ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ

ՀՅ Դաշնակցութեան օրը` հաշուետուութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր

31 Հոկտեմբեր 2020 «Նորութիւն է մեր կեանքի մէջ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Օր»-ը, որ հաստատուեց 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի կողմից եւ որ այսուհետեւ, ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամիսին պէտք է տօնւի ամէն տեղ, ուր ապրում են դաշնակցական գաղափարները դաւանող հայ աշխատաւորական զանգւածներ: Ամէն տարի դաշնակցական ընկերներն ու համակիրները պէտք է յատկացնեն մի օր՝ ապրելու համար դաշնակցութեան աշխարհայեացքով եւ ապագայ գործունէութեան ծրագիրներով, ընդհանուր գործին նւիրելով իրենց մէկ օրւայ աշխատանքի արդիւնքը»:

«ԴՐՕՇԱԿ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրգան, դեկտեմբեր, 1925, N 6, էջ 186:

ՀՅ Դաշնակցութեան տասներորդ Ընդհանուր ժողովը, որ գումարուած է Փարիզ 1924 նոյեմբեր 17-էն մինչեւ 1925 յունուար 17, որոշում կը հաստատէ այդ օրէն սկսեալ յիշատակել եւ տօնել «ՀՅԴ օր»-ը կամ «Մեր օր»-ը: Առ այդ, 1925 թուականին, աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր շրջան, ուր գոյութիւն ունի ՀՅԴ կազմակերպական կառոյց, սկիզբ կ’առնեն Դաշնակցութեան տօնակատարութիւններ եւ հանդիսութիւններ:
Այս մասին 1925 թուականին Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ վերահրատարակուած «Դրօշակ»-ի իրարայաջորդ թիւերուն մէջ լայն տեղ կը գտնեն Դաշնակցութեան օրուան նշումները:

Դաշնակցութեան օրուան յիշատակման առիթով կ’արժէ մէջբերել հոս «Դրօշակ»-ի 1926-ի թիւ 8-9-ի (օգոստոս-հոկտեմբեր)`Դաշնակցութեան օրուան յիշատակման երկրորդ տարուան առիթով «Արթուն եւ ամուր» խորագրուած յօդուածը, որուն առաջին հատուածով մեզի կը պատգամէ. «Հեռո՜ւ սնամէջ ցուցամոլութենէ, այդ «Օր»-ը կը յատկանշէ ինքնաճանաչման արտայայտութիւն մը, որ կազդուրիչ է ամէն կերպով: Ինչքան ալ կաղկանձեն «Հայոց պատմութեան» փերեզակները կամ իսկապէս ոճրապարտ հոգիները, «Դաշնակցութեան օր»-ը պիտի դառնայ նախատօնակը հաւատամքի մը, որ ամէն բանէ առաջ ինքն իր ուժին վստահելու, իր ճակատագիրը վարելու կորով ներշնչեց ստրկացած բազմութեան եւ ազգային գիտակցութեան առաջնորդեց բանաւոր հօտը»: Այնուհետեւ յօդուածը կ’աւարտի նշեալ խորագրի երկու բառերու յիշատակումով ու անոնց խորքի շեշտադրումով. ««Դաշնակցութեան օրը» եթէ հպարտութեան տարեդարձն է, միեւնոյն ատեն ազդարար մըն է բոլոր վեհերոտներուն եւ սկեպտիկներուն: Որովհետեւ, այսօրը այնքան յուսահատական չէ, ո՛րքան այն պահը, երբ «ֆետայի»-ն առանց փամփուշտի կը մնար լերան կատարը, իր աչքին առջեւ տեսնելով անզէն ժողովուրդին կոտորումը: Եւ վախճանը աւելի հեռու չէ, քան այն պահուն, երբ առաջին յեղափոխական խումբը կը կազմուէր տապալելու համար «Սուլթանին գահը»:
Արթուն՝ ինչպէս սահմանին վրայ կեցած պահակը, ամուր՝ ինչպէս Արարատը, մենք մեր ճամբան պիտի երթանք այն գիտակցութեամբ, թէ Դաշնակցութեան օրերը տօնի համար չեն, այլ քայլերգեր՝ «բախտաւոր օրերու» համար»:

ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական օրկանը, բնականաբար, արտայայտիչն ու պատգամաբերը կը հանդիսանայ այն մտքերուն եւ գործերուն, որոնք կը բնորոշեն ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալի արձանագրութեան ու գնահատութեան եւ վաղուայ ընելիքներու ճշդորոշման:

Դաշնակցութեան օրը ամէն բանէ առաջ հաշուետուութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր կը համարուի իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար եւ, բնականաբար, այդ իրականութեան առջեւ կը կանգնեցնէ մեզ: Միւս կողմէ լաւագոյն անդրադարձի օր է ոեւէ դաշնակցականի ու Դաշնակցութեան ուղեգիծի համակրողին համար:

Այս օրը պարտաւորութիւն է, որ կուսակցութիւնը ժողովուրդին հետ կիսի իր մէկ տարուան գործունէութիւնը, նաեւ իր սպասումներն ու ակնկալիքները: Այդ օրը միասնաբար կը նայինք Դաշնակցութեան անցեալին եւ կը տեսնենք հիմնադրութեան օրերը՝ իրենց գաղափարական հզորութեամբ, ֆետայական կռիւները՝ իրենց արիութեամբ, անկախութեան անհաւասար պայքարը՝ իր դիւանագիտական խիզախումներով, սփիւռքեան բազմատեսակ մարտահրաւէրները: Հոն յառաջիկայ տարուան համար քաղաքական, ազգային, հասարակական, մշակութային, ինչպէս նաեւ Հայ դատի, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական համագործակցութեան ուղղութիւններ ու պատգամներ կը փոխանցուին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վատ դերակատարութեանց, անոնց ծաւալապաշտական եւ ապակայունացնող քաղաքականութեանց մասին որդեգրուելիք նոր կեցուածքներ կը դրսեւորուին:

Այս օրը առիթ է երեք դարերու վրայ երկարող Դաշնակցութեան գործունէութեան հրապարակային ներկայացման` հեռու ինքնագովութենէ եւ հոխորտաբանութենէ, հարցերը մշուշապատ ներկայացնելէ: Այս օրը պէտք է ընկալել ոչ զգացական կերպով, այլ էապէս բարոյական, ոչ անիրապաշտական ու վիպապաշտական, այլ հիմնովին առարկայական, ոչ կարգախօսային ու բաղձանքային, այլ լրիւ գործնական ու ռազմավարական:
Մէկ խօսքով՝ յայտարարութիւններն ու գործը իրար հակադիր պէտք չէ ըլլան:

Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած ու անոր համար գործող կուսակցութիւնը կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր հետ եւ անոր համար, եւ ինչպէս միշտ պարկեշտօրէն ու վճռական կերպով ներկայացուցած է իր դժուարին ճամբան ու երբեմն անոր իրականացման նիւթական կարիքները, այդպէս ալ կ’ենթադրէ ներկայացնել չիրագործուած ու ձախողած ծրագիրներէն քանի մը հատը անպայման:

Քաջ գիտակցելով, պատմութեան դիմաց կանգնած՝ կ’անդրադառնանք անցեալէն մեզ ժառանգուած պարտաւորութեան, կը ստիպուինք ստանձնել այդ պարտաւորութիւնը եւ քալել դէպի ապագան` ըլլալով յեղափոխական, ազգային ու ընկերային արդարութիւն հետապնդող կուսակցութիւն, անցեալէն դասեր քաղելով` ապագայի ծրագիր մշակել:

Վերջապէս, վերոնշեալ պատմական տուեալները, Դաշնակցութեան էութիւնն ու գաղափարական ուժականութիւնը մեր մտապատկերին մէջ կը քանդակեն եւ կ’արմատաւորեն, թէ որքա՛ն դժուար է Դաշնակցութեան օրուան խորհուրդը ձեւակերպել:

ՀՅԴ հզօր նկարագիրն ու բարոյականութիւնը՝ անոր երեքդարեայ ժառանգը, մեզի կը մղեն յարատեւ պայքարի մարտունակութեան, իրաւունք չունինք աղաւաղելու եւ տկարացնելու զայն: Այս կուսակցութիւնը թուլութիւն եւ տկարութիւն չի ճանչնար: Մեզմէ կը պահանջուի բարոյականի բարձր գիտակցութեամբ եւ գաղափարական հզորութեամբ կրկնակի միտք ու գործ` հեռու ցուցամոլութենէ ու եսակեդրոնութենէ:

Դաշնակցութեան էութիւնը հասկնալով` մենք կը հիմնաւորենք օրուան խորհուրդն ու պատգամը, որ կը խտանան երեք հիմնական յատկանիշներու մէջ` ազգային-հայրենասիրական, յեղափոխական-ազատագրական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական, որոնք բնականաբար ամրագրուած են կուսակցութեան ծնունդէն ի վեր եռախորհուրդ սիւներու վրայ` իբրեւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

«Դրօշակ», թիվ 10 (1644), հոկտեմբեր, 2020 թ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արմէն Ռուստամեան հանդիպում ունեցաւ Գան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ուրբաթ՝ մարտ 6-ին, Վանքուվըրի մէջ

07 Մարտ 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստա

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ փետրուար 26-էն ի վեր կը գտնուի

07 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռու

Հինգշաբթի մարտ 5-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպումնե

07 Մարտ 2026
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ՀՅԴ Բի

Երկուշաբթի, 2 մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.

07 Մարտ 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջական

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

07 Մարտ 2026
Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկր

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հեր

06 Մարտ 2026
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակար

Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը

06 Մարտ 2026
Գանատայի մէջ 17 նորագիրներ միացան ՀՅԴ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին՝ անցնող շաբթուան ընթացքին Գան

06 Մարտ 2026
Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա

06 Մարտ 2026
Դուք շարունակում եք մնալ հայկական իրակ

Նիկոլ Փաշինյան, Հայաստանի, հայ ժողովրդի, ազգային անվտանգության թիվ մեկ սպառնալ

06 Մարտ 2026
Ինչո՞ւ Սփիւռքի Նուիրուած Խորհրդաժողով

Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտ

06 Մարտ 2026
Հայաստանի համար մասնատված Իրանը կարող

Մարտի 5-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագ

06 Մարտ 2026
Իրանեան փորձաքարը՝ պո՞ւմ, թէ՞ պումըրան

Յունիս 2025-ին ալ կացութիւնը լարուած էր։ Ա․Մ․Ն․ եւ Իսրայէլ միասնաբար սկսած էին

06 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռո

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի մասնակցելու

05 Մարտ 2026
Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին

05 Մարտ 2026
Կանխել է պետք Հայաստանի՝ կցորդ պետությ

ՀՅԴ 135-ամյակի տոնակատարությունների շրջանակում Կանադայում գտնվող ՀՅԴ Բյուրոյի

04 Մարտ 2026
Լիբանանում անհանգիստ ու անորոշ վիճակ է

«Այս պահի դրությամբ հայկական համայնքային կենտրոնները չեն տուժել, մարդկային կո

04 Մարտ 2026
Դաշնակցութեան մշտնջենաւոր այժմէականութ

Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դիմագրաւա

04 Մարտ 2026
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Հայաս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Արսեն Համբարձումյանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկ

04 Մարտ 2026
Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

Կ՛ըսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները դրական ընթացք

04 Մարտ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company