ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Թոյլ Չտալ Որ Ժողովուրդը Յաղթէ Ազգին

15 Հունվար 2021

Արցախեան պատերազմին մասնակից, յաղթութեան բերկրանքն ու հպարտութիւնը ճաշակած, այնուհետեւ փլատակներէն յառնող Արցախ աշխարհի ծաղկման ու զարգացման երջանկութիւնը ապրած, վերջին պատերազմին անմնացորդ մարտնչած հայրենապաշտ ազատամարտիկը, ի տես դաւադրութեամբ ստեղծուած պարտութեան եւ տիրող համատարած ողբերգութեան, զայրոյթն ու ցասումը բռունցքներուն, խոր հառաչանքով կը մրմնջէ. «Այս ինչպէս եղաւ, որ ժողովուրդը յաղթեց ազգին»: Շարունակելով կ՛ըսեմ. «Այն ազգին, որ քանի մը տասնամեակներ առաջ, ներկայի հնարաւորութիւններէն զուրկ, աւելի վատ պայմաններու տակ, իր լաւագոյն որդիներու արեան գնով, կարողացեր էր ազատագրել Հայաստանի դարպասը եղող՝ չքնաղ Արցախը»:

Նիկոլ Փաշինեանն ու իր աղանդաւոր խմբակը եկան խորտակելու Արցախով վաստկած մեր ազգային արժանապատուութիւնը, յաղթանակի հպարտութիւնը, հողահաւաքի-պահանջատիրութեան իրաւունքը եւ հայկեան մեր վարքն ու բարքը: Նիկոլ Փաշինեանը եկաւ պատուէրով, խաւարի ուժերուն կողմէ տրուած յստակ օրակարգով. հողերը յանձնել, Հայաստանը վերածել տարածքի, հայերը՝ ազգային արժէքներէ պարպուած, ստամոքսով երջանկացող անդիմագիծ զանգուածի:

ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեանի առաջին քայլարշաւին հետեւող, ազգային եւ միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող, աշխարհի իրադարձութիւններուն մօտէն ծանօթ, նաեւ իր խօսքերուն տողատակներուն թափանցող իւրաքանչիւր բանիմաց հայ մարդ, չէր կրնար չտեսնել ու կռահել գալիքը: Ան գառնուկի մորթով եկաւ, կրկնելով նոյն յանկերգը. «Ժողովուրդ ջան, սիրում եմ ձեզ, խոնարհում եմ ձեր առաջ… Նոր Հայաստանի մէջ դուք պիտի ապրէք ազատ ու երջանիկ. Սա նոր Հայաստան է»: Ան երբեք չի գործածեց՝ անկախ, ազգ, ազգային պետականութիւն, համերաշխութիւն, միասնականութիւն բառերը: Այնքան «նոր Հայաստան, նոր Հայաստան» վանկարկեց, որ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ հինաւուրց Հայաստանին եւ անոր հազարամեայ մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան վրայ լախտ կ՛իջեցնէր: Անշուշտ յետագայ բոլոր քայլերը ցոյց տուին լախտի առկայութիւնը: Դժբախտաբար ժողովուրդին հետ ազգն ալ պահ մը արբեցաւ Քաջ Նազարեան մեծ խօսիկութեամբ «ազատ եւ երջանիկ» ապրելու, բարեփոխումներ կատարելու խոստումներով, «դուխով» եկող թաւշեայ յեղափոխականի սիրալիրութեամբ: Խաւարի «ասպետները» շատ լաւ ընտրութիւն կատարած էին հայ ժողովուրդին մէջէն ընտրելով՝ սանձարձակ, անհաւասարակշիռ, ամբոխավար, ազգին եւ հայրենիքին դաւաճանելու յանձնառու, հայուն ամէնէն անազնիւ տեսակը, յանձինս Նիկոլ Փաշինեանին:

Ասկէ 2-3 տարի առաջ, երբ տանս նստած վերապահութեամբ կը հետեւէի առաջին քայլարշաւին, հեռաձայնս հնչեց: Հայաստանցի իմ երիտասարդ բարեկամուհիս էր. խանդավառութեամբ կ՛աւետէր իր մասնակցութիւնը «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Համբերութեամբ լսեցի. չէի ուզեր ուրախ տրամադրութիւնը փճացնել եւ իր սխալ կողմնորոշման համար վիրաւորել զինք: Սակայն ըսի, թէ չափազանց վերապահ եմ եւ կը ցաւիմ, որ չեմ բաժներ ուրախութիւնը, բայց կը յուսամ ու կը մաղթեմ, որ չի հիասթափուիր, աւելցնելով. «Մի զարմանար եթէ օր մը իրեն ալ ըսեն. «Նիկոլ հեռացիր»»: Շատ զարմացած, այսքան վստահ դիրքորոշմանս պատճառը ուզեց հասկնալ. պատասխանեցի. «Այլ երկիրներու թաւշեայ յեղափոխութեանց դառն հետեւանքները եւ ներքին ձայնիս թելադրանքը. ըսուած է, որ քաղաքականութեան մէջ ներքին ձայնին դերը որոշիչ է: Հետեւաբար համոզուած եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը արտաքին ուժերու պատուէրով եկած է, ապագային գործունէութիւն ծաւալելու»:

Քանի մը ամիսներ յետոյ, երիտասարդ բարեկամուհիս, լսելով ու տեսնելով Նիկոլ Փաշինեանի, վարչապետի անյարիր կեցուածքին ու բառամթերքին, պառակտիչ խօսքերը, ատելութեան սերմանումը, սեւ-սպիտակի, նախկիններ-նորերու բաժանարար դերը, Արցախեան պատերազմի հերոսները նսեմացնող, կարեւոր նախարարութիւններ ջնջող, Առաքելական եկեղեցին արհամարհող, մանաւանդ վեհարանը պղծող եւ աւելի առաջ անցնելով, հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան` բարեփոխումներու անուան տակ ապազգայնացնելու իր շարունակական սադրիչ արարքները, հիասթափեցուցեր էին բանասիրութեան դոկտորայի թեկնածու հայրենասէր հայուհիին: Ան հարց տուաւ. «Առաջին օրէն ինչպէ՞ս գիտէիք Փաշինեանի ազգավնաս ծրագիրներով եկած ըլլալը»: Կրկնեցի նախապէս տուած պատասխանս. «Այլ երկիրներու փորձով, ակնյայտ օրինակներով»: Ուրախ էի, որ անդրադարձեր էր ու կը գիտակցէր իրականութեան: Բայց ափսոս, որ «ազատ ու երջանիկ» ապրելու իղձով տարուած խաւը չնկատեց ազգը թուլացնող, օղակ առ օղակ հիւսուող վտանգը եւ ժամանակին պաշտօնանկ չըրաւ ոգեղէն հայրենիքը քանդելու, ապա հողեղէնը վաճառելու կոչուած դաւաճանին:

Այսօր ազգովին կը գտնուինք ծանր, շատ ծանր ողբերգութեան առաջ: Կորսնցուցինք մեծ Հայաստանի փոքր մասնիկը եղող՝ դրախտավայր Արցախը: Կորսնցուցինք հազարաւոր քաջարի, սիրուն զինուորներ, որոնք իրենց սիրած աղջիկներուն հետ միասին ապագայ մեր զինուորները, գիտութեան, պատմութեան, մէկ խօսքով՝ մշակոյթի պահապանները պիտի ծնէին: Իսկ գերի ինկած մեր զինուորները… Սարսափով ու մղկտանքով կը մտածեմ անոնց մասին, գիտակցելով թշնամիին վայրագութեանն ու դաժանութեանը: Հապա մեր հաշմանդամնե՞րը, անոնց հոգեկան վիճակը, տառապանքը: Անոնք երբեք պիտի չմոռնան եւ իրենց ներկայութեամբ միշտ պիտի յիշեցնեն դաւադրութեամբ ստեղծուած այս ահաւոր աղէտը:

Այսօր լոյսի երկիր Հայաստանը, Արցախն ու համայն սփիւռքահայութիւնը խաւարի ու սուգի մէջ կը տուայտին: Հայ մարդուն ողնասիւնը ուժգին հարուածուած, ազգային արժանապատուութիւնը խորապէս վիրաւոր, խաբուած ու դաւաճանուած, աղէտի ծանրութեան տակ կքած, գլուխը բարձրացնելու անզօր, անէծքի անվարժ իր լեզուով կ՛անիծէ այն օրը, երբ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, ազգուրաց քայլականները բազմեցան ազգային աթոռներու վրայ: Ներկայի ողբերգութեան գլխաւոր պատասխանատուներն են Նիկոլ Փաշինեանն ու իր «Եռատօ թագուհի» կինը՝ Աննա Յակոբեանը, որ աւելի վտանգաւոր է քան Նիկոլ Փաշինեանը: Յիշենք, որ հայոց պատմութեան մէջ Եռատոն հաւասար է դաւաճանութեան: Աննա Յակոբեանը, եթէ ազգային գաղափարախօսութիւն կրող հայուհի ըլլար, վստահօրէն պիտի նախընտրէր իր ջոկատը անուանել «Սօսէ» կամ «Փառանձեմ» եւ ոչ թէ «Եռատօ». նաեւ պիտի յորդորէր իր ամուսնոյն, որ յանուն ազգին եւ հայրենիքին, հրաժարի փառքի աթոռէն: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. անոնք ի սկզբանէ եկած էին դաւաճանելու: Սակայն ոչ ոքի մտքով կ՛անցնէր այսքան ստոր դաւաճանութիւն: Արեամբ ազատագրուած հող հայրենին` գողտրիկ Արցախը 30 արծաթով ծախել ետք թշնամիին, ան կը շարունակէ մաս առ մաս Ատրպէյճանին նուիրել Նժդեհեան սերունդի արեամբ շաղախուած Սիւնիքի, Որոտանի շրջաններէն հողամասեր: Անցեալին քոչուոր թաթարները վախով եւ խնդրանքով կու գային իրենց հօտերը առածելու մեր կանաչազարդ դաշտավայրերուն եւ սարերուն վրայ. այսօր, նոյն թաթար ցեղի զինուորները, օր ցերեկով, սանձարձակ կը զետեղեն իրենց կանաչազարդ դրօշակները մեր հինաւուրց հողերուն վրայ: Սահմռկեցուցիչ տեսարան հայ մարդուն համար: Հայաստանը մատնուած է անտէրութեան. ոչ մէկ հակազդեցութիւն թշնամիին ոտնձգութիւններուն համար:

Իշխանութիւնը իր լռութեամբ իր համաձայնութիւնն եւ մեղսակցութիւնը: Ազգը երբեք պիտի չներէ թշնամիին առջեւ ծունկի եկած, սեփական ժողովուրդը տնազուրկ, հայրենազուրկ դարձուցած, հայկեան տոհմն ու հայրենիքը թշնամիին ու աշխարհին առջեւ նուաստացուցած Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր անողնաշար խմբակին:

Հողի եւ մարդուժի կորուստով խոր ցաւի տակ ինկած, ազգի եւ հայրենիքի ապագայով մտահոգ, անզօր ու անճար կը խորհրդածեմ. «Այս մղձաւանջէն յետոյ, արդեօք մեր պատանիներն ու երիտասարդները պիտի կարողանան նոյն թափով ու երգել՝ «Արարատի գլխուն դրօշ պիտի դնենք վաղ թէ ուշ, հրով լինի, սրով լինի, պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»։ Ներսիդիս նստած հայկեան եւ նժդեհեան հզօր ոգիներու թելադրանքով, տխուր պահի կասկածներս իրենց սաղմին մէջ խեղդելով, յուսահատութիւնս թօթափած, մէջքս ուղղած եւ հայեացքս դէպի երկինք, հաստատակամ կը բացագանչեմ. «Այո, պիտի կարողանան, պիտի կարողանանք ազգովին, աւելի ուժեղ հնչեղութեամբ երգել, նաեւ ուսուցանել զայն մեր զաւակներուն եւ թոռներուն եւ այսպէս շարունակաբար, միակամ ու միասնական երգելով ու մարտնչելով, ետ պիտի բերենք ինչ որ դարերով պատկանած է մեզի: Նախ, անհայրենիք Փաշինեանի, թեթեւ ձեռքոց թշնամիին յանձնուած Արցախ աշխարհը, ապա գրաւեալ հողերը՝ «Մըր Էրկիրը»: Այն ատեն, միայն այն ատեն, վերականգնուած արժանապատուութեամբ, հպարտօրէն, միասնաբար պիտի կարենանք զետեղել հայոց դրօշը Արարատի գագաթին:

Երգը իրականութիւն դարձնելու համար պարտաւոր ենք այսօրուընէ ազգովին որոշել՝ ապրիլ համեստ կեանքով եւ անմնացորդ սատարել մեր գոյութեան, անվտանգութեան երաշխիքը եղող Հայոց Բանակին, զայն զինելով արդիական ամենահզօր զինամթերքներով: Քանի անքաղաքակիրթ, գազանաբարոյ, հարեւաններ ունենալու դժբախտութիւնը ունինք, մեր զաւակները, մարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներով ու առաքինութիւններով դաստիարակելով մէկտեղ, պարտաւոր ենք անոնց մէջ դրոշմել ռազմական ոգի, «ատամն ատամայ, ակն ակնայ»ի սկզբունքով: Մեր վայրագ թշնամիին միակ լեզուն այս է? եթէ չենք ուզեր ստրուկ մնալ, պիտի խօսինք իր լեզուով:

Պատմութիւնը շատ դասեր տուած է, սակայն «խելքի չենք գալիս»: Սոյն պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ որքան կարեւոր է բանակին կողքին ունենալ ազգային եւ միջազգային գիտելիքներով, մանաւանդ հայրենասէր եւ ուժեղ քաղաքական իշխանութիւն: Ծափ ու թափ տուող ժողովուրդը սխալեցաւ իր ընտրութեան մէջ:

Այսօր ժամանակն է հայկեան անշեղ լոյսով խաւարը ցրուելու, ցորենը որմէն, ազնիւ հայը ազգուրաց աղանդաւորներէն զատորոշելու եւ ըստ այնմ ընտրութիւն կատարելու եւ ընտրելու՝ կրթուած, պաշտօնին համապատասխան մասնագիտութեան տէր, հայապաշտ եւ հայրենապաշտ քաղաքական ղեկավարներ, որոնք չեն վաճառուիր եւ չեն վաճառեր, այլ աչքի լոյսի նման կը պահեն ու կը պահպանեն հող հայրենին, իր ամբողջական սահմաններով, ազգային պետականութեամբ, մշակոյթով, մէկ խօսքով՝ ազգային ինքնուրոյնութեամբ: Ղեկավարներ, որոնք իրենց համեստ ու պարկեշտ կենցաղով, խիզախութեամբ, արդարադատութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ օրինակ ծառայելով, կը ձեւաւորեն այնպիսի հասարակութիւն, որ գիտակցելով իր քաղաքացիական իրաւունքներուն, պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն, նաեւ ազգային արժէքներուն, կը մարմնաւորէ հզօր ազգը, որուն զաւակները մարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներով զինուած, չորս ծագերէն փչող քամիներուն դէմ աներեր, հաւատարիմ արմատներուն, թոյլ չեն տար, որ ներկայ ժամանակներու աշխարհակալ Սորոսները ու իրենց հովանաւորած աղանդաւորները յաղթէ ազգին եւ յանդգնի որոշել անոր ճակատագիրը:

Այս բոլորէն յետոյ, արիասիրտ ազգ իմ, «Մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս»:

Խունկ ու աղօթէ մեր պանծալի զինուորներուն յիշատակին:

Երախտագիտութիւն եւ մխիթարութիւն որդեկորոյս մայրերուն եւ հայրերուն:

ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

asbarez.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company