ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Մենք Դաշնակցութեան Իրաւունքը Չէ, Որ Կը Պաշտպանենք, Այլ Հայութեան Իրաւունքը

01 Նոյեմբեր 2018 Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Նահարքոմ սայիտ» յայտագիրէն հարցազրոյց կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:

Սայտայի պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ ծայր առած բախումներուն առնչութեամբ իր կեցուածքին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ պաղեստինեան զէնքը, եւ զէնքը ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ պէտք է ծառայէ գերագոյն նպատակներու իրականացման եւ ոչ թէ ներքին կռիւներու: «Արաբական երկիրներուն մէջ մենք այդ զէնքերով մենք մեզ սպաննեցինք շատ աւելի մեծ տարողութեամբ, քան` իսրայէլացիներ: Իսրայէլ ձեռնածալ նստած կը դիտէ, որովհետեւ մենք արդէն զիրար կը սպաննենք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս հարցին առնչութեամբ շատ վճռական որոշում պէտք է տայ, որովհետեւ, թէկուզ գաղթակայանը պաղեստինեան է եւ հոն ապրողները` պաղեստինցիներ, բայց եւ այնպէս անոնք մեր եղբայրներն են, անմեղ ընտանիքներ ու մանուկներ, որոնք յանցանք չունին: Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է համապատասխան օրէնքներն ու համաձայնութիւնները տառացիօրէն գործադրուին, որպէսզի այս հարցը վերջնական եւ վճռական լուծում գտնէ` աւելցնելով, որ պաղեստինեան դատին նկատմամբ յարգանք ունենալով հանդերձ, գաղթակայաններուն մէջ զէնքի առկայութիւնը անընդունելի եւ անտեղի է:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ մթնոլորտը դրական է, սակայն տակաւին կարելի չէ վերջնական թուական ճշդել: Անոր համաձայն, կարելի էր նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին կազմել կառավարութիւնը, բայց հիմնական հարցը այն է, որ բոլորը իրենց մտքերուն մէջ ունին երեւակայական տեսութիւն մը, թէ նախարարութիւններուն մէջ կան տարբերակումներ` աւելի լաւ, արժէքաւոր, ուժային, կիսաուժային, ծառայողական եւ այլն, իսկ քաղաքական կուսակցութիւններ, կողմեր կամ համայնքներ ընտրութիւն կը կատարեն համապատասխան իրենց նախընտրութեանց: Ան զարմանք յայտնեց այս գծով` դիտել տալով, որ նախարարութիւնները կոչուած են ծառայելու ժողովուրդին եւ երկրին, ուստի պէտք չէ մտածել այնպէս, որ նախարարութիւններուն ընդմէջէն անձնական շահեր ապահովուին` հաստատելով, որ նախարարներու նշանակումը պէտք է ըլլայ տուեալ անձերու մասնագիտութեան եւ հմտութեան հիման վրայ եւ ոչ համայնքներու: Ըստ անոր, հիմնական հարցը կարկանդակի բաժանումն է` բոլորը գոհացնող շերտերով: Երեսփոխանը շեշտեց, որ պէտք չէ նախարարը մտածէ այնպէս, որ ինք տէրն ու թագաւորն է այն նախարարութեան, զոր կը ստանձնէ, որովհետեւ նախարարութիւններուն դերակատարութիւնը այդ չէ, այլ հաւաքական աշխատանքով երկրի բարգաւաճման ու բնական պայմաններու ապահովման ի խնդիր գործելը:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ դրուած պահանջները արդարացի՞ են` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ եղած համաձայնութեան հիման վրայ է, որ նախարարութիւններ բաժնուելու պարագայ կայ այսօր: Ըստ անոր, հարցը թիւի կամ ներկայացուածութեան չի վերաբերիր, ցաւ ի սիրտ, այլ ունենալու այնպիսի եւ այնքան նախարարութիւններ, որ տուեալ կողմը զօրաւոր ըլլայ, մրցի միւսին հետ: Երեսփոխանը նկատել տուաւ, որ կարելի չէ այդպէս շարունակել, պէտք է ընդունիլ, որ հարցը Լիբանանի լինելիութեան կը վերաբերի, պէտք է գիտակցիլ, որ կ՛ապրինք Լիբանանի մը մէջ, որ բոլորիս է, կարիք ունի մեր հաւաքական աշխատանքին ու գործակցութեան` քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, որոնք պէտք է մէկզմէկու զօրացնեն, այլապէս կացութիւնը պիտի շարունակուի այսպէս, եւ ժխտական պատկերը աւելի պիտի շեշտուի:

Յակոբ Բագրատունի նկատել տուաւ, որ հարց գոյութիւն ունի Լիբանանեան ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ անոնց իրաւունքն է երկիրը անդամալուծել այսքան ամիսներ` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնները միշտ ալ կրնան առկայ ըլլալ ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, սակայն անոնք պէտք չէ վնաս հասցնեն երկրին, ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը խոչընդոտեն ու մոռացութեան տան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխանը ըսաւ, թէ 2005 թուականէն ի վեր մինչեւ օրս ՀՅԴ-ն դաշնակից է Ազգային ազատ հոսանքին հետ, որուն կողքին կանգնելու վերաբերեալ փաստերու կարիք չունինք: «Մենք իշխանութեան հետ ենք եւ օժանդակեցինք զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն` զայն նկատելով մեր նախագահը», աւելցուց ան: Լիբանանեան ուժերուն հետ յարաբերութիւնները բնական են, թշնամական մօտեցումներ չկան, քաղաքական տարակարծութիւններ ալ գոյութիւն չունին, երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին հանդիպումներ ունեցանք, սակայն կարելի չեղաւ որեւէ համաձայնութեան յանգիլ, որովհետեւ մենք նախընտրեցինք ունենալ Հայկական երեսփոխանական պլոք: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կապ կայ, եթէ ոչ ղեկավար մակարդակի վրայ, սակայն այլ մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնը առկայ է: Բայց եւ այնպէս հայկական ժողովրդային համակրանքը դէպի Ազգային ազատ հոսանք է:

Կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ ոչ մէկ կողմի կամ ղեկավարի շահերուն կը ծառայէ միւսին լուսանցքայնացումը կամ կառավարական կազմէն դուրս մնալը, որովհետեւ անհրաժեշտ է կազմել ազգային միասնականութեան, ազգային համակեցութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմողները պէտք է այնպիսի աշխատանք տանին, որ իրենց ներկայացուցած կողմերուն վարկը բարձր պահեն, արդարացնեն իրենցմէ եղած ակնկալութիւնը եւ փաստեն, որ եկած են դրական ներդրում ունենալու: Անոր համաձայն, այս դարը ընկերային ցանցերու ժամանակաշրջան է, այնպիսի փուլ է, որ հաշիւ պահանջողները իրենց ձայնը կը բարձրացնեն տարբեր ձեւերով, իսկ բոլորիս պարտականութիւնն է նկատի առնել ժողովուրդին հաշուետու ըլլալու պարագան, միայն խօսքով չբաւարարուիլ, այլ գրասենեակներէն դուրս գալով իսկական փոփոխութիւն բերել: «Մենք պէտք է քաջալերենք ժողովուրդը, որ հաշիւ պահանջէ, որ իրեն տրուած խոստումներուն գործադրութիւնը տեսնէ», աւելցուց ան` դիտել տալով, որ նման բան ընելու իսկական իրաւունք ունի ան, որ մասնակից է տարբեր տեսակի աշխատանքներուն, որ իր խօսքը ունեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որ կարծիք ու կեցուածք ունի, եւ ոչ այն անձը, որ ոչինչ կ՛ընէ, ընտրութիւններուն նկատմամբ անտարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ, սակայն աւելի ուշ ընկերային ցանցերուն մէջ մնայուն կերպով կը քննադատէ:

«Էլ. Պի. Սի.»-ի լրագրողին յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր լիբանանահայութեան պահանջին` կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու: Երեսփոխան Բագրատունի նախ յստակացուց, որ ասիկա պահանջ չէ, այլ իրաւունք, որ Թաէֆի համաձայնութենէն ի վեր ի զօրու է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ 28 հոգի հաշուող կառավարութեան մէջ հայութիւնը միշտ երկու նախարար ունեցած է`յիշեցնելով, որ նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի վարչապետութեան օրով էր միայն, 2003-ին, երբ հայութեան միայն մէկ նախարարութիւն տրուեցաւ` յանձինս Սեպուհ Յովնանեանին, որ շուրջ երկու ամիս իբրեւ բողոք չմասնակցեցաւ կառավարութեան աշխատանքներուն, եւ այդ օրուան տեղեկատուութեան նախարարը` Ղազի Արիտի օրին յայտարարեց, որ ատիկա վերջին անգամ էր, որ 30 հոգինով կառավարութեան մէջ միայն 1 հայ նկատի կ՛առնուի:

Երեսփոխանը շեշտեց, որ հայ ըսելով միայն առաքելական համայնքը նկատի չունի, այլ ընդհանրապէս համայն հայութեան մասին է խօսքը: Ըստ անոր, փորձ կատարուեցաւ հայութեան բաժինը տալ փոքրամասնութիւններուն, իսկ նման քայլի մը հայութեան մերժումը երբեք չի նշանակեր, որ ան դէմ է անոնց նախարարութիւն մը վերապահելու, ընդհակառակն` հայութիւնը կը պահանջէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքի յարգումը, նաեւ ասորի համայնքը հայութեան եղբայր կը նկատէ, իսկ Հապիպ Աֆրամը մեզի բարեկամ եւ սիրելի է, ուստի հարցը փոքրամասնութիւններուն իրաւունքը անտեսելու չի վերաբերիր, այլ հայութեան իրաւունքը ուրիշներու տալու: Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի զիջի իր երկու աթոռներէն, ուրիշներ շատ աւելին ունին, եթէ զիջումի հարց կայ, ուրեմն թող ուրիշներ ընեն այդ մէկը եւ ոչ թէ ամէն կառավարութեան կազմութեան թիրախ դառնան հայութեան երկու նախարարութիւնները, շեշտեց ան:

Լրագրողը ուզեց գիտնալ, թէ այս հարցով վերջնական որոշում տրուած՞ է արդէն: «Ես գիտեմ, որ նախորդ 4-5 ամիսներուն Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ան հաստատեց, որ մէկ նախարարը Դաշնակցութեան վերապահուած է: Իսկ երկրորդը` վարչապետ Հարիրիի չափաբաժինին մէջ նկատի առնուած էր: Աւելի ուշ, երբ Հարիրի դժուարութեան հանդիպեցաւ, կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որ երկրորդ հայ նախարարը ըլլայ հանրապետութեան նախագահին բաժինէն: Նոյնիսկ հասանք այնպիսի փուլ մը, երբ մենք 4 անկախ հայ թեկնածուներու, որոնց կարգին երկու կիներ, անուններ ներկայացուցինք, իսկ կիներէն մէկն ալ քաղաքացիական ընկերութեան անդամ է, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեր դէմ առաջադրուած էր, սակայն յարմար է նախարարութիւն ստանձնելու: Ես չեմ խօսիր կուսակցութեան իրաւունքին մասին, այլ համայնքին: Միշտ ալ այդպէս եղած է մեր կեցուածքը», յայտնեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ բոլոր համայնքներն ալ իրենց իրաւունքներուն կը կառչին, ինչո՞ւ միշտ կ՛ակնկալուի, որ հայութիւնը զիջի իր իրաւունքներէն: Լրագրողը հարց տուաւ, որ եթէ երկու նախարար չտրուի հայութեան, ի՞նչ պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան կեցուածքը. Յակոբ Բագրատունի պատասխանեց, որ երբ նման բան կատարուի, այն ատեն կուսակցութիւնը կը յայտարարէ իր դիրքորոշման մասին:

Ան նաեւ աւելցուց, որ հիմնական հարցը հայութեան իրաւունքի պահպանումն է, անկախ անկէ, թէ ո՛ր կողմին մաս կը կազմէ խնդրոյ առարկայ անձը` բացատրելով, որ եթէ կարելի ըլլար կազմել Հայկական երեսփոխանական պլոք մը, որ 5 կամ 6 երեսփոխանէ բաղկացած ըլլար, այն ատեն Դաշնակցութեան իրաւունքը պիտի ըլլար երկրորդ նախարարը ճշդել, իսկ ներկայիս կուսակցութիւնը մասնակից կ՛ըլլայ, կ՛օժանդակէ երկրորդ հայ նախարարի մը ապահովման, որովհետեւ ժողովուրդին խոստում տուած ենք հետամուտ ըլլալու հայութեան իրաւունքներու պահպանման: Ան նաեւ ըսաւ, թէ այս գծով հանդիպումներ կայացան հայկական քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն հետ, եւ երեք կուսակցութիւնները այս գծով հաղորդագրութիւն հրապարակեցին:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ՞ մնալ Դաշնակցութեան բաժինը` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ սկզբունքով այդպէս է, բոլորն ալ սկզբունքով համաձայնութիւն տուած են, որովհետեւ ներկայ նախարար Աւետիս Կիտանեանը, միւս կողմերուն ալ վկայութեամբ, յաջողեցաւ իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարար:

Սիւննիներու ներկայացուածութեան մասին խօսելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ անոնց իրաւունքն է աթոռ ունենալ, անկախ անկէ, թէ որո՛ւ բաժինէն կ՛ըլլայ անիկա` յոյս յայտնելով, որ այսքան սպասելէ ետք լաւ պիտի ըլլայ նուազագոյն վնասով կազմուած կառավարութիւն մը ունենալ ի վերջոյ:

Ըստ անոր, լիբանանեան տնտեսական վիճակը վատէն վատթարագոյնին կ՛ուղղուի, ուստի պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ եւ համախորհուրդ կազմել այս կառավարութիւնը, որ հաւանաբար մէկ օրէն միւսը բան պիտի չկարենայ փոխել, սակայն պէտք է յայտարարէ, թէ եկած է գործելու, կարելին ընելու, որպէսզի կացութիւնը բարելաւուի: Ան անտեղի ու անհեթեթ նկատեց տարբեր հարցերու գծով մէկզմէկու այպանելը, այլ պէտք է աւելի հեռու երթալ եւ մտածել լիբանանցիին մասին, որուն գրպանը ալ ոչինչ մնաց տոկալու եւ շարունակելու` շեշտելով, որ նախագահ Աունի երդման ճառին մէջ եղած խոստումներուն գործադրութեան ի խնդիր պէտք է գործել այլեւս, որովհետեւ ամօթով մնացած ենք ժողովուրդին առջեւ, որ սկսած է կորսնցնել իր հաւատքը պատասխանատուներուն նկատմամբ:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է սկսի բուրգին ամէնէն վերէն, եւ ոչ թէ զբաղինք պետական ամէնէն յետին պաշտօնեաներուն ստացած կաշառքով: Ան հաստատեց, որ ժողովուրդին իրաւունքն է ելեկտրականութիւն ունենալը, ցարդ վատնուած գումարով կարելի էր բազմաթիւ ելեկտրածին կայաններ հիմնել եւ վերջնականապէս լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս քաղաքացիներուն վերաբերող ամէն տեսակի թղթածրարներ` ունենալով համապատասխան ծրագիր, կանոն, պիւտճէ: «Կա՛մ այս բոլորը պէտք է ընենք, միասին գործենք, կա՛մ ալ բոլորս պիտի արտագաղթենք, եւ միայն փտածները պիտի մնան Լիբանանի մէջ», շեշտեց ան:

Վերջին բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի նոր եւ հին աղբանոցներուն: Երեսփոխանը ըսաւ, թէ պատերազմական տարիներուն այդ վայրը վերածուեցաւ աղբանոցի, ապա` լերան: «Մենք միշտ ալ կ՛ըսէինք, որ պիտի վերացնենք լեռը` ո՛չ թէ գեղագիտական առումով, այլ վնասակար ըլլալուն պատճառով: Սակայն այս թղթածրարը եւս քաղաքականացաւ, համայնքային բնոյթ ստացաւ: Ներկայիս վիճակը այն է, որ կան թափօններու թաղման վայրեր Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Քոսթա Պրաւայի մէջ: Ժտէյտէն յիշեցի, որովհետեւ հոն եւս նման վայր կայ, սակայն ոչ ոք կը խօսի այդ մասին, այլ միշտ, քաղաքական նպատակներէ մեկնած, թիրախը Պուրճ Համուտն է: Մարտին Պուրճ Համուտի մասը պիտի փակուի: Ներկայիս կայ առողջապահական բջիջ մը, որ երեք տարի առաջ կուտակուած աղբերը կը փոխադրէ եւ կը փակէ թաղման վայրը: Անկէ ետք անոր բարձրութիւնը պիտի սկսի նուազիլ եւ տարբեր ծրագիրներ մշակուիլ` կանաչ տարածք ունենալու համար 120 հազար քառակուսի մեթրի վրայ, որ կը պատկանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Այսպիսով կ՛աւարտի պատմութիւնը:

Բնական է, որ կան այլ հարցեր, նախորդ ամիսներուն կար գարշահոտութիւն, որ Պուրճ Համուտէն չէր, հետապնդեցինք անոր լուծումը», յայտնեց ան: Երեսփոխանը խօսեցաւ նաեւ աղբերու հրկիզման կեդրոններուն մասին` հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ նման ծրագիր չկայ: «Մարտին մենք մեր խոստումը յարգելով փակած կ՛ըլլանք Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը, իսկ ժամանակի ընթացքին պիտի սկսի այդ տարածքի բարելաւումը», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի` շեշտելով, որ 2-էն մինչեւ 5 տարի այդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատկանող 120 հազար քառակուսի մեթրը, եւ 95 հազար քառակուսի մեթր կանաչապատ տարածքը ամբողջութեամբ այլ դիմագիծ պիտի ստանան` այնպէս, ինչպէս խոստացած էինք:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company