայ թիրախի հերթականութիւնը փոխուիլ, սակայն ոչ վերջնանպատակը։ Սեփական փորձով թուրքը լաւ գիտէ կայսրութիւնը ընդարձակելու կերպը․ իսկ անոր Ատրիականէն մինչեւ Չինական պարիսպ երկարող երազը սոսկական աշխարհակալական, փանթրքական ծրագիր չէ, այլ ձեռք բերել կամք պարտադրելու յաւելեալ գործիքներ, ուժանիւթ, հաղորդակցութեան ուղիներ, առեւտուր եւ այլն։ Հայաստան, որ շահագրգռուած է միջերկրականեան զարգացումներով, Չինական պարիսպ ճամբուն սկիզբը կը գտնուի, Իրանի հետ։ Եթէ Թուրքիա այլընտրանք դիտէ այս ուղղութիւնը շահագրգիռ այլ ուժերու դրդումով կամ ինքնագլուխ, այն ժամանակ է որ կարիքը պիտի զգանք աւելի լայնածիր փոխըմբռնման, անմիջական մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար այսօրուան գործընկերներուն հետ, կամ՝ այլոց։

Այս խորհրդածութիւնները միջանկեալ էին, ցոյց տալու համար անվտանգութեան լայն ըմբռնումով առաջնորդուելու կարեւորութիւնը ուժի մը նկատմամբ, որ իսկական սպառնալիք է թէ՛ մեզի, թէ՛ այլոց, ոչ միայն ռազմական ուժով, այլեւ տարբեր լծակներու օգտագործմամբ։

Վերադառնալով հայ-եգիպտական, աւելի՛ն, հայ-արաբական յարաբերութիւններուն, Եգիպտոսը եւ այլ արաբ պետութիւններ հարկ է նկատի ունենանք որպէս առեւտրական գործընկերներ, որպէս այլընտրանք Թուրքիոյ։ Արդարեւ անհեթեթութիւն է՝ արաբ բարեկամ երկիրները թողած գործընկերային սերտ յարաբերութիւններ մշակել երկրի մը հետ, որ օրն ի բուն կը սպառնայ մեզի։ Այս առումով հետաքրքրական է նկատի ունենալ Սուէզի ջրանցքին մէջ կամ անմիջապէս հարեւան՝ եգիպտական նաւահանգիստի մէջ բեռնարկղերու կայան ունենալու ձեռնարկատիրական նախագիծ մը, միջպետական համաձայնութեան հիման վրայ։ Հայաստան առաքուող կամ անկէ արտահանուող բեռնարկղերու տեղափոխման ծախսը այսպիսով կարելի է կրճատել եւ մրցունակութիւն ձեռք բերել, եթէ համակարգուած գործունէութիւն ծաւալուի։

Նախորդ դիտարկման հետ կապ ունի նաեւ մեր անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ի ու Եգիպտոսի անդամակցութիւնը նմանօրինակ շրջանային տնտեսական կազմակերպութիւններու, զանոնք առաւելագոյնս արդիւնաւորելու միտումը։

Երբ նախարարական այցելութեան աւարտին կը խորհրդածենք, կը նշանակէ, որ զայն որբ մնալու սահմանուած՝ պատահական ձեռնարկ չենք նկատեր, այլ տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ առաջ տարուող պետական հետեւողական քաղաքականութեան մը նախերգանք։ Նման մօտեցումը միայն կրնայ նպաստել բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու կայացման, իհարկէ առանց մտահան ընելու պատմական, մշակութային եւ քաղաքակրթական այլեւայլ գործօնները։

Սպասողն ենք, որ 28 տարի առաջ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները, կնքուած պայմանագիրները, շօշափուած փոխադարձ հետաքրքրութիւնները կ᾿ընդարձակեն համագործակցութեան դաշտը երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ։

Զ․Լ․
«Յուսաբեր», 19/09/2020

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company